Category: Լիբանանեան
Քուէյթի Մէջ. «Լիբանանի Ապահովութիւնը Կայուն Է, Իսկ Տահր Պայտարի Միջադէպը Անցողակի Կը Նկատուի» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ
Սալամ եւ քուէյթցի իշխանը Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Քուէյթ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ: Վարչապետ Սալամի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Պութրոս Հարպ, ... Շարն.
Հարապթա-Լապուէ Անցարգելին Վրայ Բանակը Ձերբակալեց Օմար Սաթեմը Եւ 4 Ուրիշներ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ Հարապթա-Լապուէ անցարգելին վրայ բանակը ձերբակալած է Օմար Մնաուեր Սաթեմը, որ Հարեթ Հրէյքի մէջ կատարուած անձնասպանական գործողութեան հեղինակ Քաթիպա Սաթեմի հօրեղբօրորդին ... Շարն.
Պըրրի. «Ահաբեկչութեան Առաջին Զոհը Զբօսաշրջութեան Մարզն Է, Իսկ Ապահովական Կառոյցին Բանիւ Զօրակցութիւնը Անբաւարար Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք ուրբաթ առաւօտեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքէն տեղեկութիւններ ստացած էր, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսը կրնար ահաբեկչութեան թիրախ դառնալ: ... Շարն.
Ներքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ... Շարն.
Ռաատ. «Տահր Պայտարի Մէջ Արձանագրուած Պայթումը Ահաբեկչութեան Մնացորդացն Է»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Տահր Պայտարի մէջ պատահած պայթումը ահաբեկչութեան մնացորդացն է, որ ապաստանած է մեր շրջաններուն մէջ` նկատի ունենալով, որ այդ ահաբեկիչներուն եւ ... Շարն.
«Հայրերու Օրուան Առիթով Լիբանան Որբ Է» Ըսաւ Ռայի Պատրիարքը
Ռայի պատրիարքը կը քարոզէ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի եւ միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ նախ եւ առաջ ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան կարիք ունինք, որպէսզի կարենանք ուրիշը ընդունիլ եւ վերջ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ներկայութեամբ` առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Նատեր Հարիրիի: Հանդիպումը ... Շարն.
Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Կը Հարուածէ Տահր Էլ Պայտարի Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Անցարգելը
Ուժգին պայթում մը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին թիրախ դարձուց Տահր էլ Պայտարի ներքին ապահովութեան ուժերուն անցարգելը: Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան եւ պատճառած էր զոհ մը` Աւագ ենթասպայ Մահմուտ ... Շարն.
Պայթելու Պատրաստ Չորս Ականուած Ինքնաշարժներ
«Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ այդ աղբիւրները հերքած են այն տեղեկութիւնները, թէ կան գետնուղիներ, որոնք պաղեստինեան գաղթակայաններ կը կապեն Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Պըրժ Պարաժնէի ... Շարն.
Եպիսկոպոսական Սիւնհոտոսը Նախագահական Աթոռին Թափուր Մնալը Լիբանանի Համար Վտանգաւոր Նկատեց
Մարոնի համայնքի եպիսկոպոսական Սիւնհոտոսը աւարտեց իր աշխատանքները` շեշտելով, որ հանրապետութեան նոր նախագահ մը չընտրելը սահմանադրութեան դէմ է, ինչպէս նաեւ կը հակադրուի Ազգային ուխտին: Սիւնհոտոսը նախագահական աթոռին թափուր մնալը Լիբանանի համար ... Շարն.
Փարիզի Մէջ. Ժոմպլաթ-Հարիրի Հանդիպում
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Պէյրութի ժամանակացոյցով երէկ երեկոյեան ժամը 10:00-ին, Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Յաւելուած արժէքի տուրքին բարձրացումը հաստատ աղբիւր մըն է` ուսուցիչներու, պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու: ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Իսրայէլի հաշուոյն ... Շարն.
Աշխատավարձերու Յաւելումներուն Մասին Տարակարծութիւնները Տակաւին Առկայ Են
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին ներկայացուցիչները` խորհրդարանին մէջ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ դարձեալ ուղղուեցաւ խորհրդարան` նախագահելու համար ուսուցիչներու, պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վաւերացումին յատկացուած օրէնսդրական նիստին, որ սակայն ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Մեր Նախագահական Թեկնածուն Հանրի Հըլուն Է, Եւ Այդ Թեկնածութիւնը Յետս Պիտի Չկոչենք»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ են, եւ ... Շարն.
«Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանի Ապահովութիւնը Խախտի, Այլ` Պիտի Աշխատինք Զայն Ամրապնդել» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արաբական տնտեսական խորհրդաժողովին բացման արարողութեան ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր կառավարութիւնը ստանձնած ... Շարն.
Աուտէ Եպիսկոպոսը Ընդունեց Էլիաս Մըրը
Մըր եւ Աուտէ եպիսկոպոսը Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ Էշրեֆիէի մէջ ընդունեց «Ինթըրփոլ»-ի նախագահ Էլիաս Մըրը, որ Աուտէ եպիսկոպոսին յանձնեց «Ինթըրփոլ»-ի շքանշանը: Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, ... Շարն.
Ֆելթման. «Լիբանան Իր Ապահովական Կայունութիւնը Կը Պարտի Լիբանանցիներուն»
ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ճեֆրի Ֆելթման հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թէեւ Լիբանան սրտբաց կ՛ընդունի սուրիացի գաղթականները, սակայն ան իր կարգին կը դիմագրաւէ շարք մը լուրջ մարտահրաւէրներ: Ֆելթման յայտնեց, որ ... Շարն.
Ֆրենժիէ. «Հանրապետութեան Նախագահի Մը Չգոյութիւնը Քրիստոնեաները Պիտի Չտկարացնէ»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ մարոնի համայնքը Լիբանանի հիւսուածքին մէկ մասը կը կազմէ եւ անիկա գլխաւոր համայնքներէն կը նկատուի` աւելցնելով, որ անոնց հարուածած փորձանքներուն ... Շարն.
«Աշխատավարձի Յաւելումները Խանգարող Կողմերը Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Պարագլուխներն Են» Շէյխ Նայիմ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները խանգարող կողմերը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պարագլուխներն են` աւելցնելով, որ անոնք նաեւ կը մերժեն ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ դժուար թէ կառավարութիւնը այս շաբաթավերջին նիստ մը գումարէ: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու նպատակով պարտադրուելիք յաւելեալ տուրքերը անարդար են: ... Շարն.

