Category: Լիբանանեան

Հիւսիսային Լիբանանի Պատասխանատուներ Դատապարտեցին Թրիփոլիի Կարգ Մը Եկեղեցիներուն Դէմ Կատարուած Արարքները

Հիւսիսային Լիբանանի Պատասխանատուներ Դատապարտեցին Թրիփոլիի Կարգ Մը Եկեղեցիներուն Դէմ Կատարուած Արարքները

September 3, 2014

Ահմէտ Քարամէ Հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխաններէն Ահմէտ Քարամէ երէկ բուռն կերպով դատապարտեց Թրիփոլիի կարգ մը եկեղեցիներու պատերուն վրայ «խաչապաշտ քրիստոնեաներուն» ուղղուած սպառնալիքները: «Նման արարքներ կը վնասեն համակեցութեան, եղբայրութեան ու ներողամտութեան քաղաք ... Շարն.

Ըստ «Լեպանոն Ֆայլզ» Կայքին.  Սուրիահայ Աշակերտներ Կ՛արժանանան Յատուկ Հոգածութեան

Ըստ «Լեպանոն Ֆայլզ» Կայքին. Սուրիահայ Աշակերտներ Կ՛արժանանան Յատուկ Հոգածութեան

September 3, 2014

«Լեպանոն ֆայլզ» կայքը կը յայտնէ, թէ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հայկական կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները յատուկ դասագիրքեր կը պատրաստեն սուրիահայ գաղթական աշակերտներուն համար: Անոնք ոչինչ կը վճարեն արձանագրութեան թէ թոշակի համար ... Շարն.

Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը Հռոմէն Վերադարձաւ Պէյրութ

Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը Հռոմէն Վերադարձաւ Պէյրութ

September 3, 2014

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմէն վերադարձաւ Պէյրութ եւ ուղղուեցաւ Պքերքէ` առանց ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարելու: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը մօտերս պիտի մեկնի Ուաշինկթըն` մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան քննարկման ... Շարն.

«Նահատակներու Աճիւններով Կերտուած Են Մեր Եկեղեցիներուն Խորանները»  Յայտարարեց Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոս

«Նահատակներու Աճիւններով Կերտուած Են Մեր Եկեղեցիներուն Խորանները» Յայտարարեց Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոս

September 3, 2014

Պէյրութի մարոնիներու առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս երէկ Այունի մէջ հիմը դրաւ նոր եկեղեցւոյ մը կառուցման: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ան շեշտեց եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը քրիստոնէական հաւատամքին մէջ եւ ըսաւ. ... Շարն.

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի

September 3, 2014

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց շրջանի ու Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց Աքքարի միւֆթին` պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին ... Շարն.

Ժոմպլաթ Մեկնեցաւ Գահիրէ

Ժոմպլաթ Մեկնեցաւ Գահիրէ

September 3, 2014

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ` գլխաւորելով պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր ու Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխաններ Ղազի Արիտի ու Ալաէտտին Թըրրօ եւ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 3, 2014

ՄՈՒՍԹԱՖԱ Հիպրի զոհ գնաց եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան երէկ, երբ Պեքաայի Պար Էլիաս շրջանին մէջ, մազոթի պահեստարան մը կը նորոգուէր: Վիրաւորներէն մէկը անդամ է հրշէջներու խումբին, որ փութացած էր դէպքին ... Շարն.

Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ստանձնեց Իր Կորսուած Զինուորներէն Մէկուն Դիակը

Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ստանձնեց Իր Կորսուած Զինուորներէն Մէկուն Դիակը

September 2, 2014

Նահատակ զինուոր Ալի Սէյիտ Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, բանակը ստանձնած է Արսալի բախումներուն ընթացքին առեւանգուած զինուորներէն մէկուն ... Շարն.

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Տակաւին Նոր Է»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Տակաւին Նոր Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

September 2, 2014

Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 94-ամեակին նուիրուած ընդունելութենէն պահ մը Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 94-ամեակին առիթով երէկ առաւօտեան վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին մէջ կազմակերպեց ազգային ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պետական ... Շարն.

Ժոմպլաթ Կը Մերժէ Փոխանակելու Սկզբունքը

Ժոմպլաթ Կը Մերժէ Փոխանակելու Սկզբունքը

September 2, 2014

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ինք բազմիցս ընդգծած է Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անոնց դատավարութիւնը յապաղեցնելը արդարութեան յղացքին հետ կը հակադրուի: ... Շարն.

Պըրրի – Ֆըրզլի Հանդիպում

Պըրրի – Ֆըրզլի Հանդիպում

September 2, 2014

Ֆըրզլի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը: Պըրրի ընդունեց նաեւ Թըպնինի քաղաքապետական ... Շարն.

Մուքպել Դրուատեց Բանակին Կարողութիւնները

September 2, 2014

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դրուատեց լիբանանեան բանակին կարողութիւնները` շեշտելով, որ բանակին ուժը անոր զէնքին ու թիւին մէջ չէ, այլ` ազգային եւ զինուորական սկզբունքներուն ... Շարն.

Ռայի Պատրիարքը Հռոմի Մէջ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Վատիկանի Մէջ Օտար Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Ռայի Պատրիարքը Հռոմի Մէջ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Վատիկանի Մէջ Օտար Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

September 2, 2014

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմի մարոնի պատրիարքարանին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Արաբական լիկայի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Եւրոպական խորհուրդին եւ Լիբանանի դեսպաններուն հետ: ... Շարն.

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահն Ու Հատի Հպէյշը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահն Ու Հատի Հպէյշը

September 2, 2014

Զօր. Քահուաժի, Ժարրահ եւ Հպէյշ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահն ու Հատի Հպէյշը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, զօր. ... Շարն.

Միքաթի Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Միքաթի Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

September 2, 2014

Միքաթի եւ Փլամպլի Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի որոշումով ահաբեկչական ... Շարն.

Ուահապ. «Կը Գտնուինք Զգայուն Հանգրուանի Մը Դիմաց, Որ Կը Սպառնայ Բոլորին»

Ուահապ. «Կը Գտնուինք Զգայուն Հանգրուանի Մը Դիմաց, Որ Կը Սպառնայ Բոլորին»

September 2, 2014

Նախանցեալ օր Ժահիլիէի մէջ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի մեծարանքի երեկոյին ընթացքին վերջինս շեշտեց, որ Լիբանան շատ զգայուն հանգրուանի մը դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ քաղաքացիական պատերազմէն ի ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 2, 2014

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ արաբական երկիրները զինեն լիբանանեան բանակը: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար ... Շարն.

Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ստանձնեց Ազատ Արձակուած Հինգ Զինուորները

Բանակի Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ստանձնեց Ազատ Արձակուած Հինգ Զինուորները

September 1, 2014

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին, բանակը ստանձնած է Արսալի բախումներուն ընթացքին առեւանգուած զինուորներ Իպրահիմ Մուսթաֆա Շաապանը, Մոհամետ Օմար Քատիրին, ... Շարն.

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Ապահովական Բնոյթի Նիստի Մը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Ապահովական Բնոյթի Նիստի Մը

September 1, 2014

Ապահովական Նիստէն Պահ Մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական բնոյթի նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան ... Շարն.

Մուսա Սատըրի Անհետ Կորսուելուն 36-Ամեակին Առիթով .  Պըրրի Կը Հաստատէ Լիբանանի Նախագահական  Ընտրութիւններուն Առաջնահերթութիւնը

Մուսա Սատըրի Անհետ Կորսուելուն 36-Ամեակին Առիթով . Պըրրի Կը Հաստատէ Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւններուն Առաջնահերթութիւնը

September 1, 2014

Պըրրի` պատկերասփռուած խօսքին ընթացքին Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անհետ կորսուելուն 36-րդ տարելիցին առիթով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին ... Շարն.