Category: Միջազգային
ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԱՌԵՑՆԷ
Եւրոպական Միութիւնը որոշեց Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել: Հաստատուած պատժամիջոցներուն շարքին են Սուրիոյ քարիւղի եւ կազի ճարտարարուեստին առնչուող կազմածներու արտածման արգելքը, դիւրին վարկերու տրամադրումի արգիլումը, ինչպէս նաեւ 12 անձնաւորութեանց եւ ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է ՍԱԼԵՀԻԻՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիին յայտնած է Անգարայի մտահոգութիւնը վերջերս իրանցի բարձրաստիճան զինուորականի մը կողմէ հնչած այն յայտարարութեան առնչութեամբ, թէ սպառնալիքի ենթարկուելու ... Շարն.
«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՕՊԱՄԱ
Իսրայէլեան-ամերիկեան հասարակական հարցերու յանձնախումբը` ԷՅՓԱՔ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու համար «Իսրայէլի պետութենէն» աւելի կարեւոր դաշնակից գոյութիւն չունի: Օպամա նախագահ իր վերընտրուելուն համար ... Շարն.
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՕՍԵԹԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԵՐԺԵՑ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԸ
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Էդուարդ Քոքոյթի յայտարարած է, որ կը մերժէ նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրած ընդդիմութեան ղեկավար Ալլա Զիոյեւայի ներկայացուցած վերջնագիրը: «Ես վերջնագիրներ ... Շարն.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԷՐԿԵՆԵՔՈՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒՈՂԸ «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԶԱՒԱԿ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԱԾ Է
Թրքական «Տունիապիւլթենի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Էրկենեքոնի եւ «Արմատականութեան դէմ պայքարի ծրագիր» գործերով հետախուզուող, Թուրքիոյ Ետիթեփէ համալսարանի հիմնադիրներու խորհուրդի նախագահ Պետրէտտին Տալան Ազրպէյճանի կողմէ մրցանակի արժանացած է: Թրքական ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԹՈՒՐՔԻԱ – ՍՈՒՐԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԽԶՈՒՄԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիա մուտք գործեց տագնապի մը մէջ, որմէ կարելի չէ դուրս գալ»: Ան ըսաւ, որ «Սուրիա մեր տուած բոլոր խրատներն ու բարեփոխումներու ... Շարն.
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐԸ` ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ԴԻՐՔԻ ՎՐԱՅ
Եգիպտոսի խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանը, որ կը ներառէր 9 նահանգներ, աւարտեցաւ երեքշաբթի օր: Նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Իսլամ եղբայրներն ու սալաֆականները 6 նահանգներու մէջ յառաջատար դիրքի վրայ են: Ղպտի յայտնի գործարար ... Շարն.
ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԻՐ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԻՐԱՆԷՆ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԷ
Բրիտանիա իր դիւանագէտները Իրանէն հեռացուցած է, երբ բրիտանական կառավարութիւնը այն եզրակացութեան հասած է, որ Իրան ի վիճակի չէ երկրին մէջ գտնուող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատակիցներու անվտանգութիւնը ապահովել, այդ պատճառով ալ որոշած ... Շարն.
ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՐԻՒՐԷ ԱՒԵԼԻ ՄԱՐԴԻԿ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ` ՄԻՍԻ ՀԱՄԸ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆՕՐԷՆ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՆՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Չինաստանի, սննդեղէնի արդիւնաբերութեան մարզին մէջ յառաջացած գայթակղութեան պատճառով հարիւրէ աւելի մարդիկ բանտարկութեան դատապարտուած են: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անոնք մեղաւոր ճանչցուած են միսի պատրաստութեան մէջ քիմիական արգիլուած ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ` «ՖՈՐԷՅՆ ՓՈԼԻՍԻ»-Ի 100 ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրը հրապարակած է «100 Համաշխարհային մտաւորականներու» ցուցակ մը, որուն մէջ ներառուած են նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, որոնք կը ... Շարն.
ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՑԻԿ ՆԻՒԹԵՐ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԵՐԿՈՒ ՏՈՒՓԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ԵՆ
Իտալական «Աքի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իտալական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ապահովական ուժեր Հռոմի «Լուիս» համալսարանին մօտ գտնուող Թիրիեսթա փողոցին մէջ պայթեցուցած են երկու տուփեր, որոնք պայթուցիկ նիւթեր կը ... Շարն.
ՖՐԱՆՍԱ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՈՒԶԷ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ ըսած է, որ Փարիզ առաջարկած է, որ Թուրքիա մասնակցի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու` սուրիական տագնապին առնչութեամբ յառաջիկային ... Շարն.
ԱՆԳԱՐԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ ՉԻ ԲԱՑԱՌԵՐ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ միջազգային ընտանիքին հետ համակարգաբար, Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ ապահովական գօտի ստեղծելու որոշում տալ, եթէ այդ երկրէն գաղթականներու դէպի Թուրքիա ... Շարն.
ՄԱՐՈՔԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
Ընտրութիւններուն մէջ իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրած մեծ յաղթանակէն ետք, Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորը կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Իլահ պըն Քիրանին վստահեցաւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու պարտականութիւնը: Մարոքի նոր նշանակուած ... Շարն.
ԻՐԱՆՑԻ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՆԵՐԽՈՒԺԱԾ ԵՆ
Իրանի մէջ հակաբրիտանական ցոյց կատարող ուսանողներ Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատուն ներխուժած են: Ցուցարարները վար առած են Բրիտանիոյ դրօշակը, այրած են զայն եւ անոր տեղ բարձրացուցած Իրանի դրօշակը: Բացի ատկէ, անոնք ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԴԱՏԱՐԿ ՍՏԱՄՈՔՍ ԵՒ ՓՈՔՐ ՈՒՂԵՂ ՈՒՆԷՐ Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա ժամանակին մկանոտ թեւեր, դատարկ ստամոքս, փոքր ուղեղ եւ թրթռացող սիրտ ունէր: «Թուրքիա ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԵԼԻՔ ՕԹԱՆ-Ի ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՏԱՐՐԵՐԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՈՐԵՒԷ ՎՏԱՆԳ ՉԵՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Զաման» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերը Ռուսիոյ համար որեւէ վտանգ չեն ներկայացներ: «Թուրքիոյ ... Շարն.
«ԱՐԱԲՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԴՈՒՌԸ ՓԱԿԵՑԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՄՈԱԼԼԵՄ
Մինչ Հալէպի, Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին զօրակցող ցոյցեր տեղի կ՛ունենային, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով անդրադարձաւ կիրակի օր Սուրիոյ ... Շարն.
ՄՈՒՊԱՐԱՔԻ ՏԱՊԱԼՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ. ՔՈՒԷԱՐԿՈՂՆԵՐՈՒ ԽՈՒՌՆԵՐԱՄ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երէկ առաւօտեան ժամը ութին ընթացք առին Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութեան տապալումէն ետք Եգիպտոսի խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին իսլամական եւ աշխարհիկ, ինչպէս նաեւ նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչներուն միջեւ բուռն մրցակցութիւն արձանագրուեցաւ: Քուէարկողներու ... Շարն.
ԱՃԵՄՕՂԼՈՒ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՌՈՒՄԲԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԱՐՊԱՍՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ Է
Հայազգի աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, Մասաչուսեց համալսարանի դասախօս Տարօն Աճեմօղլու «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ եւրոյի գօտիի ճգնաժամը Թուրքիոյ դուռը կը թակէ: «Եւրոյի գօտիի ճգնաժամը ժամացոյցի մեքանիզմով ... Շարն.

