Category: Միջազգային

Ըստ Հարցախոյզներու  Նեթանիահու` Այսօրուան Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն Հաւանական Յաղթականը

Ըստ Հարցախոյզներու Նեթանիահու` Այսօրուան Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Հաւանական Յաղթականը

January 22, 2013

Նեթանիահու եւ Լիպըրման Իսրայէլի մէջ Քնեսեթի կողմէ անցեալ նոյեմբերին որդեգրուած որոշումին հիմամբ այսօր խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: «Կալլոփ»-ի կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ... Շարն.

«Փաթրիոթ» Համակարգերով Բեռնաւորուած  Նաւերը Հասան Ալեքսանտրէթ

«Փաթրիոթ» Համակարգերով Բեռնաւորուած Նաւերը Հասան Ալեքսանտրէթ

January 22, 2013

Բողոքի ցոյց` «Փաթրիոթ» համակարգերու տեղակայման դէմ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ տեղակայուելիք «Փաթրիոթ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը փոխադրող նաւերը հասած են Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստ: «Փաթրիոթ»-ները Թուրքիա ... Շարն.

Իրաքի Վարչապետը Խստիւ Կը Դատապարտէ  Տաւութօղլուի Յայտարարութիւնը

Իրաքի Վարչապետը Խստիւ Կը Դատապարտէ Տաւութօղլուի Յայտարարութիւնը

January 22, 2013

Նուրի Մալիքի ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի խստիւ դատապարտած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի վերջին յայտարարութիւնը: Ան ընդգծած է, որ այդպիսի յայտարարութիւնները բարի ... Շարն.

«Ասատ Եւ Իր Ընկերները Ուշ Կամ Կանուխ  Պիտի Հեռանան, Եւ Ժողովուրդը Զանոնք  Հաշուետուութեան Պիտի Կանչէ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ասատ Եւ Իր Ընկերները Ուշ Կամ Կանուխ Պիտի Հեռանան, Եւ Ժողովուրդը Զանոնք Հաշուետուութեան Պիտի Կանչէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

January 21, 2013

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Այնթապի համալսարանին կողմէ իրեն պատուոյ դոկտորայի աստիճանի տուչութեան արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու իր ընկերները ուշ կամ ... Շարն.

Ռուսիա Սեւ Եւ Միջերկրական Ծովերուն Մէջ  Սկսաւ Ծովուժի Լայնածաւալ Ռազմափորձերու

Ռուսիա Սեւ Եւ Միջերկրական Ծովերուն Մէջ Սկսաւ Ծովուժի Լայնածաւալ Ռազմափորձերու

January 21, 2013

Ռուսիոյ ռազմածովային ուժերը` Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն ընդհանուր հրամանատարութեան ղեկավարութեամբ, շաբաթ օր Սեւ ծովու եւ Միջերկրական ծովու աւազաններուն մէջ սկսած են վերջին տասնամեակներուն ընթացքին մեծագոյն միջնաւատորմային ռազմափորձերուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը ... Շարն.

Ըստ Թրքական Լրատուամիջոցներու  Ֆրանսական Գաղտնի Սպասարկութիւնը Փարիզի  Սպանութիւնները ՔԱԿ-ի  Ներքին Տագնապի Հետեւանք Կը Նկատէ

Ըստ Թրքական Լրատուամիջոցներու Ֆրանսական Գաղտնի Սպասարկութիւնը Փարիզի Սպանութիւնները ՔԱԿ-ի Ներքին Տագնապի Հետեւանք Կը Նկատէ

January 21, 2013

Թրքական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնը թրքական կառավարութենէն պաշտօնատարներու յայտնած է, որ Փարիզի մէջ 9 յունուարին ՔԱԿ-ի երեք կին գործիչներու սպանութիւնը ներկուսակցական տագնապի մը արդիւնք է: Թրքական իշխանութիւնները ... Շարն.

Պուլկարիոյ Մէջ Յարձակում` Ծագումով  Թուրք Քաղաքական Գործիչի Մը Դէմ

Պուլկարիոյ Մէջ Յարձակում` Ծագումով Թուրք Քաղաքական Գործիչի Մը Դէմ

January 21, 2013

Զինեալը ատրճանակը կ՛ուղղէ Տողանի հասցէին Անծանօթ զինեալ մը Պուլկարիոյ Յանուն իրաւունքներու եւ ազատութեանց շարժում կուսակցութեան ղեկավար Ահմեթ Տողանի սպառնաց, մինչ ան իր կուսակցութեան 8-րդ հերթական ժողովին ընթացքին խօսք մը կ՛արտասանէր: ... Շարն.

«Միջին Արեւելքի Հարցը Բնակեցումը Չէ,  Այլ Իրանն Ու Սուրիան»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Միջին Արեւելքի Հարցը Բնակեցումը Չէ, Այլ Իրանն Ու Սուրիան» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

January 21, 2013

Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի հարցը Այսրյորդանանի մէջ Արիել կամ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ գտնուող բնակեցման վայրերը չեն, այլ` Իրանը, Սուրիան եւ Ափրիկէի մէջ իսլամական ծայրայեղականութիւնը: ... Շարն.

«Անհրաժեշտ Է Կասպից Ծովու  Օրինական Կարգավիճակը Ճշդել»  Կ՛ըսէ Սալեհի

«Անհրաժեշտ Է Կասպից Ծովու Օրինական Կարգավիճակը Ճշդել» Կ՛ըսէ Սալեհի

January 21, 2013

Ալի Աքպար Սալեհի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է Կասպից ծովու օրինական կարգավիճակը ճշդել, որպէսզի զայն եզերող դրացի երկիրները մտատանջող մտավախութեանց վերջ տրուի»: Սալեհի Կասպից ... Շարն.

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի «Արաբական Գարուն»-ը 225 Միլիառ Տոլարի Վնաս Պատճառած Է

January 21, 2013

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ «Արաբական գարնան» տնտեսական ծախսերը կազմած են 225 միլիառ տոլար: Ըստ հաշուարկներու, 2010-ին Միջազգային դրամական ֆոնտը նախատեսած է, որ Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ տնտեսութիւնները միասնաբար 2011-2015 թուականներուն ... Շարն.

Ահմատինեժատ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Արեւմտեան Պատժամիջոցներու Հասցուցած  Տնտեսական Վնասին Մասին Խօսած Է

Ահմատինեժատ Առաջին Անգամ Ըլլալով Արեւմտեան Պատժամիջոցներու Հասցուցած Տնտեսական Վնասին Մասին Խօսած Է

January 21, 2013

Մահմուտ Ահմատինեժատ «Վեսթի» վկայակոչելով «Ժազիրա»-ն կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ առաջին անգամ ըլլալով խոստովանած է իր երկրին դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հաստատած տնտեսական պատժամիջոցներուն իրանեան տնտեսութեան ... Շարն.

Ըստ Համաշխարհային Դրամատան  Ազրպէյճանի Տնտեսական Աճը Յառաջիկայ Տարիներուն Պիտի Կրճատուի

Ըստ Համաշխարհային Դրամատան Ազրպէյճանի Տնտեսական Աճը Յառաջիկայ Տարիներուն Պիտի Կրճատուի

January 21, 2013

Ըստ Համաշխարհային դրամատան նախատեսութեան, 2013-ին Ազրպէյճանի տնտեսական աճը 4.2 առ հարիւր պիտի ըլլայ: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ըսուած է Համաշխարհային դրամատան «Համաշխարհային տնտեսութեան հեռանկարները» զեկուցումին ... Շարն.

Տաւութօղլու Փոխանցման Հանգրուանին Մէջ  Ասատի Վարչակարգի Դերակատարութեան  Մերժումին Վրայ Կը Պնդէ

Տաւութօղլու Փոխանցման Հանգրուանին Մէջ Ասատի Վարչակարգի Դերակատարութեան Մերժումին Վրայ Կը Պնդէ

January 19, 2013

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու գովելի նկատած է այն երեւոյթը, որ Սուրիոյ ժողովուրդը, հակառակ մեծ զոհողութեանց, չի հրաժարիր իր արդար պահանջներէն: «Գրեթէ ամբողջ ... Շարն.

Բրիտանիա Կրնայ Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութիւնը Դադրեցնել,  Եթէ Պրիւքսել Իր Անդամակցութեան  Նոր Ձեւաչափին Չհամաձայնի

Բրիտանիա Կրնայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը Դադրեցնել, Եթէ Պրիւքսել Իր Անդամակցութեան Նոր Ձեւաչափին Չհամաձայնի

January 19, 2013

Տէյվիտ Քամերուն ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ կը նախատեսուէր, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն երէկ Ամսթերտամի մէջ արտասանէր խօսք մը, որուն մէջ պիտի յայտարարէր, թէ Բրիտանիա կրնայ Եւրոպական Միութեան իր անդամակցութիւնը ... Շարն.

«Պատրաստ Ենք «Մաւի Մարմարա»  Նաւուն Հարցով Թուրքիոյ Նամակ Յղելու»  Կ՛ըսէ Այալոն

«Պատրաստ Ենք «Մաւի Մարմարա» Նաւուն Հարցով Թուրքիոյ Նամակ Յղելու» Կ՛ըսէ Այալոն

January 18, 2013

Տանի Այալոն Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Իսրայէլ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով անոր յղելու «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէպքին շուրջ նամակ մը, ... Շարն.

«Ան, Որ Մտավախութիւն Չունի, Թէ Սուրիա  Կրնայ Մասնատուիլ, Իրապաշտ Չէ»  Կ՛ըսէ Յորդանանի Վարչապետը

«Ան, Որ Մտավախութիւն Չունի, Թէ Սուրիա Կրնայ Մասնատուիլ, Իրապաշտ Չէ» Կ՛ըսէ Յորդանանի Վարչապետը

January 18, 2013

Ապտալլա Նուսուր Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նուսուր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին յայտնեց, որ «ան, որ մտավախութիւն չունի, թէ Սուրիա կրնայ մասնատուիլ, իրապաշտ չէ»` նշելով, որ «հակառակ ատոր ... Շարն.

Բազմահազար Յուղարկաւորներ Յարգանքի  Վերջին Տուրք Կը Մատուցեն Փարիզի Մէջ  Սպաննուած Քիւրտ Կին Գործիչներուն

Բազմահազար Յուղարկաւորներ Յարգանքի Վերջին Տուրք Կը Մատուցեն Փարիզի Մէջ Սպաննուած Քիւրտ Կին Գործիչներուն

January 18, 2013

Երէկ Տիգրանակերտի Փաթըքենթ հրապարակին վրայ խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ 9 յունուարին սպաննուած քիւրտ կին գործիչներու յուղարկաւորութիւնը: Անոնց դագաղները ծածկուած էին ՔԱԿ-ի դրօշներով: Յարգանքի վերջին տուրք մատուցելու ... Շարն.

Հերքելով Փարիզի Մէջ Քիւրտ Գործիչներու  Սպանութեան Հարցով Իրանի  Ուղղուած Ամբաստանութիւնը` «Թուրքիոյ Կայունութիւնը, Ապահովութիւնն  Ու Ազգային Միասնականութիւնը Իրանի Կայունութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Մեհմանփարասթ

Ռամին Մեհմանփարասթ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Թուրքիոյ կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը Իրանի կայունութիւնն է: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մեհմանփարասթ յայտնած է, ... Շարն.

Ալճերիական Բանակը Պատանդները Ազատելու Գործողութեան Ձեռնարկեց

January 18, 2013

Ալճերիական բանակը Արեւելեան Ալճերիոյ մէջ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ին պատկանող բնական կազի կեդրոնի մը դէմ զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկեց` ազատելու համար Իսլամական Մաղրեպի մէջ Քայիտա կազմակերպութեան կողմէ առեւանգուած օտարերկրացիները, որոնց շարքին են ... Շարն.

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Ապահովութեան Խորհուրդէն Պահանջեց Հալէպի  Համալսարանին Մէջ  «Ահաբեկչական Ջարդը» Դատապարտել

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդէն Պահանջեց Հալէպի Համալսարանին Մէջ «Ահաբեկչական Ջարդը» Դատապարտել

January 17, 2013

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ուղարկեց նամակ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ երեքշաբթի օր Հալէպի համալսարանին դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքին զոհերը ուսանողներ են: «Հալէպի ... Շարն.