Category: Լիբանանեան
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւնը երէկ աւարտեց իր Լիբանան այցելութիւնը եւ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց, թէ հաւաքուած է աւելի քան 400 հազար տոլար, որոնք պիտի տրամադրուին Լիբանանի եւ Իրաքի կարիքաւոր ... Շարն.
Միջլիբանանեան Մօտալուտ Երկխօսութեան Լոյսին Տակ. Տեղական Թէ Արտաքին Խորհրդակցութիւններն Ու Հայեացքները Կեդրոնացան Նախագահական Ընտրութեան Եւ Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցերուն Վրայ
Տարիներու եթէ ոչ դարերու աւանդութեանց հետեւելով, հոգեբանական ու բնազդային մղումով, ամէն ոք տօնական օրերու սեմին կ՛ակնկալէ նուէր մը, որ զինք ուրախացնէ: Լիբանանցիք եւս, անխտիր բոլորը, իւրաքանչիւրը իր կարիքին համաձայն ակնկալութիւններ ... Շարն.
Ազդարարելով Սամիր Ժահժահը, Սաատ Հարիրին Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթը`. ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Գործադրել Երեք Զինուորականներու Դէմ Իր Մահավճիռը
ՏԱՀԵՇ-ի նորագոյն սպառնալիքը փոխանցեց սալաֆական շէյխ Ուիսամ Մասրի, որ իբրեւ միջնորդ ինքնակոչ կերպով բարձրացած էր Արսալի բարձունքները, ուր տեսակցած էր առեւանգեալ զինուորականներուն եւ առեւանգողներուն հետ: Զինուորականներուն ընտանիքները անակնկալի եկած, ահ ... Շարն.
Վարչապետ Սալամի Գլխաւորութեամբ Քարիւղի Գծով Նիստին Մասնակցելով`. «Անհրաժեշտ Է Որ Կառավարութիւնը Վճռէ Քարիւղի Գծով Օրինագիծերը, Որպէսզի Աշխատանքի Լծուինք» Յայտարարեց Արթիւր Նազարեան
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց քարիւղի թղթածրարին յատկացուած աշխատանքային նիստի մը` մասնակցութեամբ ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեանի, ջուրի եւ ուժանիւթի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին եւ այլ մասնագէտներու: Քննարկումը կեդրոնացաւ լիբանանեան ... Շարն.
Ուշադիր Վարեցէ՛ք Ձեր Ինքնաշարժը, Եթէ Չէք Ուզեր Տուգանք Վճարել
Հինգշաբթի գիշերէն սկսեալ, ներքին ապահովութեան ուժեր սկսան երթեւեկի գծով հսկողութեան յատուկ դիրքեր հաստատել զանազան մայրուղիներու վրայ: Ժամական 60 քմ. արագութեան արտօնեալ օրէնքը խախտող վարորդը պիտի ենթարկուի մէկէն երեք միլիոն լ. ... Շարն.
Ալճերիական Օդանաւի Արկածի Զոհերու Ժամանումին Զուգահեռ. Վաղը Պաշտօնական Սուգի Օր
Վարչապետ Թամմամ Սալամ վաղը` կիրակի, 21 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 պաշտօնական սուգի օր յայտարարեց` ի յարգանս անցնող 24 յուլիս 2014-ին Մալիի մէջ ազրպէճանական օդանաւի արկածին ... Շարն.
«Օ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի Նոր Սթիւտիոներուն Բացումը Կատարելով`. «Իրականութիւնը Եւ Ոչ Թէ Դրամագլուխը Պէտք Է Ըլլայ Տեղեկատուութեան Երեսը» Յայտարարեց Զօր. Միշել Աուն
Իրականութիւնը եւ ոչ թէ նիւթական դրամագլուխը պէտք է ըլլայ տեղեկատուութեան երեսը» յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Մոնթեվերտիի մէջ բացումը կատարելով «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի ... Շարն.
Տօնական Օրերու Սեմին Հերքելով Բոլոր Սպառնալիքները`. Միջոցառումներու Սաստկացում` Երկրի Ապահովութեան Ամրապնդման Նախանձախնդրութեամբ
Տօնական օրերու սեմին երկրին վարիչներ լծուեցան սերտացնելու իրենց ճիգերը` թելադրելով պատկան կողմերուն` ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրելով եւ հետապնդել օրինազանցները: Այս ծիրին մէջ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք այսօր պիտի նախագահէ ... Շարն.
Իր Գրասենեակը Օդակայան Փոխադրելու Տրամադրութեամբ`. Նախարար Ղազի Զաայթեր Այցելեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայան
Փոխադրամիջոցներու եւ հանրօգուտ սպասարկութեանց նախարար Ղազի Զաայթեր վերահաստատեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին վտանգէ զերծ ըլլալը` այցելելով անոր զանազան բաժանմունքները: «Լրատուական յերիւրանքներ»-ու վերագրելով շրջան ընող խափանարարական վտանգի սպառնալիքը օդակայանին գծով` նախարար Զաայթեր ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԷՅՐՈՒԹԻ հետախուզութեան դատախազ Ֆերիտ Աժիպ հրամանագիրով մը պահանջեց, որ գաղթականներու սնտուկի նախկին տնօրէն Ֆատի Արամունի հարցաքննութեան ներկայանայ 15 յունուար 2015-ին` տրուած ըլլալով, որ ցարդ կարելի չէր եղած տեղեակ պահել զինք: ... Շարն.
Առեւանգողներուն Կողմէ Մահավճիռի Առկախման Լոյսին Տակ. Շէյխ Ուիսամ Մասրի Տեսակցեցաւ Առեւանգեալ Զինուորականներուն Եւ Ապա Ծնողներուն Հետ
Արսալէն անդին Քալամունի եւ Ուատի Աթայի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումներուն ստեղծած վախի մթնոլորտին մէջ, առեւանգուած զինուորականներու հարցը ստացաւ նոր հուն, երբ սալաֆական շէյխ Ուիսամ Մասրի երէկ առաւօտեան Արսալի բարձունքներ ուղղուելով ... Շարն.
Աուն-Ժահժահ Հանդիպումը` Տարեսկիզբին
«Նախագահական ընտրութեան հարցին կողքին այլ հարցեր ալ պիտի քննարկուին մեր հանդիպումին ընթացքին», յայտարարեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Աուն երէկ` ակնարկելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Նախագահի Ընտրութեան Եւ Առեւանգուած Զինուորականներու Ազատ Արձակման Իրականացումը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ նախագահեց նախարարաց խորհուրդի նիստին, ուր օրակարգի կէտերէն դուրս քննարկուեցան նաեւ երկրի աղբակոյտերուն հաւաքման եւ այս գծով «Սուքլին»-ի հետ գործակցութեան ժամանակաշրջանի երկարաձգման կարելիութիւնն ու սեփական մարզի նոր ... Շարն.
Տնտեսական «Աւետիսներ» Կամ` Տնտեսական-Ընկերային «Փերեսթրոյքա՞»
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ անմիջական օգտագործման նիւթերու (մազութ, շաքար...) սակագիներու նուազումի լոյսին տակ, հանդիպումներ կը կատարուին պատկան մարմիններուն հետ` վերատեսութեան ենթարկելու մէկ տրցակ հացի սակագինի նուազեցման ... Շարն.
Սուրիացի Գաղթականներու Հարցը` Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակի Քննարկումներու Առանցքային Հարց
Պաշտօնապէս աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու հարցը օրըստօրէ առաւել եւս կը ճնշէ լիբանանցիներու առօրեային վրայ, քաղաքական, ընկերային թէ ապրուստի հայթայթման իմաստով: Այս իմաստով խոստմնալից ու դրական նկատուեցաւ Պէյրութի մէջ ... Շարն.
Թրքական Բանտէն Բջիջային Նամակագրութեամբ. Պիլալ Տըքմաք Կը Բողոքէ Թրքական Բանտախուցի Իր Կեցութեան Պայմաններուն Դէմ
Լիբանանեան ապահովական մարմիններէն հետապնդուող շէյխ Պիլալ Տըքմաք իր ընկերակիցներուն հետ անցած է Թուրքիա, ուր փորձած է Շենկենի կեղծ այցեգիր ձեռք ձգել, սակայն ձերբակալուած է թրքական իշխանութեանց կողմէ: «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը, ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ Ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հերքեց այն շշուկները, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանը մօտերս թիրախ պիտի դառնայ ահաբեկչական գործողութեան մը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի ... Շարն.
Տիրող Հակասական Կեցուածքներու Մթնոլորտին Մէջ. Խորհրդակցութիւնները Շարունակուեցան Քաղաքական, Ապահովական Եւ Ընկերային Ուղղութիւններով
Երկրի քաղաքական ու ապահովական կայունութեան գծով շրջան ընող դրական թէ բացասական տեղեկութիւններու լոյսին տակ, պատկան ղեկավար կողմեր շարունակեցին իրենց խորհրդակցութիւնները քաղաքական, ապահովական թէ ընկերային- տնտեսական ուղղութիւններով: Քաղաքական ծիրին մէջ ուշադրութեանց ... Շարն.
Հակառակ Դիւանագիտական Եռուզեռին. Առեւանգուած Զինուորականներուն Հարցը Շարունակեց Առանցքը Կազմել Խորհրդակցութեանց
Տօնական օրերու սեմին դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռ կը տիրէ Լիբանանի քաղաքական, ընկերային թէ հրատապ այլ հարցերուն գծով: Արդարեւ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եան Իլիասոնի եւ աւստրալիական եպիսկոպոսական պատուիրակութեան այցելութեանց զուգահեռ, երկրի ... Շարն.
«Գնդակ»-ը Լիբանանեան Դաշտ Յղելով. Նախագահական Ընտրութեան Գծով Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին Տեղական Թէ Արտաքին Շրջանակներու Մօտ
Աւելի քան երկու հարիւր օրերէ ի վեր նախագահական թափուր աթոռի հարցը կը շարունակէ մտահոգել միաժամանակ լիբանանցիներն ու շրջանային եւ միջազգային առնչակից կողմերը: Այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ ... Շարն.

