Category: Լիբանանեան
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ – ՀԸՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Հըս յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԺԵՀԻԹԱՅԻ քարայրի ընդհանուր պատասխանատու Նեպիլ Հատտատ յայտնեց, որ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին քարայրին ի նպաստ քուէարկութիւնները կը հասնին իրենց աւարտին` աւելցնելով, որ անոնց արդիւնքները կը յստականան երեկոյեան ժամը 9:00-ին: ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՊԸՐՐԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ օրինական շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` ընտրական օրէնքը, նախարարի եւ երեսփոխանի պաշտօնները ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ – ԷՇԹԸՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լոնտոնի իր կեցութեան վայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը, ... Շարն.
ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտէլ Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու երեսփոխաններ Ալի Պեզզիի, Խալետ Զահրամանի, Էլի ... Շարն.
ՄԱՆՍՈՒՐ ԶԱՍՊԻՔԻՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի ... Շարն.
ՇԱՐՊԵԼ. «ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԵՆ ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԻՆ»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը եւ զայն պահպանելու առումով քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն եւ ղեկավարութիւններուն գիտակցութիւնը, Լիբանանի մէջ ապահովական ապակայունութիւնը եւ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ ինք չի հաւատար վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պատմած այն հեքիաթներուն, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր շեշտեց, որ ... Շարն.
ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԱՄԵՐՈՆԻ ՀԵՏ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ անցեալ շաբաթավերջին մեկնած էր Լոնտոն, նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ: Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ – ՀԱՐԻՐԻ ԲԱՆԱՎԷՃ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր յատուկ էջին վրայ տեղադրուած հարցազրոյցի մը շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ ինք այս հանգրուանին կը գտնուի Ռիատի մէջ` աւելցնելով, որ ինք Լիբանան պիտի ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ՀԱՐԻՐԻ ԻՆՉ ՈՐ ՈՒԶԷ ԿՐՆԱՅ ԸՍԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ ԽՕՍՔԸ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾԻ ԱՆԱՐԺԷՔ Է»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի գումարած ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ... Շարն.
«ՄԵՆՔ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱԽԵՐ ՈՒՆԻՆՔ» ՇԵՇՏԵՑ ԱԼԵՆ ԺԻՒՓԷ
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Փարիզ լուրջ մտահոգութիւններ ունի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն անվտանգութեան գծով, ... Շարն.
ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՐԱԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻ ՄԻՆՉԵՒ ԺՈՒՆԻԷ
«Օժերօ»ի խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ համացանցի արագ դրութեան ծառայութիւնը, որ սկսած էր մատուցուիլ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, այս շաբթուան ընթացքին պիտի տարածուի նաեւ այլ շրջաններու ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ արաբական երկիրներու նախագահներու, իշխաններու եւ թագաւորներու հետ` շնորհաւորելով Ատհայի տօնը եւ այդ առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելով անոնց: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու ... Շարն.
ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ
Ատհայի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 7 եւ երեքշաբթի, 8 նոյեմբեր 2011-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 9 նոյեմբերին: Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՀԱԺ ՀԱՍԱՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Գլխաւորաբար քննարկուեցան Լիբանանը հարուածող փոթորիկին ու տեղատարափ անձրեւին ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ լիբանանցիները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով` աւելցնելով, որ այդ առիթով ինք շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի: Միւս կողմէ, «Տիար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց Ազգային ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՆԱԵՒ ՌՈՒՍԻԱ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Միքաթի Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ ունենալիք իր հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններուն միջեւ ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ԱՊԱՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները: ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց շրջանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ... Շարն.

