Category: Գաղութային
ՀԵԸ-Ի «ԱՆԴՐԱՆԻԿ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԿԵՐՊՈՎ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ «ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴԸ» ՊԱՐԱՅԻՆ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, կազմակերպութեամբ պարախումբի վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 20 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» պարախումբի պարային բեմադրութիւնը: Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ ... Շարն.
«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՎ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱԿԻ
Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, «Հայ մանուկի տարուան» առիթով երէկ` ուրբաթ, 20 մայիս 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ մանկական ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Քուէյթ իր կեցութեան երեք օրերուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ ու այցելութիւններ կատարեց: Իր իջեւանած պանդոկին մէջ վեհափառին այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Հայաստանի ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ` ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ. «ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Քուէյթ կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս մամլոյ ասուլիս տուաւ տեղացի լրագրողներուն: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Քուէյթի բոլոր թերթերու եւ պատկերասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի ... Շարն.
ԸՆԴՎԶՈՒՄՆ ՈՒ ՅՈՅՍԸ` ԺԱՆ ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Ժան Փոլ Կիրակոսեան արուեստագէտը իր գործերուն ընդմէջէն պատգամներ եւ յատկապէս ընդվզումներ կը յայտնէ, կը մերժէ քարացած ժխտական իրականութիւնները եւ պաստառները դիտողը կը մղէ մտածելու, որ կարելի է բան մը փոխել ... Շարն.
«ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ. ՄԻՐԷՅ ԿՈԿԻԿԵԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ` հինգշաբթի, 19 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեանին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միրէյ Կոկիկեանի իւղաներկի եւ միքսթ միտիայի գեղանկարներու ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԵՐԸ` ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՑՆԵԼՈՒ ՈՒ ԹՄՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` հինգշաբթի, 19 մայիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծնողներուն դերը` զաւակներուն ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Երեքշաբթի, 17 մայիս 2011-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի Սապահ Ժապր Ահմետ Սապահ իշխանին հետ` յատուկ կարգադրութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին: Վեհափառը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ` ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ.«ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂՈՒԹԻ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆ Է» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երեքշաբթի, 17 մայիս 2011-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած Ազգային վարժարանի յիսնամեակի պաշտօնական հանդիսութեան: Արդարեւ, հանդիսութեան աւարտին իր պատգամը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին, վեհափառը ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՔՈՒԷՅԹ
Երկուշաբթի, 16 մայիսի կէսօրին, Արամ Ա. կաթողիկոս ժամանեց Քուէյթի օդակայանը: Վեհափառը պաշտօնապէս դիմաւորելու եկած էին Քուէյթի եւ Ծոցի շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի դեսպան Պասսամ Նաամանի, Հայաստանի դեսպան ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը թարմացուած է նոր նիւթերով եւ յօդուածներով, որոնց ընդմէջէն կ՛արտացոլան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ հայութեան վերաբերող նոր գրութիւններու ներկայացումը կը կատարուի: Կիզակէտ բաժինին մէջ տեղադրուած է «Աֆքար» թերթին ... Շարն.
«ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ»Ի ՄԷՋ. «ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆ»Ի ԿԻԹԱՌԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄՈՅԹԻՆ ՀԱՄԵՐԳԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` երեքշաբթի, 17 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի կիթառահարներու համոյթին ելոյթը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու: Հանդիսութեան ... Շարն.
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ . ՀՈՒՐԻ ԿԷՕՏԵԼԵՔԵԱՆ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՀՕՄ-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴՐՈՂ
Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքներու համակարգումին համար պաշտօնի հրաւիրած է Հուրի Կէօտելեքեանը: Աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր Նիւ Եորքի բնակիչ Կէօտելեքեան իր աշխատանքները պիտի տանի ... Շարն.
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹ
17-20 մայիս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթ: Այցելութեան ընթացքին նախարար Յակոբեան պիտի մասնակցի Քուէյթի Ազգային վարժարանի 50-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւններուն, ներկայ պիտի ըլլայ վարժարանի 50-ամեակին ... Շարն.
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ «ՎԵՐՆԻՍԱԺ»
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանեան «վերնիսաժ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը: Հաւաքական ցուցահանդէսին ներկայացուած էին ... Շարն.
ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 15 մայիս 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Բ. ընծայարան դասարանի ուսանողներուն` Սեբաստիա կիս. սրկ. Ղարախանեանի, Համբարձում կիս. ... Շարն.
ՃԱՄԱՅՔԱՅԻ ՄԷՋ. ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ` ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
17-25 մայիս 2011-ին Քինկսթընի մէջ (Ճամայքա) տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համագումարը, որուն ներկայ պիտի գտնուին զանազան եկեղեցիներ ներկայացնող աւելի քան 1000 ժողովականներ: Արամ Ա. ... Շարն.
ԶՈՄ-ԶՈԳ. ՄԻՋՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»ԻՆ
<img class="alignleft size-medium wp-image-11408" title="ngar-zom" src="https://archive.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2011/05/ngar-zom1-300x200.jpg" alt="" width="300" height="200" />ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին կազմակերպած միջուսանողական զարգացման մրցումը շահած` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի թիւ 1 խումբի անդամները` Խաչիկ Հրակ ... Շարն.
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՍՈՒԼՈՒԽԻ ԿՌԻՒԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 16 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուլուխի կռիւին նուիրուած յեղափոխական երգերու երեկոյ` ներկայութեամբ մեծաթիւ երիտասարդներու: ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԵՐԳԻԾԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին, «Հայ մանուկին իրաւունքները» խորագիրով երգիծախառն թատերախաղ մը ներկայացուեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 16 մայիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: ... Շարն.

