Category: Հայկական
Դիտարկումը Անցաւ Առանց Միջադէպերու
Հայաստանի Տաւուշի մարզի Այգեպար եւ Ազրպէյճանի Թովուզի շրջանի Ալիպէյլի գիւղերու մերձակայքին մէջ սահմանային դիտարկումը երէկ անցաւ առանց միջադէպերու: Հայկական եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ զինադադարի պահպանման հերթական դիտարկումը ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի. «Կը Մաղթենք, Որ Ամերիկեան Վարչակազմը Շարունակէ Զօրակցիլ Լիբանանի Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան»
Միքաթի` Տը Միսթուրայի հետ հանդիպման ընթացքին Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման` անոր վերընտրութեան առիթով: Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնը եղաւ առիթ մը, որուն ... Շարն.
ԱՄՆ-ի Հայ Դատի գրասենեակը շնորհաւորած է Օպաման
ԱՄՆ-ի Հայ Դատի գրասենեակը շնորհաւորած է Օպաման ԱՄՆ-ի նախագահ վերընտրութեան առիթով եւ տեղեկացուցած, որ Հայ Դատի զօրակցած սատարած քոնկրէսականներէն շատերը ընտրուած են։ Շարն.
Հայաստան Եւ Ռուսիա Կը Սերտացնեն Համագործակցութիւնը Պաշտպանական Արդիւնաբերութեան Մարզին Մէջ
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ պիտի ստորագրուի պաշտպանական արդիւնաբերութեան մարզի կազմակերպութիւններու արտադրական եւ ճարտարագիտական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ համաձայնագիրի նախագիծը ներառուած ... Շարն.
«Մեր Գնահատականը 2013-ի Պիւտճէին Գծով Բացասական Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Արծուիկ Մինասեան Երէկ Ազգային ժողովի յանձնախումբերուն մէջ աւարտեցան 2013-ի պետական պիւտճէի քննարկումները: Ամփոփելով քննարկումները, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ ... Շարն.
Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Մոռնինկսթարին Կոչ Կ՛ուղղէ Անպայման Ջուղայի Հայկական Գերեզմանատուն Այցելելու
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթարին կոչ ուղղած է այցելելու Նախիջեւանի մէջ Ջուղայի հայկական գերեզմանատուն, ուր աւերուած էին հազարաւոր խաչքարեր: Մոռնինկսթար քանի մը օր առաջ ... Շարն.
Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ 32 Տարի Ընդմիջումէ Ետք Առաջին Եկեղեցական Արարողութիւնը Կատարուած Է
Վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Ս. պսակի խորհուրդէն պահ մը Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ զանգը դարձեալ ղօղանջած է: Տեղի ունեցած պսակի առաջին արարողութեամբ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ 32 տարի ընդմիջումէ ետք, ... Շարն.
Քիւրտ Երեսփոխան Մը Թրքական Իշխանութեան Կը Յայտնէ. «Քիւրտերը 1915-ի Հայերը Չեն, Որ Կոտորէք»
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իզմիրի մէջ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են` աջակցութիւն յայտնելով Թուրքիոյ տարբեր բանտերուն մէջ հացադուլ կատարող քիւրտերուն: Ցոյցին մասնակցած են շուրջ ... Շարն.
Իր Խօսքը Նալբանդեանին Ուղղելով` «Վերաբնակեցում Բառէն Մի՛ Վախնաք» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ 2013 թուականի պիւտճէի քննարկման ընթացքին, պատասխանելով Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վերաբերեալ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հարցումին, արտաքին ... Շարն.
«Սուրիահայերու Աջակցութեան Անհրաժեշտութիւնը Համապետական Հոգ Է» Կ՛ըսէ Լիլիթ Գալստեան
Լիլիթ Գալստեան Սուրիահայութեան աջակցութեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: ՀՅԴ-ի անդամ, «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեան «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները պարբերաբար ... Շարն.
«Սուրիահայութեան Պատմական Փորձութիւնը Պէտք Է Դիմակայել Միասնաբար» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան
Նախագահ Սարգսեան ժողովականներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմական ներկայացուցչական 4-րդ ժողովի աշխատանքներուն: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ նախագահը անդրադարձած է կարգ մը հրատապ ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներ Կոչ Կ՛ուղղեն Լեռնային Ղարաբաղի Օդակայանի Բացումի Հարցը Լուծելու Դիւանագիտական Միջոցներով» Կ՛Ըսէ Նուլընտ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի վերաբացման հարցին մէջ դիւանագիտական լուծում գտնելու` համապատասխան միջազգային համաձայնագիրներու, միջազգային իրաւունքի, ... Շարն.
«Սիվիլիթաս» Կը Պահանջէ Վերջ Տալ Օսկանեանի Եւ Հիմնադրամի Աշխատակիցներուն Նկատմամբ Հետապնդումներուն
«Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ 1 նոյեմբերին Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին (Հ1) հարցազրոյց տուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան պետի տեղակալ Միքայէլ Համբարձումեան, որ ... Շարն.
Մոռնինկսթար Այցելած Է Պաքուի Հայկական Եկեղեցի, Սակայն Անոր Արգիլած Են Ջուղայի Գերեզմանատունը Տեսնել
Պաքուի Ս. Գրիգոր եկեղեցին Ազրպէյճանական «Քոնթաքթ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար շրջանին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է: Ան ըսած է, ... Շարն.
Երուսաղէմի Ս. Յարութեան Տաճարը Կրնայ Պարտքերու Պատճառով Փակուիլ
Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի գլխաւոր սրբավայրերէն` Ս. Յարութեան տաճարը, ուր կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանը, կրնայ փակուիլ պարտքերու պատճառով: Անիկա տարածքային առումով հայ, ... Շարն.
Ի Պատասխան Ազրպէյճանական Սպառնալիքներուն. «Մենք Ալ Ի Վիճակի Ենք Ոչնչացնելու Պաքու Ուղղուող Օդանաւերը» Կը Շեշտէ Հայկական Կողմը
Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հետ կապուած Ազրպէյճանի հերթական յայտարարութեան վերաբերեալ Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ ... Շարն.
«Վարչապետը Չի Կրնար Ղեկավարել Փտածութեան Դէմ Պայքարող Մարմինը» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
Վահան Յովհաննիսեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան արձագանգեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի` փտածութեան դէմ պայքարին միանալու կոչին: Վահան Յովհաննիսեան փտածութեան դէմ «վիրաբուժական միջամտութեան ճամբով» պայքարը ... Շարն.
«Ցեղասպանութեան Հարցով Ֆրանսայի Նախկին Իշխանութիւններուն Քաղաքականութեան Պատճառով Ժողովուրդը Տուժած Է» Կ՛ըսէ Պաղըշ
Պաղըշ` ֆրանսացի գործարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ ընդունած է Ֆրանսայի գործարարներու պատուիրակութիւնը եւ յայտարարած, որ Ֆրանսայի նախկին ... Շարն.
Արկածի Պատճառով 4 Զինուորներ Կը Զոհուին, Իսկ 15 Ուրիշներ Կը Վիրաւորուին
Պայմանագրային զինուորներ տեղափոխող փոխադրակառք մը հինգշաբթի երեկոյեան Վարդենիս-Քարվաճառ ճամբուն վրայ արկածի ենթարկուած է: Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, տակաւին չբացայայտուած հանգամանքներու մէջ «Ուրալ» մակնիշի բեռնատար փոխադրակառքը դուրս եկած ... Շարն.
Ըստ Թուրք Լրագրողի Մը Մակ Կը Պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու
Թրքական «իմետա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Թուրքիոյ ընթացիկ քաղաքական հարցերուն» նուիրուած քննարկումին ընթացքին լրագրող, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Էնվեր Այսեւեր յայտարարած է, որ ... Շարն.

