Category: Լիբանանեան
Զօր. Լահուտ Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Դեսպան Ալի, զօր. Լահուտ եւ Էմիլ Էմիլ Լահուտ Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ տագնապին վերաբերող ... Շարն.
Ազգային Պայքարի Ճակատ Պլոքի Նախարարները Կ՛այցելեն Արսլանի
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախարարներ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր` ընկերակցութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման առաջարկ մը ստացած է երկխօսութեան նիստերուն փոխարէն հաղորդակցութիւններ ունենալու քաղաքական տարբեր կողմերուն հետ` քննարկելու համար կառավարութեան փոփոխութեան կարելիութիւնները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. ... Շարն.
Մամլոյ Արձակուրդ
Նոր տարուան առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 1 եւ չորեքշաբթի, 2 յունուար 2013-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 3 յունուարին: Շարն.
Պքերքէի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Զօր. Միշել Աունը
Զօր. Աուն եւ կարտինալ Ռայի Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն: Պատարագին ... Շարն.
Միքաթի-Մանսուր Հանդիպում
Մանսուր եւ վարչապետ Միքաթի Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ: Հանդիպումէն ետք Մանսուր յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները ... Շարն.
Ժոմպլաթ Կը Հերքէ Զօր. Աունի Հետ Գաղտնի Հանդիպումին Մասին Լուրերը
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ ինք գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ... Շարն.
Հանրապետութեան Միւֆթին Այցելեց Օմար Քարամէի
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շաբաթավերջին այցելեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Տար Ֆաթուայի կրօնական խորհուրդի ընտրութիւններուն: Հանդիպումէն ետք միւֆթի ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցով Հըզպալլա ՖԻՆԻՒԼ-ի Թրքական Ուժերուն Դէմ Գործողութիւններ Պիտի Չկատարէ
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենք տակաւին չեն ճշդած, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի դիմեն` Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ ճնշում բանեցնելու առումով: Անոնք նկատել տուին, որ իրենց զաւակներուն ... Շարն.
Ֆրենժիէ Ընդունեց Ապատին
Ապատի եւ Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ... Շարն.
Ասիր. «Սայտայի Մէջ Ոչ Մէկ Դեղին Դրօշ Պիտի Բարձրանայ»
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ Աքքարի մէջ ներկայ գտնուեցաւ շրջանէն երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած քաղաքական ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին ան իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց իսլամ-քրիստոնեայ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին դեսպան չէ, այլ` գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի ... Շարն.
«Կը Մերժեմ Երկարաձգումները Եւ Պիտի Շարունակեմ Ուղղել Ազգային Երկխօսութեան Կոչերս» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ ինք կը մերժէ բոլոր երկարաձգումները, ինչ ալ ըլլան անոնք: Նախագահ Սլէյման կտրականապէս հերքեց այն յայտարարութիւնները, թէ երկարաձգումները պիտի արձանագրուին խորհրդարանին եւ հանրապետութեան նախագահին ... Շարն.
Միքաթի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին»
Վարչապետարանի պաշտօնէութեան հետ հանդիպումէն պահ մը Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետարանին մէջ աշխատող պաշտօնեաներու անձնակազմին եւ լրագրողներուն հետ: Նոր տարուան առիթով տեղի ունեցած այս հաւաքին ընթացքին վարչապետ ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին
Միքաթի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք ... Շարն.
Սինիորա. «Երկխօսութեան Պիտի Մասնակցինք, Երբ Նասրալլա Պատրաստակամութիւն Յայտնէ Հըզպալլայի Ապազինման Հարցը Քննարկելու»
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ իրենք կ՛առաջարկեն կառավարութեան հրաժարումը, որովհետեւ ատիկա երկրին քաղաքական տագնապին լուծման սկիզբը կը կազմէ: Սինիորա հաստատեց, որ Հըզպալլա ջրած է ազգային ... Շարն.
Սուրիոյ Եւ Իրանի Դեսպանները Այցելեցին Զօր. Աունի
Նախարար Հաժ Հասանի հետ հանդիպումէն պահ մը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց ... Շարն.
Շարպել. «Նոր Տարուան Գիշերը Կրակելը Արգիլուած Է»
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին Նոր տարուան գիշերը կրակելը արգիլուած է: Ան աւելցուց նաեւ, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովական ... Շարն.
Օտար Ապահովական Կառոյցներ Կայքէջերու Ընդմէջէն Տեղեկութիւններ Կը Հաւաքեն` Գործակալներու Զինուորագրութեան Համար
Բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ օտար ապահովական կառոյցներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն զանազան կայքէջերու ընդմէջէն տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ գործակալներ զինուորագրելու: Բանակին հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ... Շարն.
Թալքալախ Ուղղուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Կը Սպառնան Լիբանան-Սուրիա Անցքերը Փակել
Թալքալախի մէջ սուրիական բանակին լարած թակարդին զոհ գացած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն անունով շէյխ Մոհամետ Իպրահիմ յայտնեց, որ իրենք քաջ գիտեն լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն միջեւ յարաբերութեան տարողութիւնը: Շէյխ Իպրահիմ կոչ ուղղեց ... Շարն.

