Category: Միջազգային

ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

May 23, 2011

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ մերժեց ստորագրել եմէնեան տագնապի լուծման համար Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը, նախքան անոր գործադրութեան ձեւերուն շուրջ համաձայնութեան գոյացումը: Ծոցի շրջանէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Եմէնի մայրաքաղաք ... Շարն.

ԿԻՒԼ. «ՀԱՄԱՍ ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ»

May 23, 2011

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շաբաթ օր «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա պաղեստինեան Համաս շարժումին կոչ ուղղած է` Իսրայէլի «գոյութիւն ունենալու իրաւունքը» ճանչնալու: Կիւլ ... Շարն.

«ԵԹԷ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՅՍՊԷՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ, ԱՊԱ ԲՈԼՈՐՍ ՏԽՐԵՑՆՈՂ ԺԽՏԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

May 23, 2011

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա կրնայ իր դիմագրաւած վտանգաւոր տագնապը խաղաղ ճամբով լուծել, եթէ «խորիմաստ եւ համապարփակ բարեփոխումներու» ... Շարն.

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՆԿԱԶԻԻ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՆԿԱԶԻԻ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

May 23, 2011

Եւրոպական Միութիւնը երէկ Պենկազիի մէջ գրասենեակ մը բանալով լիպիացի ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդին հետ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց, քայլ մը, որ մաս կը կազմէ Պենկազիի մէջ քաղաքական ղեկավարութեան միջազգային ... Շարն.

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՓԵՇԱՈՒԱՐԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻ ՇՔԱԽՈՒՄԲԻՆ ԴԷՄ

ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՓԵՇԱՈՒԱՐԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻ ՇՔԱԽՈՒՄԲԻՆ ԴԷՄ

May 21, 2011

Փաքիստանի թալեպանները ուրբաթ օր յայտարարեցին, որ հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին պատկանող շքախումբի մը դէմ կատարած են յարձակում մը, որ պատճառեց զոհ մը եւ 10 վիրաւոր: Յարձակումը կու գայ ... Շարն.

ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ «ԳՈՐԾԱԿԱԼ» ԿՈՉԵԼԷ ԵՏՔ. ՍԱԼԵՀ ԿԱՆԽԱՀԱՍ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

May 21, 2011

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ երէկ կանխահաս նախագահական ընտրութեան հրաւէր ուղղեց, սակայն իր հեռացումը պահանջող ցուցարարները դարձեալ «գործակալ» կոչեց, իսկ անոնց կատարած ցոյցերը` յեղաշրջումի փորձ: Ուշագրաւ էր, որ Սալեհ իր ... Շարն.

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ, ԻՍԿ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

May 21, 2011

Եգիպտոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան իրենց ճշդուած ժամկէտին` սեպտեմբերին, որմէ ետք պիտի որդեգրուի նոր սահմանադրութիւն մը, որուն հիմամբ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւն: ... Շարն.

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ԻՐ ՃԱՌԻՆ ՄԷՋ. «ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՊԱԳԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ԿԱՊՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱ

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ԻՐ ՃԱՌԻՆ ՄԷՋ. «ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՊԱԳԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ԿԱՊՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱ

May 21, 2011

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Միջին Արեւելքի շուրջ իր արտասանած ճառին մէջ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեան հոլովոյթին եւ բարեկարգումի պահանջներուն: ... Շարն.

ՊԸՆ ԼԱՏԵՆ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՍՓՌՈՒԱԾ ԻՐ ՈՒՂԵՐՁԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ. «ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՔԱՄԻՆ ՊԻՏԻ ՓՉԷ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՎՐԱՅ»

May 20, 2011

Իսլամական խմբաւորումներու պատկանող կայքէջեր երէկ սփռեցին Քայիտայի սպաննուած ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենի ուղերձը, որուն մէջ ան կ՛ողջունէ արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորաբար Թունուզի եւ Եգիպտոսի յեղափոխութիւնները` զանոնք նկատելով ... Շարն.

ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՄԷՆԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ ՄԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ

May 20, 2011

Եմէնցի ընդդիմադիր պաշտօնատար Մոհամետ Պասանտուա յայտարարեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը Եմէնի տագնապին լուծման միջնորդութեան ձախողութենէն ետք յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ... Շարն.

ՕՊԱՄԱ ԱՍԱՏԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ

ՕՊԱՄԱ ԱՍԱՏԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ

May 20, 2011

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «մարդկային իրաւունքները ոտնահարելնուն համար» Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ սուրիացի պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ ... Շարն.

«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՇՐՋԱՆՑՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ՇՐՋԱՆՑՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

May 19, 2011

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, որ սուրիական տագնապը «շրջանցուած է»` հաստատելով, որ «ապահովական կարգ մը սխալ վարուելակերպեր» արձանագրուած են: Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ասատ Դամասկոսի ականաւոր դէմքերուն հետ հանդիպումի ... Շարն.

ՔՈՒԷՅԹԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՍԻՒՆՆԻ ԵՒ ՇԻԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄ

ՔՈՒԷՅԹԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. ՍԻՒՆՆԻ ԵՒ ՇԻԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄ

May 19, 2011

Քուէյթցի սիւննի եւ շիի երեսփոխաններ երէկ խորհրդարանին մէջ Կուանթանամոյի բանտի ձերբակալեալներու հարցի քննարկման ընթացքին բախում մը ունեցան: Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, խորհրդարանը Կուանթանամոյի արգելափակման ճամբարին մէջ արգելափակուած քուէյթցիներու հարցը կը ... Շարն.

ԱՆԳԱՐԱ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 63-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՉԷ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԾ ԹԵԼ ԱՒԻՒԸ

May 18, 2011

Թրքական «Էն. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մէջ նշուած է Իսրայէլի հիմնադրութեան 63-ամեակը: Կազմակերպուած ընդունելութեան ոեւէ թուրք պաշտօնատար ներկայ չէ գտնուած: Մեկնաբանելով ... Շարն.

«ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՆՊԷՍ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ, ԿԱՐԾԵՍ ԻՐԵՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑ ՄԸ ԸԼԼԱՐ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

May 18, 2011

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական առեւտրական եւ սակարանային գրասենեակներու սենտիքայի ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Սուրիոյ իրադարձութիւնները դարձեալ Թուրքիոյ ներքին հարցը նկատեց: Էրտողան ըսաւ, որ «Թուրքիան Սուրիոյ ... Շարն.

ԼԻՊԻՈՅ ՔԱՐԻՒՂԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԹՈՒՆՈՒԶ ԿԸ ՓԱԽՉԻ

ԼԻՊԻՈՅ ՔԱՐԻՒՂԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԹՈՒՆՈՒԶ ԿԸ ՓԱԽՉԻ

May 18, 2011

Թունուզեան ապահովական պաշտօնատար մը երէկ հաղորդեց, որ Լիպիոյ քարիւղի նախարար Շուքրի Ղանեմ երկուշաբթի օր փախուստ տուած է դէպի Թունուզ եւ լքած Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգը: Ան կը միանայ Քազզաֆիի վարչակարգը լքած ... Շարն.

ՄՈՒՊԱՐԱՔ ՈՒՂԵՐՁՈՎ ՄԸ ԵԳԻՊՏԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐՈՒՄ ՊԻՏԻ ՀԱՅՑԷ

May 18, 2011

Եգիպտական «Շուրք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք կը պատրաստէ ժողովուրդին ուղղուած ուղերձ մը, որ պիտի սփռուի պատկերասփիւռի քանի մը կայանէ: Կը նախատեսուի, որ ան խոստովանի, թէ ... Շարն.

ՓԱՔԻՍՏԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ՕԹԱՆ-Ի ԴԷՄ

May 18, 2011

Փաքիստանցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ՕԹԱՆ-եան երկու ուղղաթիռներ Աֆղանիստանէն հիւսիսարեւմտեան Փաքիստան մուտք գործելով փաքիստանցի երկու զինուորներ վիրաւորեցին, ինչ որ փաքիստանեան բանակը մղեց բողոքելու: Փաքիստանեան բանակը յայտնեց, որ այս դէպքին հարցով ՕԹԱՆ-ի ... Շարն.

ԵՒՐՈՏԵՍԻԼԵԱՆ ԱՊՏԱԿ

May 18, 2011

«Եուրովիժըն»ի մրցանքին արձանագրուած յաղթանակէն ետք միջազգային մամուլը Ազրպէյճանին կ՛ակնարկէ իբրեւ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան տեսանկիւնէն վատ համբաւ ունեցող երկիր: Ըստ ազրպէյճանական «Ազատլըք» օրաթերթին, իրենց հրապարակումներուն ընթացքին այդ նիւթին անդրադարձած են ... Շարն.

ՇՆՈՏԱ Գ. ՂՊՏԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԻՐԵՆՑ ՆՍՏԱՑՈՅՑԻՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ

ՇՆՈՏԱ Գ. ՂՊՏԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԻՐԵՆՑ ՆՍՏԱՑՈՅՑԻՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ

May 18, 2011

Ղպտիներու Շնոտա Գ. պապը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով եգիպտական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանին առջեւ նստացոյց կատարող եւ Մասփիրոյի ցուցարարներ անունով ծանօթ ղպտիներուն կոչ ուղղեց անմիջապէս վերջ տալու նստացոյցին, եւ զանոնք զգուշացուց ... Շարն.