Category: Լիբանանեան

Պքերքէի Մէջ Նախագահ Սլէյման Ներկայ Կը Գտնուի Ս. Զատկուան Պատարագին

Պքերքէի Մէջ Նախագահ Սլէյման Ներկայ Կը Գտնուի Ս. Զատկուան Պատարագին

April 10, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կիրակի առաւօտեան, ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի այցելեց Պքերքէ, ուր ներկայ գտնուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ մատուցուած Ս. Զատկուան պատարագին: Իր արտասանած քարոզին ... Շարն.

Ալի Շաապան Կը Զոհուի Իր Պարտականութեան Ճամբուն Վրայ

Ալի Շաապան Կը Զոհուի Իր Պարտականութեան Ճամբուն Վրայ

April 10, 2012

Լիբանանի տեղեկատուական մարզին եւ յատկապէս «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին համար 9 ապրիլը վերածուեցաւ սուգի օրուան` կայանին քամերամեններէն Ալի Շաապանի սպանութեան պատճառով: Ալի Շաապան, իր 29 տարեկան հասակին, սպաննուեցաւ, երբ ան ... Շարն.

Իտալիոյ Վարչապետ Մարիօ Մոնթի Այցելեց Լիբանան

Իտալիոյ Վարչապետ Մարիօ Մոնթի Այցելեց Լիբանան

April 10, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի հետ, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանած էր Լիբանան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս ... Շարն.

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Ժոմպլաթը

April 10, 2012

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Քուէյթ եւ արաբական կարգ մը երկիրներ: Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ ... Շարն.

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Կը Քննադատէ Ժահժահի Դէմ Մահափորձը Իր Վտանգէն Պարպելու Փորձերը

April 10, 2012

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կուսակցութիւնը ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր եւ լրատուամիջոցներ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած  մահափորձը ... Շարն.

Սինիորա. «Ֆայեզ Քարամի Բանտէն Ազատ Արձակման Մասին Սէյիտ Նասրալլայի Լռութիւնը Զարմանալի Է»

Սինիորա. «Ֆայեզ Քարամի Բանտէն Ազատ Արձակման Մասին Սէյիտ Նասրալլայի Լռութիւնը Զարմանալի Է»

April 10, 2012

Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա զարմանք յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա լուռ մնացած է Իսրայէլի գործակալ, Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանտու Ֆայեզ Քարամի բանտէն ազատ արձակումին առումով: Սինիորա ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 10, 2012

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան ... Շարն.

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

April 7, 2012

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 9 ապրիլ 2012-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 10 ապրիլին: Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ներկայ Գտնուեցաւ Յիսուսի Խաչելութեան Կարգի Արարողութեան

Նախագահ Սլէյման Ներկայ Գտնուեցաւ Յիսուսի Խաչելութեան Կարգի Արարողութեան

April 7, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ ուղղուեցաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարան, ուր ներկայ գտնուեցաւ Յիսուսի խաչելութեան առիթով մատուցուած պատարագին: Պատարագին նախագահեց Մարոնի միաբանութեան նախագահ հայր Թաննուս Նաամէ, որ ... Շարն.

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

April 7, 2012

Երէկ` ուրբաթ, 6 ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին: Վեհափառին կողքին հանդիպման ներկայ էին նախարար Փանոս Մանճեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ... Շարն.

Ելեկտրական Հոսանք Արտադրող Թրքական Նաւերը Յուլիսին Կը Հասնին Լիբանան

April 7, 2012

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին կատարած իրենց յայտարարութիւններուն մէջ նշեցին, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական նաւերը, որոնք պիտի վարձուին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, յառաջիկայ յուլիսին պիտի հասնին Լիբանան: Այդ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 7, 2012

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով իր ուղղած պատգամին մէջ մաղթեց, որ Յիսուս Քրիստոս յեղափոխութիւն ապրած բոլոր երկիրներուն խաղաղութիւն պարգեւէ, եւ յոյս յայտնեց, որ այդ երկիրներուն մէջ ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին

April 6, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան աշխատանքներուն վերաբերող հարցերը: Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին երեսփոխաններ Ասեմ Արաժի ... Շարն.

Շարպել Կոչ Կ՛Ուղղէ Դասեր Քաղելու Ժահժահի Դէմ Կատարուած Մահափորձէն

Շարպել Կոչ Կ՛Ուղղէ Դասեր Քաղելու Ժահժահի Դէմ Կատարուած Մահափորձէն

April 6, 2012

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ կատարուած մահափորձը շատ լուրջ է` աւելցնելով, որ Ժահժահ հրաշքով փրկուած է այդ մահափորձէն ... Շարն.

«Ժահժահի Դէմ Մահափորձը Երկրին Եւ Քաղաքացիներուն Ապահովութեան Կը Սպառնայ» Յայտնեց Վարչապետ Միքաթի

«Ժահժահի Դէմ Մահափորձը Երկրին Եւ Քաղաքացիներուն Ապահովութեան Կը Սպառնայ» Յայտնեց Վարչապետ Միքաթի

April 6, 2012

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւեր վարձելու նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբին նիստին: Վարչապետ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն ընկերակցեցաւ ... Շարն.

Նախարար Սապունճեան Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Ստորագրեց «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Հետ

Նախարար Սապունճեան Գործակցութեան Համաձայնագիր Մը Ստորագրեց «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Հետ

April 6, 2012

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան «ԼԻՌԱ» ծրագիրի շրջագիծին մէջ երէկ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանին հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը` քաջալերելու համար ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող լիբանանեան հետազօտութիւններն ու նուաճումները: Համաձայնագիրը ստորագրեցին նախարար Սապունճեան ... Շարն.

Մանսուր Մոալլեմի Հետ Քննարկեց Սուրիոյ Իրադարձութիւնները

April 6, 2012

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւնները: Մոալլեմ յայտնեց, որ ... Շարն.

Զօր. Աուն Կ՛Ընդունի Փոխվարչապետը

April 6, 2012

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Ժալ էլ Տիպի կամուրջին վերակառուցման հեռանկարները` ներկայութեամբ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլայի: Հանդիպումէն ... Շարն.

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Աւարտեց Քաղաքացիութիւնը Իր Զաւկին Շնորհելու Լիբանանցի Կնոջ Իրաւունքին Մասին Օրինագիծին Մշակումը

Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Աւարտեց Քաղաքացիութիւնը Իր Զաւկին Շնորհելու Լիբանանցի Կնոջ Իրաւունքին Մասին Օրինագիծին Մշակումը

April 6, 2012

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը երէկ Պաապտայի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ դիւանի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամի: Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը աւարտած է ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 6, 2012

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի փոխանորդ Փոլ Սայահ արքեպիսկոպոսը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ եւ Ռայի պատրիարքին անունով դատապարտեց անոր դէմ կատարուած մահափորձը: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ... Շարն.