Category: Միջազգային
5 Ազրպէյճանցիներ Իրանի Մէջ 9 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտուած Են
Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի Թաւրիզ քաղաքի շրջանային դատարանը Հարաւային Ազրպէյճանի Ազգային զարթօնքի շարժում կազմակերպութեան ղեկավար Լիաթիֆ Հասանին եւ անոր չորս գործընկերները 9 տարուան բանտարկութեան դատապարտած է: Ազրպէյճանցիները ... Շարն.
«Ասատ Չի Կրնար Փոխանցման Կառավարութեան Մաս Կազմել» Կ՛ըսէ Քերրի
Ճոն Քերրի Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Սուրիոյ ապագան չի կրնար նախագահ Պաշշար Ասատը ներառել` նշելով, որ Ասատ իր օրինականութիւնը ամբողջովին կորսնցուց եւ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ, իսկ ... Շարն.
Ուաշինկթըն Աքսայի Մզկիթին Շուրջ Լարուածութեան Գծով Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Եւ Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Վենթրէլ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է Աքսայի մզկիթին շուրջ տիրող լարուածութենէն, ներառեալ Երուսաղէմի միւֆթի շէյխ Մուհամետ Հիւսէյնի ձերբակալութենէն եւ կոչ ուղղեց` ինքնազուսպ ըլլալու ... Շարն.
Իրաք Կը Մերժէ ՔԱԿ-ի Զինեալներու Իրաքեան Հողեր Մուտք Գործելը
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց ՔԱԿ-ի զինեալներու Անգարայի հետ համաձայնութեան մը ծիրին մէջ Իրաք մուտք գործելը: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ` «պահպանելու համար իրաքեան հասարակութիւնն ու անոր կայունութիւնը, ինչպէս ... Շարն.
Ուաշինկթըն Կրկին Պաքուին Կոչ Ուղղած Է` Դադրեցնելու Ընդդիմադիրներու Եւ Լրագրողներու Վրայ Ճնշումները
Էյլին Տոնահիու Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ անգամ մը եւս Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են` յարգելու եւ երաշխաւորելու մարդու հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները: ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդին մէջ ... Շարն.
Իվանիշվիլի Վրաստանի Մէջ Բացումը Կատարած Է Հայտար Ալիեւի Յուշարձանին Եւ Խոստացած Ազրպէյճանցի Նախարար Մը Նշանակել
Պիծինա Իվանիշվիլի Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի ծննդեան 90-ամեակին առիթով ձեռնարկ տեղի ունեցած է նաեւ Վրաստանի մէջ: Վրացական եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ռուսթաւի քաղաքին մէջ կատարուած է Հայտար ... Շարն.
Հրեայ Բնակեցուածներ Ներխուժեցին Երուսաղէմի Հին Քաղաքը
Երէկ կէսօրէ ետք աւելի քան 60 հազար հրեայ բնակեցուածներ ներխուժեցին Երուսաղէմի Հին քաղաքը, երբ պաղեստինցիներ փորձեցին նստացոյցով արգելք հանդիսանալ անոնց, իսրայէլեան ապահովական ուժերը բռնի ուժ կիրարկեցին չխնայելով նոյնիսկ լրագրողները եւ ... Շարն.
Ռուսիա Սուրիական Կողմը Տեղեակ Կը Պահէ Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութեան Մասին
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով հանդիպում ունեցաւ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատի հետ եւ զինք տեղեակ պահեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց ... Շարն.
Յորդանան Որոշեց Ամմանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը Վտարել Եւ Թել Աւիւի Մէջ Իր Դեսպանը Տուն Կանչել
Մինչ Աքսայի մզկիթի շրջափակին դէմ իսրայէլացի բնակեցուածներու կողմէ յարձակումները երէկ եւս շարունակուեցան, Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր յայտնեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի դիմէ, եթէ Աքսայի մզկիթին դէմ իսրայէլեան ... Շարն.
ՔԱԿ-ի Զինեալներու Թուրքիայէն Հեռացումը Սկսաւ
Քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ ԱՖՓ-ի յայտնեց, որ ՔԱԿ-ի զինեալները չորեքշաբթի օր սկսած են Թուրքիայէն Հիւսիսային Իրաք հեռանալու: «Գիտենք, որ ըմբոստներու հեռացումը սկսաւ», ըսաւ ան: ՔԱԿ-ի զինեալ ... Շարն.
«Ուաշինկթընի Ու Մոսկուայի Շահերը Հասարակաց Են` Սուրիոյ Եւ Տարածաշրջանի Կայունութեան Պահպանման Հարցերուն Մէջ» Ըսաւ Քերրի
Ճոն Քերրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն հաղորդեց, որ Քերրի հանդիպումին ընթացքին Փութինի հետ շնորհակալութիւն ... Շարն.
Ուաշինկթըն Կը Փորձէ Արաբական Լիկան Համոզել Իսրայէլը Ճանչնալու Իբրեւ Հրէական Պետութիւն
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Արաբական լիկայի այն յայտարարութենէն ետք, թէ 1967-ի սահմաններու հիմամբ տարածքներու փոխանակման սկզբունքը կ՛ընդունի, ամերիկեան վարչակարգը աշխատանք կը տանի Արաբական լիկայի անդամները համոզելու, որ հրապարակաւ ... Շարն.
«Իսրայէլի Հետ Հողատարածքներու Փոխանակման Վերաբերեալ Արաբական Լիկայի Նախաձեռնութիւնը Դրական Զարգացում Է» Կ՛ըսէ Լիվնի
Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնի յայտնեց, որ «բանակցութեանց վերսկսումը իսրայէլեան, պաղեստինեան եւ միջազգային շահերուն կը համապատասխանէ»: Ան ընդգծեց, որ «Իսրայէլի հետ հողատարածքներու հաւանական փոխանակման շուրջ Արաբական լիկայի նոր նախաձեռնութիւնը դրական ... Շարն.
Թուրքեր Դէպի Սուրիական Գաղթակայաններ Քայլարշաւ Կատարելով Կը Բողոքեն Աքչաքալէի Բախումներուն Դէմ
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ խումբ մը թուրք քաղաքացիներ թրքական դրօշներ բարձրացուցած եւ կարգախօսներ բացագանչելով Սուրիոյ հետ Աքչաքալէ սահմանային անցքին վրայ հինգշաբթի օր թուրք ոստիկանի մը կեանքը խլած բախումներէն ... Շարն.
Ըստ «Իսրայէլ Տիֆենս»-Ի Հայֆայի Վերեւ Վար Առնուած Սարքը Ռուսական Նաւէ Մը Թռիչք Առած Է
«Իսրայէլ Տիֆենս» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացիներուն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի հերքումին հաւատալէն ետք, հաւանական է, որ Հայֆայի վերեւ վար առնուած առանց օդաչուի թռչող սարքը կը նմանի ռուսական արտադրութեամբ նմանօրինակ ... Շարն.
«Իսլամական Ծայրայեղական Խմբաւորումներ Քիմիական Զէնք Օգտագործեցին» Կ՛ըսէ Զողպի
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներ երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործեցին»` վստահեցնելով, որ «սուրիական ... Շարն.
Համաս Եւ Իսլամական Ժիհատ Կը Դատապարտեն Հողատարածքներու Փոխանակման Համաձայնութիւնը
Համատ եւ Քերրի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պաղեստինեան Համաս եւ Իսլամական Ժիհատ կազմակերպութիւնները դատապարտեցին Արաբական լիկայէն անդամներու եւ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի պաշտօնատարներու միջեւ այն համաձայնութիւնը, ըստ որուն կ՛առաջարկուի Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն ... Շարն.
Պաքու Թեհրանի Բողոքագիր Յղած Է
Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն լարուած մնալ: Թաւրիզի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը երէկ բողոքագիր մը յղած է իրանեան կողմին` Իրանի մէջ ազրպէյճանցի գրականագէտի եւ չորս գործիչներու ձերբակալման առնչութեամբ: ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներ Լիպիոյ Մէջ Իրենց Հիւպատոսարանին Դէմ Յարձակումին Առնչուած Զինեալներու Լուսանկարներ Կը Հրապարակեն
Զինեալներուն լուսանկարները «Էֆ.Պի.Այ.» հրապարակեց լուսանկարները երեք զինեալներու, որոնք լուսանկարուած էին 11 սեպտեմբեր 2012-ին Պենկազիի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումին ընթացքին: «Էֆ.Պի.Այ.» աշխարհի հասարակութենէն խնդրեց անոնց ինքնութեան բացայայտման օժանդակել: «Էֆ.Պի.Այ.» ... Շարն.
Հիւսիսային Քորէա Ամերիկացի Քաղաքացի Մը 15 Տարի Տաժանակիր Աշխատանքի Դատապարտած Է
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէայի գերագոյն դատարանին որոշումով` Միացեալ Նահանգներու քորէական ծագում ունեցող քաղաքացի Քենեթ Պէյ դատապարտուած է 15 տարի տաժանակիր աշխատանքի: Ամերիկացին ձերբակալուած էր 3 նոյեմբեր 2012-ին Հիւսիսային ... Շարն.

