Category: Մարզական
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
PROFOTO «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը երէկ գիշեր ականատեսը եղաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական կազմին այլ կարեւոր իրագործումին, երբ նոր «զոհ» մը եւս ինկաւ, որ այս պարագային եղաւ ... Շարն.
Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Տարեկան Համագումարին. Վաչէ Ծատուրեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Իր Վկայականը
Վաչէ Ծատուրեան (ձախին) եւ Ժան ՀամմամPROFOTO «Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ) Լիբանանի ողիմպիական կոմիտԷն գումարեց իր տարեկան համագումարը` ներկայութեամբ անոր անդամակցած 29 ֆետերասիոններէն 18-ին, ինչ որ համագումարը օրինական կը ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Պորուսիա Տորթմունտ Եւս Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը
Ռոպին Վան Փերսի Երէկ գիշեր ամբողջացան քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված խումբերը, երբ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Պորուսիա Տորթմունտ եւս անցան յաջորդ հանգրուան: Մանչեսթըր Եունայթըտ երթին իր կրած պարտութիւնը (2-0) վերածեց ... Շարն.
Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Լիբանանի Մոթորսայքլինկի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Նոր Տարեշրջանի Ախոյեանութեան Իր Յայտագիրը
Ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն, «Պու Խաթեր Քէյ. Թի. Էմ.» ընկերութեան, մարզական լրագրողներու եւ հրաւիրեալներու, Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուց իր ծրագիրը եւ ... Շարն.
Ռիքարտ Որոշեց Աւարտել Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Ֆրանք Ռիքարտ որոշեց այսուհետեւ չաշխատիլ ֆութպոլի աշխարհին մէջ, որպէսզի կեդրոնանայ այլ զբաղումներու վրայ: 51 տարեկան հոլանտացին, որ երկու անգամ ճանչցուած է իբրեւ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Պարաղեմ Նապաթիէ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ
Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու ախոյեանութեան (18 տարեկանէն վար) աւարտական հանգրուանի մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Պարաղեմ Նապաթիէն եւ Նատուա Քումաթիէն, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով, որ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը, ... Շարն.
Վիլաս – Պոաս Համաձայն Գտնուեցաւ Ըլլալու Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի Մարզիչը
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Չելսիի եւ Ասթոն Վիլայի նախկին մարզիչ Անտրէ Վիլաս-Պոաս համաձայն գտնուեցաւ ստանձնելու ռուսական խումբերէն Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի մարզիչի պաշտօնը` որոշելով այս շաբաթ երկու տարեշրջանի համար ... Շարն.
Մուրինիօ Կը Գլխաւորէ Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիչներու Հնգեակը
Իր լուրը քաղելով «Ֆրանս ֆութպոլ» մարզաթերթէն` ArmSport.am կայքը կը յայտնէ, որ Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը շարունակէ գլխաւորել աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիչներու հնգեակը: Փորթուգալցի մասնագէտը ներկայ դրութեամբ տարեկան կը ... Շարն.
Սեն Ժերմենի Բերդապահը Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը.
Փարիզ Սեն Ժերմենի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը պահեստի բերդապահ Նիքոլա Տուշէի հետ: 33 տարեկան բերդապահը, որ «Լիկ-1»-ի 191 մրցում կատարած է մայրաքաղաքի կազմին հետ, այսպիսով մինչեւ ... Շարն.
Ռոնալտօ Հաւասարեցաւ Փուշքաշի Հետ, Բայց Ցարդ Ետ Կը Մնայ Ռաուլէն
Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի մարզիկ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ նախանցեալ օր Շալքէի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին տուպլէ մը իրագործեց, ակումբի կոլսքորըրներուն ցանկին մէջ հաւասարեցաւ ակումբի անցեալ հունգարացի աստղ Ֆերենք Փուշքաշի` ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Ֆետերասիոնը մէկական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկեց Շեքքան ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պիպլոս
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ դարձի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 19 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Չելսի Եւ Ռէալ Մատրիտ Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը
Երէկ գիշեր տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, Չելսի եւ Ռէալ Մատրիտ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով յաջորդաբար թրքական ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Դաշտային Խաղերուն Արդիւնքները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կազմակերպեց ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի դաշտային խաղերը, որոնք տեղի ունեցան կիրակի, 16 մարտ, 2014-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ` մասնակցութեամբ Մ. եւ ... Շարն.
Մանուչարեան Ճանչցուեցաւ Երկրորդը
Էտկար Մանուչարեան (աջին) ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Champinat.com կայքը ամփոփած է Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի լաւագոյն ֆութպոլիստը որոշելու հարցախոյզին արդիւնքները: Քուէարկութեան մասնակցած են կայքին ընթերցողներն ու ... Շարն.
Փելէ. «Առաջին Անգամ Ըլլալով Պրազիլի Պաշտպանողականը Զօրաւոր Է Յարձակողականէն»
Պրազիլցի ֆութպոլի անցեալի աստղ Փելէ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին` Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին նախաշեմին: «Պրազիլի ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ... Շարն.
Լիբանանի Փինկ Փոնկի Գարնանային Մրցաշարք. Դուին Մումջողլեան Եւ Ռաշիտ Պըպպօ` Տիտղոսակիր
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի գարնանային մրցաշարքը: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Դուին Մումջողլեան, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով (11-9, 10-12, ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Եւ Ամշիթ` Դարձի Մրցումներուն Ամէնէն Արդիւնաւէտ Խումբերը
Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 16 մարտին վերջ գտան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումները: Դարձի մրցումներուն, որոնք սկսան չորեքշաբթի, 5 մարտին, ամէնէն արդիւնաւէտ արդիւնքը ... Շարն.
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի երրորդ հանգրուանին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Շամլեան - Յառաջ (Միջակ) 2-5 Յովակիմեան - Ս. Ագնէս (Փոքր) 2-2 Մխիթարեան - Խանամիրեան (Փոքր) 0-3 ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Չելսի – Կալաթասարայ Եւ Ռէալ Մատրիտ – Շալքէ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ: Չելսի պիտի հիւրընկալէ Կալաթասարայը, իսկ Ռէալ Մատրիտ` Շալքէն, այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն ընթացքին: ... Շարն.

