Category: Լիբանանեան

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

May 21, 2011

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի, 26 մայիսին: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ ունեցած իր ... Շարն.

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

May 21, 2011

«ՆԱՀԱՐ» - Լրատուութիւն` իսրայէլեան Քնեսեթին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող նախագիծի մը` կրթութեան եւ ուսման յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբին փոխանցման վերաբերող որոշումի մը խորհրդարանին միաձայնութեամբ վաւերացման մասին: - Մէջբերում` իսրայէլեան «Հաարեց» ... Շարն.

ՈՒԻԼԻԸՄԶ. «ԱՔՔԱՐԻ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅՈՒՇԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ»

ՈՒԻԼԻԸՄԶ. «ԱՔՔԱՐԻ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅՈՒՇԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ»

May 21, 2011

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ երէկ այցելեց ընկերային հարցերու գործավար նախարար Սելիմ Սայեղի, որուն յայտնեց, թէ ՄԱԿ պատրաստ է օժանդակութիւններ տրամադրելու նախարարութեան` քաջալերելու համար անոր աշխատանքները: ... Շարն.

ԺՈՄՊԼԱԹ. «ՀԶՕՐ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ՍՈՒՐԻԱ ՄԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է»

May 21, 2011

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտիի հետ Փարիզ կատարած իր այցելութիւնը ... Շարն.

ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻ ՍԵՆՏԻՔԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԳՈՐԾԱՎԱՐ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ  ՄԻՋԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻ ՍԵՆՏԻՔԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԳՈՐԾԱՎԱՐ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

May 20, 2011

Ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը, որ նախանցեալ օր ելեւմուտքի գործավար նախարար Ռայա Հասանէն ստացած էր ամսական դրութեամբ 12,5 թիթեղ պենզին ստանալու խոստումը եւ անոր հիման վրայ ջնջած ... Շարն.

ՖԵԼԹՄԱՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

May 20, 2011

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման երէկ երեկոյեան ժամը 7:50-ին ժամանեց Պէյրութ, ուր ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՍԱԿԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՍԱԿԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

May 20, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ողջունեց վառելանիւթի սակերուն հարցով գոյացած համաձայնութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ջնջել փոխադրութեան միջոցներու սենտիքաներուն եւ համադաշնակցութիւններուն յայտարարած գործադուլը: Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման շեշտեց ... Շարն.

ՊԸՐՐԻ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԷ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԻ ՀԱՐՑԸ

ՊԸՐՐԻ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԷ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԻ ՀԱՐՑԸ

May 20, 2011

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ ան մօտէն կը հետապնդէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նստաշրջանը երկարաձգելու եւ Ռումիէի բանտին թղթածրարը լուծելու հարցերը: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ խորհրդարանի նախագահը ամէն ... Շարն.

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

May 20, 2011

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկացի զինուորական Ճոն Շարլթընը, որ կը նախագահէր ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա ... Շարն.

«ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ, ԶԷՆՔԵՐՈՎ ԵՒ ԿՈՒՐԾՔԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆՔ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՈՒՐԻԱՆ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՈՒԱՀԱՊ

May 20, 2011

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ Սուրիոյ Սապպուրա գիւղաքաղաքին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնը մեծ է եւ ընթացքի մէջ` աւելցնելով սակայն, որ ինք ... Շարն.

«ԱՐԴԵՕՔ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆ ԵՐԿԻ՞ՐԸ ՔԱՆԴԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

May 20, 2011

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ վերադարձաւ Պէյրութ: Վատիկանէն ժամանած Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ  շեշտեց, թէ յառաջիկայ 2 յունիսին Պքերքէի մէջ պիտի գումարուի ... Շարն.

ԽԱԶԵՆ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է»

May 20, 2011

Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Խազեն հաստատեց, որ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

May 20, 2011

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, սուրիական թղթածրարին հետ կատարեալ չէզոքութեամբ վարուելու յստակ որոշում մը կայ, որ կը յարգուի: «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան այցելած է Այն Թինէ եւ հանդիպում ... Շարն.

ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ

ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ

May 19, 2011

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու, որոնց շարքին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

May 19, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ վառելանիւթի պատասխանատու մարմիններուն հետ շարունակեց քննարկել վառելանիւթի սակերուն բարձրացման հարցն ու անոր յարմար լուծումները` լիբանանցի քաղաքացիներուն բեռը թեթեւցնելու նպատակով: Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ ... Շարն.

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼԸ ՋՆՋՈՒԵՑԱՒ

May 19, 2011

Երէկ ուշ գիշերին ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը որոշեց առկախել այսօր տեղի ունենալիք գործադուլը` ընդունելէ ետք ելեւմուտքի նախարար Ռայա Հասանի առաջարկը` հանրային փոխադրութեան մարզի եւ փոխադրակառքերու վարորդներուն ... Շարն.

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

May 19, 2011

«ՏԻԱՐ» - Լրատուութիւն` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի Թուրքիա այցելութեան եւ Պոլսոյ մէջ անոր գործունէութեան մասին: (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Սաֆիր», «Լիուա», «Պայրաք», «Լորիան լը ժուր» եւ ... Շարն.

ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ

May 19, 2011

Նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԴՈՒԼԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ 90 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐԸ

May 19, 2011

Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր պետական վարժարանները եւ անձնական դպրոցներուն մեծ մասը երէկ գործադրեցին դասադուլ մը: Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ այսօր առաջին անգամ ըլլալով ... Շարն.

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ՃԻԳԵՐԸ

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ՃԻԳԵՐԸ

May 19, 2011

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ինք վարչապետին հետ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները չէ քննարկած: Ան նկատել տուաւ, որ իր ... Շարն.