Category: Լիբանանեան
Ժեմայէլ-Փլամպլի Հանդիպում
Փլամպլի եւ Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնն ... Շարն.
Միքաթի Ընդունեց Թուրքիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը
Շիմշեք եւ Միքաթի Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Մեհմեթ Շիմշեքը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ժողովուրդին կողմէ ընտրելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը Ս. Գիրք չէ, այլ` փաստած է իր ձախողութիւնը: ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ... Շարն.
Պետական Քննութիւնները Վաղն Իսկ Կը Սկսին
Էլիաս Պու Սաապ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին եւ կրթութեան ու բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապի միջեւ նախանցեալ օրուան բանակցութիւններէն ետք պետական քննութիւնները 24 ժամով յետաձգելու որոշումին լոյսին տակ, կրթութեան նախարարութեան ... Շարն.
Նախագահական Երկու Այլ Թեկնածուներ Կ՛այցելեն Զօր. Աունի
Զօր. Աուն եւ Ֆրենժիէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Պըրրի. «Օրէնսդրական Նիստին Պատահածը Երկրին Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Աշխատանքը Խոչընդոտելու Ընդմէջէն Վարչակարգը Քանդելու Փորձ Մըն Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտը, Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Ժրէյժը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Կը Շեշտէ Կառավարութիւնը Նիստի Հրաւիրելու Իր Իրաւունքը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին իր լաւատեսութիւնը յայտնեց այսօր գումարուելիք կառավարութեան ժողովին առումով` նշելով, որ այս իմաստով կատարուած հաղորդակցութիւնները դրական են: Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք միակն է, ... Շարն.
Պասիլ. «Լիբանանի Գոյութիւնը Սպառնալիքի Տակ Կը Գտնուի»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Աթէնքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ու անոնց արաբ պաշտօնակիցներուն Գ. ընդհանուր ժողովին: Իր արտասանած խօսքին ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍՈՒՐԻՈՅ նախագահ Պաշշար Ասատ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, որովհետեւ անոր հայրենասիրութիւնը պիտի ծառայէ Լիբանանի շահերուն: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ... Շարն.
Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Արձանագրուած Բանավէճերէն Եւ Բանակցութիւններէն Ետք Պետական Քննութիւնները 24 Ժամով Յետաձգուեցան
Պըրրի` խորհրդարանական նիստին ընթացքին Ինչպէս նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը, նոյնպէս ալ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը յետաձգուեցաւ երեսփոխաններու անբաւարար թիւին պատճառով: Օրէնսդրական նիստին յետաձգումով ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին ճակատագիրը ... Շարն.
Ժեմայէլ Եւ Փաուլի Այցելեցին Պքերքէ
Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ հաստատեց, որ լիբանանեան սահմանադրութիւնը ... Շարն.
«Եթէ Կառավարութեան Աշխատանքներուն Խոչընդոտումը Շարունակուի, Պիտի Ստիպուիմ Թափանցիկ Ըլլալ» Ըսաւ Վարչապետ Սալամ
Փաուլի եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 12 յունիսին, քննարկելու համար նախագահական աթոռի ... Շարն.
Օպամայի Կողմէ Հեռագիր` Նախկին Նախագահին
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն, որ նշած էր, թէ Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանին ընթացքին երկիրը կրցաւ դիմակայել տեղական եւ շրջանային շարք մը ... Շարն.
Մաշնուք Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Քաթար
Մաշնուք եւ քաթարցի իր պաշտօնակիցը Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քաթար, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաթարցի իր պաշտօնակիցին` շէյխ Ապտալլա պըն Նասերի ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Հարիրիի Պիտի Տեղեկացնեմ, Թէ Ո՛չ Աունը Պիտի Ընտրենք, Ո՛չ Ալ Ժահժահը»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի պիտի տեղեկացնէ, թէ իր պլոքը ո՛չ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին, ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական վիճաբանութիւնը երկար տեւելու պարագային կրնայ վերածուիլ ապահովական բախումի: ՇԷՅԽ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի կողմէ ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Երէկ ՀՅԴ Տեղեկատու գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երկուշաբթի, 9 յունիս 2014-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ սերտեց խորհրդարանին այսօրուան նիստին ընթացքին քննարկուելիք աշխատավարձերու յաւելումի ... Շարն.
Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ, Մինչ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Գործադրեց Իր Նստացոյցը
Սալամ եւ Պըրրի Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը երէկ վեցերորդ անգամն ըլլալով յետաձգուեցաւ` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հասաւ խորհրդարան, իր կարգին վարչապետ Թամմամ Սալամ հասաւ խորհրդարան` ... Շարն.
Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Նիստերուն
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեամբ ուրիշը պէտք չէ զբաղի` կոչ ուղղելով երեսփոխաններուն մասնակցելու նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի ... Շարն.
Ներքին Ապահովութեան Ուժերու 153-Ամեակ. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Կը Յիշեն Ահաբեկչութեան Դէմ Ձեր Մղած Պայքարը» Շեշտեց Մաշնուք
Ապահովական ուժերու տողանցքէն պահ մը Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 153-ամեակին առիթով` երէկ Տըպպայէի Ուիսամ Հասանի անուան զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը` հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար ... Շարն.




