Category: Յօդուածներ
Իւրաքանչիւր Լիբանանահայու Ազգային Պարտականութիւնն Է Նեցուկ Կանգնիլ ԼՕԽ-ին
ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ Լիբանանի օգնութեան խաչը իր հիմնադրութեան օրերէն կը ծառայէ լիբանանահայ ընկերութեան ընկերատնտեսական ու առողջապահական վիճակի բարելաւման ու բարեկարգման աշխատանքներուն: ԼՕԽ-ը իր պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ ատեն խտրութիւն դրած է ... Շարն.
Պատրաստ Ըլլալ Օժանդակելու
ՎԱՉԷ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ Սիրելի՛ հայեր, «Տեսնենք եւ օգտագործենք ծառայութեան ամէն պատեհութիւն, տանք` առանց փոխարժէքը հաշուելու, պայքարինք` առանց վիրաւորուելու, աշխատինք` առանց հանգիստ փնտռելու, ծառայենք`առանց վարձատրութիւն ակնկալելու»: Այս գեղեցիկ եւ իմաստալից տողերը որքան ... Շարն.
Պէտք Է Սատարել Նուիրական Գործին
ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ Ողջունելի է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին այս նախաձեռնութիւնը, սակայն ձեր աշխատանքին սահուն եւ արդիւնաւէտ ընթացքը, յանուն ազգանուէր ծրագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ` հայ ժողովուրդի բարօրութեան, կարելի պիտի չըլլայ ... Շարն.
ԼՕԽ-ը` Բոլորիս Տէր
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ Ողջոյն ազգանուէր ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին` 80-ամեայ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն: ԼՕԽ-ի ծառայութիւնները, յատկապէս ուղղուած` մեր գաղութին նուազ բախտաւոր խաւին, մեծապէս գնահատուած են, անփոխարինելի իսկ ըլլալու աստիճան: Առ այդ, ... Շարն.
Զօրակցութեան Ցոյց Թրքական Հիւպատոսարանին Առջեւ` Ի Նպաստ Քեսապէն Տեղահանուած Հայորդիներուն
Ուրբաթ, 28 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան եւ Քեսապի հայրենակցական միութեան հրաւէրին` զօրակցութեան ցոյց կատարեցին Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ: Ցուցարարները թրքական իշխանութեանց ... Շարն.
Գաղութէ – Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Զուիցերիա Մշակութային Ձեռնարկ Մարտ 24-ին Ցիւրիխի «Թոնհալլէ» համերգային սրահին մէջ «100 համերգ` 100-ամեակին» Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգաշարի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Երբ խաչուած են ժամանակներն ... Շարն.
Ջաւախք` Լիբանանահայութեան Նոր Յանձնառութիւնը
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Այս յօդուածը կը զուգադիպի լիբանանահայ Ջաւախքի օժանդակ մարմնի նախաձեռնած Ջաւախքի նուիրուած օրերու ձեռնարկներուն, որոնք լիբանանահայութեան աւելի մօտէն պիտի ներկայացնեն Ջաւախքի եւ վիրահայութեան, անոնց քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ռազմաքաղաքական ... Շարն.
Տեսակէտ. Հայկական Քեսապը Վտանգուած Է…
ԱՆԻ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Սփիւռքի երկու հայկական գիւղերէն Քեսապը` հայկական Կիլիկիոյ միակ գիւղը, որ Թուրքիոյ ենթակայ չէ, յարձակման ենթարկուած է, ժողովուրդը հեռացած է իր հարազատ գիւղէն, տեղահանուա՞ծ է, ո՛չ, կրնա՞յ տեղահանուիլ, ... Շարն.
Քեսապի Ապտակը Եւ Հայոց Դասը
ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ Ոչ ոք կը սպասէր եղածը` այդ ահաւոր զինուորական լայնածաւալ յարձակումը: Քանի մը ժամուան մէջ Քեսապը պարպուեցաւ եւ անցաւ թշնամի խուժանին տրամադրութեան տակ: Ցնցիչ այս պատմական եղելութիւնը հայութեան մեծ ... Շարն.
Կարգ Մը Սննդարար Ուտելիքներ. Փակեղնը / Դդումը (Pumpkin)
ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ Փակեղնը հարուստ է պեթա-քարոթին-ով, որ հականեխիչ է եւ դէմ կը դնէ քաղցկեղային եւ սրտանօթային հիւանդութիւններուն: Անիկա կը պայքարի նաեւ ծերութեան ազդանշաններուն դէմ: Փակեղնը աղքատ է ջերմուժի` քալորի-ներու տեսակէտէն, ... Շարն.
Անդրադարձ. Թուրքիոյ Քաղաքական Անկայունութիւնը Պիտի Շարունակուի
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 30 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնցմէ անվիճելի կերպով յաղթական դուրս եկաւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարը` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, ... Շարն.
Ջաւախքի Հայութեան Ազատ Ու Լիարժէք Ապրելու Իրաւունքին Ի Խնդիր
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Ջաւախքը Վրաստանի 9 մարզերէն ամէնէն լքուած ու անտեսուած Սամցխէ Ջաւախէթի մարզն է, որ այսօր կ՛ապրի հին ժամանակներու մէջ, նման հոլիվուտեան ժապաւէնի մը մեծ քաղաքին, ուր բեմադրիչը կարծէք դիմած ... Շարն.
Սթաթիւս Քուոյի Պահպանումը` Ղարաբաղեան Հիմնահարցի Լուծման Եւրոպական Բանալի (Ա.)
ԼԵՆՍԵՐ ԱՂԱԼՈՎԵԱՆ «Լեռնային Ղարաբաղը վաղնջական ազրպէյճանական հող է: Ազրպէյճանցիները այդ երկրամասում ապրել են դարերով, իսկ հայերը եկել են այդտեղ որպէս հիւր... Պարզապէս 19-րդ դարում հայերի վերաբնակեցումը ուրիշ շրջաններից Լեռնային Ղարաբաղում ... Շարն.
ՀՅԴ- ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի Նախկին Եւ Նոր Անդամներու Խրախճանք
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 29 մարտ 2014-ին տեղի ունեցաւ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի նախկին եւ ներկայ անդամներու խրախճանք մը «Լա Պարաքա» ճաշարանին մէջ: Խրախճանքին ներկայ էին աւելի քան 200 ... Շարն.
Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»-ը Կ՛աջակցի Օթիզմէ Տառապող Մանուկներուն Օթիզմի իրազեկման միջազգային օրուան ընդառաջ` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան 28 մարտին այցելած է օթիզմէ տառապող մանուկներուն համար նախատեսուած «Մանուկներու զարգացման միջազգային կեդրոն»: ... Շարն.
Ձօն Սիրեցեալ Բնօրրանիս` Պաշտելի Քեսապին
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 2014-ի գարնանամուտին` ուրբաթ, 21 մարտի առաւօտ կանուխ, Քեսապէն ազգական մը հեռաձայնով կը հաղորդէր Թուրքիայէն ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու ներխուժման եւ ծայր առած խուճապային փախուստի չարաբաստիկ լուրը: Ազգականս կ՛ըսէր, որ ... Շարն.
«Մենք Քեսապի Մէջ Հազարամեակներու Պատմութիւն Ունենք»
Karabakh-life.am կայքը երէկ հարցազրոյց ունեցաւ Լաթաքիոյ մէջ գտնուող Քեսապի շտապ օգնութեան եւ վերականգնման գործադիր մարմինի անդամ Կարօ Մանճիկեանի հետ: Ստորեւ` հարցազրոյցը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ տեղեկութիւններ կան այս պահի դրութեամբ Քեսապից: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- ... Շարն.
Անգարա Կը Ղեկավարէ Հիւսիսային Սուրիոյ Վրայ Յարձակումը. Հայկական Նոր Բռնագաղթ
ՄԱՐԱՀ ՄԱՇԻ Այն պահուն, երբ սուրիական բանակն ու իր դաշնակիցները յառաջխաղացք կ՛արձանագրէին երկրի կեդրոնական մասերուն ու Դամասկոսի գիւղական շրջակայքին մէջ եւ իրենց դիրքերը կ՛ամրապնդէին Հալէպի նահանգին մէջ իրենց վերատիրացած շրջաններուն ... Շարն.
Սուրիոյ Թիւրքմենական Գումարտակները… «Յեղափոխականնե՞ր, Թէ՞ «Ժանտարմա»
ՍԱՀԻՊ ԱՆԺԱՐԻՆԻ Սուրիոյ մէջ գործող թիւրքմենական զինեալ խմբակներուն մաս կը կազմեն հազարաւոր զինեալներ, որոնց ուղղակիօրէն ցուցմունք եւ օժանդակութիւն կու տայ Թուրքիա: Արդարեւ, հարկ է հարց տալ, թէ անոնք իսկապէ՞ս «յեղափոխականներ» ... Շարն.

