Category: Հայկական

Դաւիթ Ջամալեան` Հայաստանի  Պաշտպանութեան Նախարարի  Խորհրդական

Դաւիթ Ջամալեան` Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի Խորհրդական

August 21, 2013

Հայաստանի  պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի որոշումով` Դաւիթ Ջամալեան նշանակուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական:       Շարն.

Սապիրօղլու. «Կարմիր Խաչի Պաքուի  Գրասենեակի Ներկայացուցիչները  Այսօր Պիտի Այցելեն Ինջիղուլեանին

Սապիրօղլու. «Կարմիր Խաչի Պաքուի Գրասենեակի Ներկայացուցիչները Այսօր Պիտի Այցելեն Ինջիղուլեանին

August 20, 2013

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Էլտար Սապիրօղլու յայտարարած է, որ ոչ մէկ խոչընդոտ կայ եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան Պաքուի գրասենեակի ներկայացուցիչները կրնան հանդիպիլ ... Շարն.

Զուիցերիոյ Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները  Յանձնեց Նախագահ Սարգսեանին

Զուիցերիոյ Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նախագահ Սարգսեանին

August 20, 2013

Կասեր եւ նախագահ Սարգսեան Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները  յանձնեց Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ նոր նշանակուած դեսպան Լուքաս Կասեր: Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց դեսպանը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց ... Շարն.

Հայաստան Ձեռք Բերած Է Չինական  «Էյ. Ար. 1 Էյ.» Հրթիռային Համալիրներ

Հայաստան Ձեռք Բերած Է Չինական «Էյ. Ար. 1 Էյ.» Հրթիռային Համալիրներ

August 20, 2013

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի զինեալ ուժերը համալրուած են համազարկային կրակի հրթիռային նոր համալիրներով, որոնց հեռահարութիւնը կը հասնի մինչեւ 130 քիլոմեթրի: Սակայն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի աղբիւրները չեն նշեր համալիրներուն ... Շարն.

Պոլսոյ Մէջ Տպագրուած Է Հայ Համայնքին  Եւ Եկեղեցւոյ Պատկանող Գոյքի Ցանկը

Պոլսոյ Մէջ Տպագրուած Է Հայ Համայնքին Եւ Եկեղեցւոյ Պատկանող Գոյքի Ցանկը

August 20, 2013

Ռուբէն Մելքոնեան Շուրջ մէկ տարի առաջ Պոլսոյ մէջ հայ եւ թուրք մտաւորականներու եւ գիտնականներու ջանքերով` սահմանափակ տպաքանակով տպագրուած է հազար էջնոց աշխատութիւն մը, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մինչեւ 1915 եւ ... Շարն.

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը  Պատրաստ Է Օգնելու Հայաստանի  Կենսոլորտի Միջավայրի Պահպանման

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Պատրաստ Է Օգնելու Հայաստանի Կենսոլորտի Միջավայրի Պահպանման

August 20, 2013

Ճոն Հեֆըրն Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաւատարիմ է կենսոլորտի պահպանութեան իմաստով Հայաստանի հետ համագործակցութեան: Իր տեսապլոկին վրայ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն: Կենսոլորտի ... Շարն.

Զինադադարի 350 Խախտում` Մէկ Շաբթուան Մէջ

August 19, 2013

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 11-17 օգոստոս Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութիւնը խախտուած է 350 անգամ. տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած ... Շարն.

«Մեզի Համար Թերեւս Ամէնէն Ձեռնտուն  Պիտի Ըլլար Ընտրութեան Ալիեւի Յաղթանակը»  Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

«Մեզի Համար Թերեւս Ամէնէն Ձեռնտուն Պիտի Ըլլար Ընտրութեան Ալիեւի Յաղթանակը» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

August 19, 2013

Շաբաթ օր Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ-2013» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան Հայաստանի համար ո՞վ է նախագահի ամէնէն նախընտրելի թեկնածուն, ... Շարն.

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան  Նախարարութիւնը Մեկնաբանեց  Գերիներու Փոխանակման Առաջարկը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Մեկնաբանեց Գերիներու Փոխանակման Առաջարկը

August 19, 2013

Էլտար Սապիրօղլու Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեկնաբանեց ազրպէյճանցի գերի Ֆիրուզ Ֆարաճովի հետ 8 օգոստոսին ազրպէյճանական տարածքին մէջ գերեվարուած հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի փոխանակման հարցը քննարկելու պատրաստակամութեան մասին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը: ... Շարն.

Արցախի Մէջ.  Նախագահ Սահակեան Այցելեց Շուշիի  Երկրաբանական Թանգարան

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Այցելեց Շուշիի Երկրաբանական Թանգարան

August 19, 2013

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 օգոստոսին այցելեց Շուշի քաղաքին մէջ կառուցուող երկրաբանական թանգարան եւ ծանօթացաւ այնտեղ տարուող աշխատանքներուն: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց նման հաստատութեան առկայութիւնը Արցախի մէջ` նշելով, որ ... Շարն.

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Կը Յղէ Ռուէյսի Պայթումին Առիթով

August 19, 2013

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին` 15 օգոստոսին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով, որուն պատճառով տասնեակ մը մարդիկ զոհուեցան եւ ... Շարն.

Նախագահ Փութին Չէ Այցելած  Պաքուի Նահատակներու Գերեզմանը

Նախագահ Փութին Չէ Այցելած Պաքուի Նահատակներու Գերեզմանը

August 19, 2013

Անցեալ շաբաթ Ազրպէյճան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ այցելած Պաքուի Նահատակներու գերեզմանատունը: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յատուկ ջանք կը թափէ, որպէսզի Պաքու այցելող օտար բարձրաստիճան քաղաքագէտներ անպայմանօրէն ... Շարն.

«Տէր Ողորմեա»` Գերի Ինկած  Հայ Զինուորին Համար

«Տէր Ողորմեա»` Գերի Ինկած Հայ Զինուորին Համար

August 19, 2013

Երէկ` Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ, «Տէր Ողորմեա»-ն նուիրուեցաւ վերջերս ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանը հատած հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանին: Սուրբ պատարագի ընթացքին` հայր սուրբը հաւատացեալներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց ... Շարն.

Վանի Մէջ Հայ Եւ Թուրք  Գործարարներու Հանդիպում

Վանի Մէջ Հայ Եւ Թուրք Գործարարներու Հանդիպում

August 19, 2013

Գործարարական վեհաժողովէն պահ մը Թրքական «Հապեր3» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վանի երիտասարդ գործարարներու միութեան եւ Հայ արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ հայ եւ թուրք գործարարները ... Շարն.

Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ծանօթացաւ Հանրապետական Հիւանդանոցի Շինարարական Աշխատանքներու Ընթացքին

August 17, 2013

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող հանրապետական հիւանդանոցի նոր մասնաշէնքին շինարարական հրապարակ եւ այնտեղ ծանօթացաւ կատարուող աշխատանքներու ընթացքին: Երկրին ղեկավարը նշեց, որ կենսական նշանակութիւն ունեցող առողջապահական ... Շարն.

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Պատրաստ Է Գերիները Փոխանակելու,  Եթէ Միջազգային Կառոյցներուն Հետ Հարցը Քննարկուի

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Գերիները Փոխանակելու, Եթէ Միջազգային Կառոյցներուն Հետ Հարցը Քննարկուի

August 17, 2013

Արծրուն Յովհաննիսեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ քննարկելու Հայաստանի մէջ գտնուող ազրպէյճանցի ռազմագերի Ֆիրուզ Ֆարաճովը Ազրպէյճանին վերադարձնելու հարցը: Ազրպէյճանցի զինուոր Ֆարաճով ... Շարն.

«Յոյսով Եմ, Որ Օր Մը Թուրքալեզու  Երկիրներու Ղեկավարները  Հաւաքուին Ղարաբաղի Մէջ»  Կ՛ըսէ Ապտիւլլա Կիւլ

«Յոյսով Եմ, Որ Օր Մը Թուրքալեզու Երկիրներու Ղեկավարները Հաւաքուին Ղարաբաղի Մէջ» Կ՛ըսէ Ապտիւլլա Կիւլ

August 17, 2013

Կիւլ եւ Ալիեւ Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Ազրպէյճանի մէջ ընթացող թրքալեզու պետութիւններու խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը աշխարհի բոլոր թրքալեզու ... Շարն.

Սամաթիոյ Յարձակումներուն Համար  Ամբաստանուած Հայը Դատարանին Մէջ  Ինքզինք Կը Պաշտպանէ

Սամաթիոյ Յարձակումներուն Համար Ամբաստանուած Հայը Դատարանին Մէջ Ինքզինք Կը Պաշտպանէ

August 17, 2013

Մուրատ Նազարեան «Մարմարա» օրաթերթը 15 օգոստոսին գրեց, որ «Սամաթիոյ պատահարները, որոնք որոշ ժամանակաշրջանի մը այնքան աղմուկ բարձրացուցած էին եւ մեկնաբանուած էին իբրեւ հայերու դէմ գործադրուած ատելավառ ու հետեւողական գործողութիւններ, այլեւս ... Շարն.

Ինջիղուլեանի Հարցով.  Հայաստանի Գերիներու, Պատանդներու  Եւ Անյայտ Կորսուածներու Յանձնախումբը  Կը Դիմէ Կարմիր Խաչի  Միջազգային Կազմակերպութեան

Ինջիղուլեանի Հարցով. Հայաստանի Գերիներու, Պատանդներու Եւ Անյայտ Կորսուածներու Յանձնախումբը Կը Դիմէ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան

August 17, 2013

Հայաստանի գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու յանձնախումբը Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան կոչ ուղղեց աշխուժացնելու 8 օգոստոսի լուսցող գիշերը ազրպէյճանական զօրքերու պահպանութեան տարածքին մէջ պատահաբար յայտնուած եւ գերեվարուած հայ զինուոր Յակոբ ... Շարն.

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը  Ազրպէյճանի Կոչ Կ՛ուղղէ` Ջրային  Հարստութեանց Օգտագործման Շուրջ  Համագործակցելու

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի Կոչ Կ՛ուղղէ` Ջրային Հարստութեանց Օգտագործման Շուրջ Համագործակցելու

August 15, 2013

Սարսանգի ջրամբարը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի հետ ջրային հարստութեանց միացեալ ... Շարն.