Category: Հայկական
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան երեւանեան գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքինը: Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Անտրէյ Սորոքինին նշանակման առիթով եւ մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք` ... Շարն.
ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ. «ՀՅԴ-Ն ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐ Չ՛ԸՆԴՈՒՆԻՐ»
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ կը կասեցնէ կուսակցութեան մէջ նոր անդամներու ընդունման հոլովոյթը, այս մասին Tert.am-ին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեան` աւելցնելով, որ այս ձեւով կը ցանկան կանխել պատեհապաշտներու ... Շարն.
ՕՍԿԱՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԴԱՐՁԱՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄ
Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան երէկ «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց ,որ նախանցեալ օր տեղի ուենցաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ կուսակցութեան ... Շարն.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՁԵՒԱՉԱՓԸ ՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ ԻՐԱԿԱՆ Է»
Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ցեղասպանութիւններու մասին օրինագիծին առնչութեամբ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն ետք, Պաքու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը ... Շարն.
«ՄԻՆՉԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ՉԼՈՒԾՈՒԻ, ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉԿԱՐԳԱՒՈՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ՉԱՂԼԱՅԱՆ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Զաֆեր Չաղլայան Թիֆլիսի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին խօսելով Ազրպէյճանի մասին յայտարարած է. «Մենք մէկ ժողովուրդ ենք երկու պետութեան մէջ: ... Շարն.
ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ (ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ)*
Չցանկաց մեծարանքի հանդիսութիւն` իրեն ի պատիւ: Նոյնիսկ մերժեց նմանօրինակ ամէն առաջարկ, որ ներկայացուեցաւ իրեն: Չուզեց շքանշան ստանալ: Անցեալ տարի, գրեթէ այս ատեն, երբ տեղի պիտի ունենար Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական կազմաւորումի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆԵՐ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց հայկական երկաթուղիի հաւատարմագրային կառավարումը ստանձնած «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան նախագահ Վլատիմիր Եաքունինը: Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Եաքունին ներկայացուցած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան ... Շարն.
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի լսումներուն ընթացքին իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նախագիծին դէմ իշխանական մամուլին մէջ լոյս տեսնող ... Շարն.
«ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԸ ԳՈՐԾԻՔ Է ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ
100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան անհիմն նկատեց այն պնդումները, որ արդէն ուշ է ընտրական օրէնսգիրքը ... Շարն.
ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՄԲ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ գերմանական Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն եւ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն քոյր կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական աշխատանքային խմբակը հրապարակած է զեկուցում մը, որուն մէջ Գերմանիոյ կառավարութեան ... Շարն.
ՄԻՔԼՈՇՔՕ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեան 13 փետրուարին ընդունեց Սլովաքիոյ կրթական եւ ձեռնարկատիրական ներկայացուցիչներուն պատուիրակութիւնը` Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի առաջին նախագահ Ֆրանթիշեք Միքլոշքոյի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման ընթացքին Վասիլի Աթաջանեան համառօտ ... Շարն.
ՍԵՐՊԻԱ ԿՐՆԱՅ ԽՈՋԱԼՈՒԻ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻ՞ՒՆԸ» ՃԱՆՉՆԱԼ
Ազրպէյճանական «Թուտէյ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Սերպիոյ դեսպան Զորան Վայովիչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սերպիա կրնայ Խոջալուի «ցեղասպանութիւնը» ճանչնալ: Ան ըսած է, թէ երկու երկիրներու ... Շարն.
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր այցելեց Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի հետ: Նախագահ Բակօ Սահակեան նաեւ այցելեց «Զաւարեան» ... Շարն.
«ՄԵՆՔ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐ ՈՒՆԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան երէկ յայտարարեց, թէ չի հաւատար, որ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը կը ցանկայ մայիսին արդար խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել: Նշելով ուրիշին փոխարէն քուէարկելու վերջին դէպքը` ... Շարն.
ՕՊԱՄԱ 2013-Ի ՊԻՒՏՃԷԻ ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԿՐՃԱՏԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՈՂ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ներկայացուցած է իր երկրին 2013-ի պիւտճէի նախագիծը, որուն մէջ կոչ ուղղած է 19 առ հարիւրով կրճատելու Հայաստանին յատկացուելիք ... Շարն.
ՕՍԿԱՆԵԱՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԴԻՄՈՒՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ Վարդան Օսկանեան երէկ տարածեց յայտարարութիւն մը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամակցելու մասին: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Վարդան Օսկանեան նախանցեալ օր դիմում ... Շարն.
«ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԶՈՀ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ». ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԵՐԳԻԾԱԹԵՐԹԻՆ ԼՈՒՐՋ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԸ` ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՏԿԵՐԻՆ
Փարիզի «Նոր Յառաջ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Քանար Անշենէ» երգիծաթերթը իր վերջին` 8 փետրուարի թիւին մէջ, վերոնշեալ խորագիրը կրող շատ լուրջ գրութեամբ մը, զոր ստորագրած է Ժան-Միշել Թենար, կրկին կ՛անդրադառնայ ... Շարն.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԳՈՀ Է ՀՐԱԶԴԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն անձամբ հետեւեցաւ կիրակի օր Հրազդանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետի ընտրութիւններուն: Երէկ ան լրագրողներուն յայտնեց, որ հանդիպումներ ունեցած է երկու կողմերուն, ընտրատարածքային յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն ... Շարն.

