Category: Հայկական
ՀՅԴ Պոլսոյ Մէջ Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Նիստերուն
Մարիօ Նալպանտեան ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 10 նոյեմբերին, Պոլսոյ մէջ սկսան Ընկերվար միջազգայնականի ժողովները։ Ժողովներուն մասնակցելու համար Պոլիս մեկնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ ... Շարն.
«ՀՅԴ-ն Ինքնիրեն Նման Բան Թոյլ Չի Կրնար Տալ» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան
Արմէն Ռուստամեան ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը Ժառանգութիւն խմբակցութեան կողմէ ներկայացուցած «Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ յայտնելու ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ այս գծով ... Շարն.
Կենսաթոշակային Նոր Համակարգի Խնդիրով Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստ Պիտի Հրաւիրուի
Հայաստանի Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութիւնը խորհրդակցութիւններու պիտի սկսի Ազգային ժողովի միւս խմբակցութիւններուն հետ՝ արտակարգ նիստ հրաւիրելու 1 յունուար 2014-էն ուժի մէջ մտնող «կենսաթոշակային ... Շարն.
Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Համահայկական Խորհրդաժողովը
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 8-10 նոյեմբերին Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 17 ... Շարն.
Հանրապետական Կուսակցութեան Թեկնածուն՝ Արարատի Քաղաքապետ
Ըստ նախնական արդիւնքներուն, կիրակի օր Արարատի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետի արտակարգ ընտրութիւններուն յաղթած է իշխող Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Հայկ Հայկեան։ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի հրապարակած տուեալներով՝ Հայկեան ստացած է 4 544 ... Շարն.
«Վերահսկիչ Պալատի Անկախութենէն Բան Չմնաց» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
Արմէն Ռուստամեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Վերահսկիչ Պալատի նախագահի թեկնածու Իշխան Զաքարեանի վերաբերեալ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը յայտնելու ընթացքին յայտնեց, որ իրենց տեսակէտը կապ չունի ... Շարն.
ՀՅԴ Երեւանի Մարզային Կոմիտէի Յայտարարութիւն
Անցած շաբաթ աւարտուեց ՀՅԴ Երեւանի մարզային 17-րդ ժողովը։ Երեւանը ներկայացնող շուրջ 60 պատուիրակներ քննեցին Մարզային կոմիտէի գործունէութիւնը, գնահատականներ տրուեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի, Հայաստանի նախագահի եւ Երեւան քաղաքի աւագանու ընտրութիւններում ՀՅԴ ... Շարն.
Ռիատի Մէջ . Նախագահ Սլէյման Եւ Ապտալլա Թագաւոր Կ՛ընդգծեն Լիբանանի Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը
Նախագահ Սլէյման եւ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել ... Շարն.
Նալբանդեան Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Նախարարական Համաժողովին
7 նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան Փարիզի մէջ սկսած 29-րդ նախարարական համաժողովին, որուն ներկայ էին կազմակերպութեան 77 անդամ, կցորդ եւ դէտ երկիրներու բարձրաստիճան ... Շարն.
ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդէս Պիտի Գայ Միջնորդութեամբ Վարդան Պետրոսեանի Օգտին
Երէկ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան տարակուսանք յայտնեց դերասան Վարդան Պետրոսեանի հապճեպ կալանաւորման առիթով։ «Տեղի ունեցած է ողբերգութիւն։ Ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացածներու ընտանիքներուն համար անասելի ծանր է կորուստներու ... Շարն.
Տիգրանակերտի Մէջ Վերցուեցաւ «Երանի Թուրք Եմ Ըսողին» Ցուցատախտակը
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի կուսակալութեան որոշումով չորեքշաբթի օր վերցուած է կուսակալութեան առջեւի պողոտային վրայ տեղադրուած այն հսկայ ցուցատախտակը, որուն վրայ գրուած էր «Երանի թուրք եմ ըսողին»։ Օրաթերթը կը նշէ, ... Շարն.
«Հայկական Պնդումներուն Դէմ Կը Տանինք Մասնաւոր Աշխատանք, Որ Պիտի Ազդէ Օտար Երկիրներու Հանրային Դիւանագիտութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Արընչ
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ անցեալ երեքշաբթի օր 2014-ի պիւտճէի ծրագրաւորման ժողովէն ետք պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին «հայկական պնդումներուն» դէմ Թուրքիոյ ... Շարն.
«Ղարաբաղեան Տագնապին Լուծումը Մաքսային Միութեան Կապելը Անթոյլատրելի Է» Ըսաւ Ռիժքով
Նիքոլայ Ռիժքով Անդրադառնալով Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի այն յայտարարութեան, թէ քանի տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չէ լուծուած, Հայաստան ո՛չ այս տարի, ո՛չ ալ գալ տարի կրնայ Մաքսային միութեան անդամակցիլ, Ռուսիոյ ... Շարն.
«Սառեցուած» Տագնապներու Լուծման Հոլովոյթին Մէջ Դրական Փոփոխութիւններ Տեղի Կ՛ունենան» Կ՛ըսէ Զաննիեր
Լամպերթօ Զաննիեր ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զաննիեր յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ գտնուող «սառեցուած» տագնապներու լուծման հոլովոյթին մէջ դրական փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան։ ... Շարն.
Ծագող Արեւի Երկիրը. Պարարտ Հող Հայերուն Համար
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցեալ ամիս առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Ճափոն հիասքանչ երկիրը: Թոքիոյի «Նարիթա» օդակայանին մէջ հազիւ ոտքս դրած, կարծէք յայտնուեցայ գերիրապաշտ երկրի մը մէջ. այնքան լաւ, որ անհաւատալի կը թուէր… ... Շարն.
Շանթ Յարութիւնեան Կալանաւորուեցաւ
Երէկ մեղադրանք առաջադրուեցաւ Շանթ Յարութիւնեանի նկատմամբ՝ Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 316-րդ յօդուածի 2-րդ մասին յատկանիշով՝ իշխանութեան ներկայացուցիչի, տուեալ պարագային ոստիկանի նկատմամբ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու համար։ Այս արարքը կը պատժուի 5-10 տարուան ... Շարն.
Թեհրանի Մէջ Ռուհանի Ընդունեց Հայաստանի Ուժանիւթի Նախարարը
Հասան Ռուհանի Իրանի պաշտօնական «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հայաստանի ուժանիւթի նախարարը Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրաւոր ուղերձը։ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նախանցեալ օր ... Շարն.
ՀՅԴ-ն Նիստ Պիտի Գումարէ Վերահսկիչ Պալատի Նախագահի Ընտրութեան Վերաբերեալ
Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը 11 նոյեմբերին նիստ պիտի գումարէ՝ վերջնական որոշում տալու համար Վերահսկիչ պալատի նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ։ Այս մասին Ազգային ժողովի Վերահսկիչ պալատի նախագահի թեկնածու Իշխան Զաքարեանի ... Շարն.
Սկսաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Տարեկան Խորհրդաժողովը
Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական աւելի քան 14 միութիւններէ 24 երիտասարդներ կը մասնակցին համահայկական երիտասարդական տարեկան խորհրդաժողովին, որուն աշխատանքները սկսան երէկ՝ Երեւանի մէջ։ Խորհրդաժողովը պիտի տեւէ երեք օր։ Խորհրդաժողովի նպատակն է ... Շարն.
Մարսէյի Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսարանի Պաշտօնական Բացում
(Լուսանկարները՝ ԳԷՈՐԳ Գ.ի) Երէկ՝ ուրբաթ, 8 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի պաշտօնական բացումը, զոր կատարեց Հայաստանի արտաքին ... Շարն.

