Category: Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 4, 2012

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ ընդգծեց, որ ամերիկեան պատուիրակութեան կողմէ հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններ կատարուած այցելութիւնը Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան բացայայտ միջամտութիւն կը նկատուի: Անդրադառնալով ամերիկացի եւ իրանցի պաշտօնատարներուն Լիբանան այցելութեան զուգադիպութեան` ... Շարն.

Կառավարութիւնը Որոշեց Փոփոխութեան Ենթարկել Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Նուազագոյն Աշխատավարձը

Կառավարութիւնը Որոշեց Փոփոխութեան Ենթարկել Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան Նուազագոյն Աշխատավարձը

May 3, 2012

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Կառավարութիւնը քննարկեց 62 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, ... Շարն.

«Վարչական Նշանակումներուն Պարագային Նախապատուութիւնը Պէտք Է Տալ Նոյն Վարչութեան Անձնակազմին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

«Վարչական Նշանակումներուն Պարագային Նախապատուութիւնը Պէտք Է Տալ Նոյն Վարչութեան Անձնակազմին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

May 3, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդգծեց վարչական նշանակումներուն պարագային նախապատուութիւնը նոյն վարչութեան անձնակազմին մաս կազմող անհատներուն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց, որ այդ դրութիւնը պէտք է կիրարկուի Ա., Բ. եւ ... Շարն.

Այն Թինէի Մէջ Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպում

May 3, 2012

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց ապրուստի եւ ընկերային հարցերը լուծելու նպատակով աշխատանքը բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց, որ երկրին ընդհանուր ... Շարն.

Նախարար Սապունճեան Բացումը Կատարեց Արհեստներու Ցուցահանդէսին

Նախարար Սապունճեան Բացումը Կատարեց Արհեստներու Ցուցահանդէսին

May 3, 2012

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Սայտայի մէջ բացումը կատարեց ճարտարարուեստի յատուկ արհեստներու ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ շատ բնական երեւոյթ է, որ ընդդիմութիւնը չկարենայ հանդուրժել կառավարութեան արդիւնաբեր աշխատանքը: Վ. Սապունճեան ... Շարն.

Ֆելթման. «Կը Զօրակցինք Շրջանին Մէջ Գործող Բազմատարր Կառավարութիւններուն»

Ֆելթման. «Կը Զօրակցինք Շրջանին Մէջ Գործող Բազմատարր Կառավարութիւններուն»

May 3, 2012

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պետական պատասխանատուներու եւ հոգեւորականներու հետ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն ... Շարն.

Երեսփոխաններ Ու Նախարարներ Կ՛Օգտագործեն Հանրային Փոխադրակառքերը

Երեսփոխաններ Ու Նախարարներ Կ՛Օգտագործեն Հանրային Փոխադրակառքերը

May 3, 2012

Խումբ մը երեսփոխաններ, ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի, երէկ օգտագործեցին հանրային փոխադրակառքերը: Երեսփոխաններէն իւրաքանչիւրը վճարեց 750 լ. ... Շարն.

ՌԱՀԻՄԻ ԵՒ ԼԻՊԸՐՄԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆ

ՌԱՀԻՄԻ ԵՒ ԼԻՊԸՐՄԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆ

May 3, 2012

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ իրանեան պետութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ ամերիկացի ... Շարն.

Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

May 3, 2012

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 3, 2012

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային ... Շարն.

Մամլոյ Արձակուրդ

May 1, 2012

Աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 2 մայիս 2012-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 3 մայիսին: Շարն.

Նախագահ Սլէյման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Քլինթընի Հետ

Նախագահ Սլէյման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Քլինթընի Հետ

May 1, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ, քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային շարք մը ... Շարն.

Բագրատունի Այցելեց Արիտիի

Բագրատունի Այցելեց Արիտիի

May 1, 2012

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տարբեր շրջաններուն վերաբերող բարգաւաճման ծրագիրներ:   Շարն.

Պըրրի – Քըրթպաուի Հանդիպում

Պըրրի – Քըրթպաուի Հանդիպում

May 1, 2012

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու արդարութեան մարզին վերաբերող հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի, ... Շարն.

«Խորհրդարանական Փոքրամասնութիւնը Կառավարութեան Աշխատանքը Արգելակելու Արշաւի Մէջ Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

«Խորհրդարանական Փոքրամասնութիւնը Կառավարութեան Աշխատանքը Արգելակելու Արշաւի Մէջ Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

May 1, 2012

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման բարոյական ստիպողութեան ... Շարն.

Իսրայէլեան Ուժերը Սկսան Պատ Մը Հիւսել Ֆաթիմայի Դարպասին Մօտ

Իսրայէլեան Ուժերը Սկսան Պատ Մը Հիւսել Ֆաթիմայի Դարպասին Մօտ

May 1, 2012

Հարաւային Լիբանան - Իսրայէլ սահմանամերձ շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերը երէկ սկսան սահմանները իրարմէ բաժնող պատ մը հիւսել: Ֆաթիմայի դարպասին մօտակայքը սկսած աշխատանքներուն առընթեր, Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 1, 2012

«ԷՄ. ԹԻ. ՍԻ. - ԹԱՉ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւնը յայտնեց, որ Պլեքպըրիի ծառայութիւն ստանալու համար ամսական սակ ճշդած է 8 տոլարի համազօր գումարը: Նշենք, որ նախապէս այդ գումարը ամսական դրութեամբ 27 ... Շարն.

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Եարզէ

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Եարզէ

April 30, 2012

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ողջունեց Զէնք Փոխադրող Նաւուն Գրաւումը

Նախագահ Սլէյման Ողջունեց Զէնք Փոխադրող Նաւուն Գրաւումը

April 30, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դրուատեց լիբանանեան բանակին կողմէ զէնք եւ զինամթերք փոխադրող նաւուն գրաւումը` շեշտելով, որ այդ քայլը կ՛ամրապնդէ լիբանանեան ներքին կայունութիւնը եւ ազգային անվտանգութիւնը: Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ... Շարն.

Համասի Կառավարութեան Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Այն Թինէ

Համասի Կառավարութեան Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Այն Թինէ

April 30, 2012

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Համասի կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ֆաթհի Համատը` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի պատասխանատուներուն: Հանդիպումէն ետք Համատ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը շատ դրական էր, ... Շարն.