Category: Յօդուածներ
«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Մամուլին Դէմ Բացուած Դատին` Մեծաթիւ Հայեր Եւ Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Հետեւեցան Դատավարութեան
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ բացուած դատը լայն արձագանգ գտաւ: Հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դատավարութեան ընթացքին, իսկ լիբանանեան թերթեր հայութեան ի ... Շարն.
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Քրիստոս Խաչո՛վ Կերտեց Յարութիւնը
Հայ եկեղեցւոյ շարականը հետեւեալ ամփոփ, սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ Քրիստոսի յարութիւնը` «մահուամբ մահուան յաղթեց»: Մահկանացու մարդուն համար մահով մահուան յաղթելը բանականութեան ու երեւակայութեան սահմանները անդրանցնող երեւոյթ մըն է: Հո՛ս ... Շարն.
Առաւել Կեանք` Վասն Փառացն Աստուծոյ Եւ Ի Շինութիւն Ազգիս Հայոց
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով, մեզ զկեանս պարգեւեաց: Անկասկած, տարուան այս եղանակին, յարութեան հրաշալիքին ընդմէջէն կը ջանանք նոր ջերմեռանդութեամբ նայիլ կեանքին, որպէսզի մեր դիմաց ալ ... Շարն.
24 Ապրիլին Իւրաքանչիւր Հայ Պարտի Յարգանք Պարտադրել
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին սեմին, հինգշաբթի, 24 ապրիլին, Լիբանանի հայութիւնը հրաւիրուած է հաւաքաբար, միասնական շարքերով եւ նորահունչ ուժականութեամբ ոգեկոչելու Հայասպանութեան 99-ամեակը: Ցարդ կատարուող ... Շարն.
Էրտողան Մատ Շարժած Է Օպամայի Վրայ` Սպիտակ Տան Մէջ Կայացած Տաք Զրոյցի Ժամանակ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Փուլիցըր» մրցանակի դափնեկիր, ամերիկացի լրագրող Սէյմուր Հերշ, «London Review of Books» երկշաբաթաթերթին մէջ հրապարակուած «Կարմիր գիծը եւ առնէտային արահետը» ուշագրաւ յօդուածին մէջ բացայայտած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 21 ... Շարն.
Կիրակնօրեայ Խօսքը. Տէրը Մի՛ Զրկէք Ձեր Զաւակներուն Ներկայութենէն…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ Սիրելի՛ ընթերցող, Ծաղկազարդ էր, «Յաղթական մուտքն է յԵրուսաղէմ»: Տօն Յիսուս Քրիստոսի տէրութեան, թագաւորութեան եւ հզօրութեան: Տօն խոնարհութեան ու հեզութեան: Տօն մանուկներուն եւ անմեղներուն: Ասոնք են տօնական Աւետարանէն ընթերցումին ... Շարն.
Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ոգեկոչում
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դատիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 14 ապրիլ 2014-ին: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք Լենա Գալուստեան կատարեց բացման խօսքը` ըսելով. «Ապրիլ 24, 1915, մարդկային պատմութեան ... Շարն.
ԼՕԽ-ի Հանգանակութիւն
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տարիներու աւանդութիւն դարձած հանգանակութիւնը ընթացք առաւ 4 ապրիլին եւ աւարտեցաւ 9 ապրիլ 2014-ին: Շնորհիւ ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան, քարոզչական յանձնախումբին եւ Լիբանանի տարածքին վրայ գտնուող 26 մասնաճիւղերուն հետեւողական ... Շարն.
Ուխտագնացութիւն
Այս տարուան գարնան առաջին օրը ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին համար իւրայատուկ էր. վարչութիւնը ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած էր դէպի Մար Շարպել: 20 մարտ, 2014-ի առաւօտուն, շուրջ 85 ուխտաւորներ, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ, ... Շարն.
Թմրամոլութեան Դէմ Արշաւը Կը Շարունակուի…
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, լայնախոհութեամբ հետեւելով հայ երիտասարդութեան սպառնացող վտանգներուն, որոնցմէ ամէնէն ահաւորը կը նկատուի թմրեցուցիչի գործածութիւնը եւ ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը, իր 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններուն ուսերուն դրած էր յաւելեալ պատասխանատուութիւն մը` ... Շարն.
ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղի Կորուստները
Վերջին տարիներուն ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը իր հաւատաւոր անդամներէն կորսնցուց աննման ընկերուհիներ, որոնք ծառայութեան եւ նուիրումի տիպար օրինակներ եղած էին, միշտ պատրաստ` իրենց սիրած միութեան եւ մասնաւորաբար Նոր Մարաշ «Աշխէն» մասնաճիւղի ... Շարն.
ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկուան հաւաքոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան գրադարան ... Շարն.
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածը Մասնակցեցաւ Լոնտոնի Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին
8-10 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսը «Ըրլզ քորթ քոնֆըրընս» ցուցասրահին մէջ: Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, նախաձեռնութեամբ Լոնտոնի Համայնքային խորհուրդին, գործակցութեամբ Հայաստանի դեսպանատան եւ կազմակերպութեամբ այս առիթով յառաջացած ... Շարն.
Լուսանկարը…
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Մտքէ չէր անցներ, որ իբրեւ երախտագիտութիւն Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի ճամբով լիբանանահայ դպրոցներու աշակերտութեան հաւաքական եւ հետեւողական ջանքերով ու նուիրաբերութեամբ իրենց ընծայուած փոքր հանրակառքին, կրնային նոյն հանրակառքին հետ լուսանկարուիլ ... Շարն.
Ակնարկ. Արդիւնքներ Եւ Պատասխանի Յստակացումներ
Հայկական աշխարհը կը նախապատրաստուի նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը եւ աշխատանքային ժամացոյցի սլաքները լարելու 100-ամեակի ուղղութեամբ: Պահանջատիրութեան բովանդակային եւ եղանակային խնդիրներ, շեշտադրումներ, պետութիւն-սփիւռք թէ՛ հռետորաբանութեան եւ թէ՛ համակարգման մեքենականութիւններու ճշդումի հարցեր, ... Շարն.
Մանկապատանեկան Յուշերէս. «Քեսապ Էլ Ժեմիլ» (Գեղեցիկ Քեսապ)
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Էքիզօլուխ Հօրեղբայրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան, կառչած մնաց սուրիական հայրենքին, նոյնիսկ երբ իր հարազատները (ներառեալ` իր զաւակները) ձգեցին երկիրը ու գաղթեցին: Եթէ մէկ կողմէ հաւատաց Հալէպ քաղաքին` որպէս սփիւռքահայ ... Շարն.
Զարաքօլու. Հայկական Քեսապը Այժմ Դատարկ Է
Թուրք մտաւորական, հասարակական գործիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքօլուն իր շաբաթական յօդուածը նուիրած է սուրիական Քեսապ աւանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ անոնց` Թուրքիոյ մասնակցութեան: «Քայիտա» խմբաւորման հետ կապ ունեցող ... Շարն.
Երիտասարդական Բողոքի Հաւաք` Ընդդէմ Քեսապի Մէջ Թրքական Ոճրագործութեան
Երեքշաբթի, ապրիլի 15-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան, երիտասարդական բողոքի համահաւաք կայացաւ Սպահան քաղաքի Մոթահառի կեդրոնական պողոտային վրայ գտնուող «Թրքիշ էրլայնզ»-ի ... Շարն.

