Category: Հայկական
Հոլլանտ Եւ Էրտողան Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը
Էրտողան եւ Հոլլանտ Ըստ թրքական «Թի.24» կայքին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 20 յունիսին Էլիզէ պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին բազմաթիւ այլ հարցերու ... Շարն.
Սպանական Նաւարայի Ինքնավար Շրջանի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Ըստ «Արմենփրես»-ի, Հայաստանի եւրոպական ընկերներ կազմակերպութեան լրատուական բաժինը կը տեղեկացնէ, որ Սպանիոյ Նաւարայի ինքնավար շրջանի խորհրդարանը 23 յունիսին վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիրը: Կազմակերպութեան կողմէ հռչակագիրի ընդունումը արգասիքն է ... Շարն.
Յակոբեան. «Հակառակորդը Պիտի Ստանայ Արժանի Պատասխանը»
Մովսէս Յակոբեան «Հակառակորդին կողմէ հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձերն ու բացարձակ նախայարձակումը այս տարի բաւական աճած են: Անոնց պատճառով ունեցած ենք կորուստներ», երէկ Վանաձորի մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ըսաւ ... Շարն.
Արժանթինի Հայ Համայնքը Ֆրանչիսկոս Պապէն Խնդրած Է Միջամտել Սուրիոյ Տագնապին
Ֆրանչիսկոս պապը «Փրենսաարմենիա» կայքը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի հայ համայնքը նամակ մը յղած է Ֆրանչիսկոս պապին` անկէ խնդրելով միջամտել Սուրիոյ տագնապին` համոզուած ըլլալով, որ պապին խօսքը կրնայ խաղաղութիւն բերել Միջին ... Շարն.
«Սահմանագիծին Վրայ Ներթափանցման Փորձերը Կ՛արգելակեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք` մեկնաբանելով սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտումներու դէպքերը, յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հակամարտող կողմերուն ... Շարն.
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հանդիպումը Նախագահ Սարգսեանի Եւ Արտաքին Գործոց Նախարար Նալբանդեանի Հետ
Նախագահ Սարգսեան եւ Լաւրով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը: Նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի ներկայիս ... Շարն.
Շփման Գիծին Վրայ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Զինադադարը Խախտուած Է 700 Անգամ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 15-21 յունիսին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 700 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ ... Շարն.
Ոստիկանութիւնը Բռնի Ուժ Կը Կիրարկէ Ելեկտրականութեան Գինի Սղումին Դէմ Պայքարող Քաղաքացիներուն Նկատմամբ
Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան սղումին դէմ պայքարող նախաձեռնութեան անդամները երէկ կէսօրին փորձեցին մուտք գործել Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի նիստին եւ պահանջեցին կանխել ելեկտրականութեան սղումը: Յայտնենք, որ յանձնախումբը կանխատեսած էր ելեկտրականութեան գինը ... Շարն.
Այսօր Վարչապետ Աբրահամեան Պիտի Մեկնի Լեռնային Ղարաբաղ
Յովիկ Աբրահամեան Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Լեռնային Ղարաբաղ: Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ Աբրահամեան երկկողմանի ... Շարն.
Փութին Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցը
Ալիեւ եւ Փութին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ ... Շարն.
Ռոպերթ Քոչարեան Անօրինական Կը Նկատէ «Որոտան» Ջրելեկտրակայանի Սեփականաշնորհումը
Ռոպերթ Քոչարեան Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան անօրինական նկատեց «Որոտան» ջրելեկտրակայանի սեփականաշնորհումը` ընդգծելով, որ այդ գործարքին մասնակցած անձեր, ուշ կամ կանուխ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին: «Երկիր»-ին տուած յատուկ հարցազրոյցին մէջ Քոչարեան ... Շարն.
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Ընդունեց Կուտակային Կենսաթոշակային Օրէնքի Փոփոխութիւնները
Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին մասին փոփոխութիւնները ընդունուեցան խիստ լարուած մթնոլորտի մէջ եւ կանոնագրային խախտումներով: Օրէնքի փոփոխութեան քուէարկութեան ընթացքին Ազգային ժողովի իշխանութեան պատգամաւորներուն թիւը ... Շարն.
Հրանդ Տինքի Սպանութեան Հարցով Դատավարութիւնը Յետաձգուած Է
Պոլսոյ մէջ շարունակուած է Տրապիզոնի ոստիկանութեան նախկին պետ Ալի Օզի դատը, որ կը կասկածուի 19 յունուար 2007-ին տեղի ունեցած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչուող կարգ մը ... Շարն.
Ազրպէյճանական Կողմը Կը Սաստկացնէ Զինադադարի Դրութեան Խախտումը
Նախորդ շաբաթավերջին հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ կրակոցներ եղած են: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Երկիր»-ին տեղեկացուցած է, որ հակառակորդին կողմէ կրակոցները եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի ... Շարն.
Թուրքերը Կիլիկիոյ Տարածքին Մէջ Եկեղեցի Եւ Գերեզմաններ Յայտնաբերած Են
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քարաման նահանգին մէջ գտնուող Ղարատաղի (Կիլիկիոյ տարածք) գիւղերէն մէկուն մէջ աշխատանքներու ընթացքին եկեղեցի եւ գերեզմաններ յայտնաբերուած են: Նահանգապետարանի եւ նահանգի մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան վարչութեան ... Շարն.
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Մարտական Յենակէտեր
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախանցեալ օր այցելեց Հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած զօրամիաւորման մարտական դիրքերը: Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վերահաստատած Է Արցախին Եւ Հայաստանին Ելեւմտական Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Պատրաստակամութիւնը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը ձայներու 25 թեր, 5 դէմ յարաբերակցութեամբ որդեգրած է 2015-ի պիւտճէական տարուան արտասահմանեան օգնութեան օրէնսդրական թղթածրարը, այդպիսով անգամ մը ... Շարն.
Քալիֆորնիա Նահանգի Ծերակոյտի Կրթական Հարցերով Յանձնախումբը Թեր Քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Բանաձեւին
Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի Ծերակոյտի կրթական հարցերով յանձնախումբը միաձայն թեր քուէարկեց Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը նահանգի կրթական ծրագիրին մէջ ներառող AB 1915 բանաձեւին: Անիկա ներկայացուած է Ատրին Նազարեանի կողմէ եւ կը ... Շարն.
«Հայաստանի` Մաքսային Միութեան Անդամակցութենէն Ետք Հեռանկար Կը Բացուի Վրացի Գործարարներու Համար» Յայտնեց Նախագահ Սարգսեան
Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահներ Սերժ ... Շարն.
Ոչ Իշխանական Ուժերը Տապալեցին Ազգային Ժողովի Նիստը
Երէկ ոչ իշխանական ուժերը տապալեցին Ազգային ժողովի նիստը. Պատգամաւորներու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յայտնեց, որ կը յայտարարուի երեք ժամուան դադար երեք ժամ ետք կրկին պէտք ... Շարն.

