Category: Միջազգային
Փարիզի Մէջ Ուքրանիոյ Շուրջ Լաւրով¬Քերրի Բանակցութիւններ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Ուքրանիոյ շուրջ Փարիզի մէջ բանակցութիւններու ձեռնարկեցին: Հանդիպումը աճապարանքով կազմակերպուեցաւ ուրբաթ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ... Շարն.
Թրքական Ընտրութիւններ. Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Յառաջատար Դիրքի Վրայ
Թրքական պատկերասփիւռի կայաններ երէկ գիշեր հաղորդեցին, որ ըստ քուէներու աւելի քան 24 առ հարիւրի հաշուարկման արդիւնքին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 43¬48 առ հարիւրը: Կուսակցութիւնը նպատակ ... Շարն.
Ռասմուսեն. «Օթան Պիտի Շարունակէ Դէպի Արեւելք Ընդլայնիլ»
Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն «Վելթ ամ Սոնթակ» պարբերաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման հոլովոյթը պիտի շարունակուի: «Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու անդամակցութիւնը այս կազմակերպութեան ... Շարն.
Մոսկուա. «Ծայրայեղականները Կը Շարունակեն Սուրիացի Քաղաքայինները Ահաբեկել»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց, որ «ծայրայեղականները կը շարունակեն սուրիացի քաղաքայիններ ահաբեկել, մասնաւորաբար Լաթաքիոյ Ռիֆին մէջ վերջին յարձակումին ընթացքին»: Նախարարութիւնը նշեց. «Վերջին օրերուն բախումները սաստկացան կառավարական ուժերուն եւ ապօրինի զինեալ ... Շարն.
Թուրքիոյ Հրետանին Կրակ Բացած Է Քեսապի Ուղղութեամբ
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ալեքսանտրէթ նահանգի Եայլատաղ շրջանի դատարկ հողատարածքին մէջ սուրիական կողմէն արձակուած ռումբի պայթումին պատճառաբանութեամբ թրքական բանակը պատասխան հարուածներ հասցուցած են սուրիական տարածքին: Եայլատաղի ... Շարն.
Տաւութօղլու Սուրիոյ Դէմ Պատերազմի Սկսելու Մասին Զրոյցի Գաղտնալսումը Թուրքիոյ Դէմ Պատերազմ Կը Նկատէ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անդրադարձած է Թուրքիան ցնցած գաղտնալսման հրապարակումին, ուր ինք եւ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները գաղտնի կը խօսին Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ... Շարն.
6-րդ Օրն Ըլլալով. Քեսապի Ճակատամարտը Կը Շարունակուի
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի Նիւ Եորքի մէջ թրքական բանակը ամբաստանեց Քեսապի ճակատամարտին ընթացքին զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական գործողութիւններուն ծածկոյթ տրամադրելու յանցանքով: Մինչ այդ` Քեսապի ճակատամարտը 6-րդ օրն ըլլալով ... Շարն.
Լաթաքիոյ Հիւսիսը Եւ Քեսապի Արեւմտեան Մուտքին Մօտ Բուռն Մարտերը Կը Շարունակուին
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը յարձակած է Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող «45-րդ կէտ» բլուրին վրայ, եւ տեղի ունեցած բախումներու պատճառով զինեալները կորուստներ ունեցած են: Ըստ «Մայատին»-ի, սպաննուած են ... Շարն.
Քեսապի Շրջանին Մէջ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին
Երէկ Քեսապի շրջանին մէջ բուռն բախումները շարունակուեցան: Թէեւ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ Քեսապը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ, սակայն Սուրիական մարդկային իրաւանց հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի ... Շարն.
Ուքրանիա Իր Ուժերուն Կը Հրամայէ Հեռանալ Խրիմէն
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտըր Թուրչինով յայտնեց, որ ուքրանական ուժերու Խրիմէն հեռացումը հրամայած է: Ան նշեց, որ այդ որոշումը որդեգրուած է, որովհետեւ Ռուսիա վտանգած է զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կեանքերը: Ուքրանիոյ ... Շարն.
Ժիրինովսքի Լեհաստանին, Հունգարիոյ Եւ Ռումանիոյ Առաջարկած Է Մասնատել Ուքրանիան
Վլատիմիր Ժիրինովսքի «Տէօչը Վելէ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի Լեհաստանին առաջարկած է իր տարածքին հինգ ուքրանական շրջաններու միացման մասին հանրաքուէներ կատարել: Նման ուղերձներ ստացած են նաեւ ... Շարն.
Թրքական Ուժերը Վար Առին Սուրիական Օդանաւ Մը. Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին Քեսապի Եւ Անոր Շրջակայքին Մէջ
Վար առնուած սուրիական օդանաւը Երէկ ուշ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ դատապարտելով ընդդիմադիր զինեալ ճակատներուն կողմէ Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանին վրայ կատարուած յարձակումը` Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւր մը ... Շարն.
ՕԹԱՆ Ուքրանիոյ Սահմանին Վրայ Զօրքերու Կուտակման Հարցով Կը Զգուշացնէ Ռուսիան
Զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի զօրքերու հրամանատար զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ զօրքերու կուտակման հարցով զգուշացուց Ռուսիան` նշելով, որ ՕԹԱՆ մասնաւորաբար մտահոգ է այդ ուժերուն Մոլտաւիոյ Մերձտնիեսթր շրջանին ... Շարն.
Քալամունի Մէջ Գործողութիւն Մը Թիրախ Կը Դարձնէ Լիբանան Ուղարկուող Ինքնաշարժներու Ականման Հեղինակները
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քալամունի խորքը տեղի ունեցած է ապահովական գործողութիւն մը, որուն թիրախն էին Լիբանան ուղարկուող ինքնաշարժներու ականման հեղինակները: Ըստ տեղեկութեանց, գործողութեան պատճառով սպաննուած են ինքնաշարժներու ականման ... Շարն.
Տահեշ Սպառնացած Է Գետնի Հաւասարեցնել Սիւլէյման Շահի Դամբարանը, Եթէ Թրքական Դրօշը Վար Չառնուի
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ դիրքեր գրաւած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սպառնացած են գետնին հաւասարեցնել Սիւլէյման շահի Հալէպի նահանգի հիւսիսը գտնուող դամբարանը, եթէ ատոր վրայէն անմիջապէս ... Շարն.
Էշթըն Իրանի Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնագիրի Մը Կնքումին Նկատմամբ Լաւատես Է
Քեթրին Էշթըն ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու հաւանականութեան նկատմամբ լաւատես է: Էշթըն Պրիւքսէլի ... Շարն.
Ըստ Անգլիոյ Դրամատան. Քսաններու Խմբակն Ու Եւրոպական Միութիւնը Ելեւմտական Վտանգներու Լոյսին Տակ Պէտք Է Արագացնեն Դրամատուներու Բարեփոխումները
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ դրամատան փոխկառավարիչ Ճոն Քանլիֆ յայտնած է, որ Քսաններու խմբակն ու Եւրոպական Միութիւնը պէտք է արագացնեն դրամատուներու վերակազմաւորումը, որ առնչուած է ելեւմտական համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող ... Շարն.
Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Օճալանի Ցկեանս Բանտարկութիւնը «Մարդկային Իրաւանց Խախտում» Կը Նկատէ
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը ՔԱԿ-ի բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի բողոքին հիմամբ վճռեց, որ Թուրքիա մասամբ խախտած է Մարդկային իրաւանց շուրջ եւրոպական ուխտը: Դատարանը մասնաւորաբար Անգարային կոչ ուղղեց պայմանաւորեալ ազատ արձակման ... Շարն.
«Եթէ Այս Ժողովուրդին Ծառայելը Սեւամորթ Ըլլալ Կը Նշանակէ, Ապա Այո՛, Ես Սեւամորթ Եմ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Այտըն նահանգին մէջ նախընտրական ելոյթ ունեցած է: Թրքական «Փոսթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան ինքզինք համեմատած է Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ատնան Մենտերեսի հետ, որ անոր ... Շարն.
Մոլտաւիոյ Եւ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Մինչեւ Յունիս
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Մոլտաւիոյ եւ Վրաստանի իշխանութիւններուն խոստացած է Ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրել մինչեւ այս տարուան յունիսը: Այս մասին նշուած է Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու` Ուքրանիոյ ... Շարն.

