Category: Մարզական

Ներկայացուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին Պաշտօնական Գնդակը

Ներկայացուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին Պաշտօնական Գնդակը

December 5, 2013

Իր լուրը քաղելով լատին-ամերիկեան լրատուամիջոցներէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ պրազիլական Ռիօ Տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2014-ի Մոնտիալի գնդակի ներկայացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Նոր գնդակը, որ ստացաւ ... Շարն.

«Էն. Պի. Էյ.  Փիսթընզ Կասեցուց Հիթի Յառաջխաղացքը

«Էն. Պի. Էյ. Փիսթընզ Կասեցուց Հիթի Յառաջխաղացքը

December 5, 2013

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Տիթրոյիթ Փիսթընզ 107-97 արդիւնքով յաղթելով Մայեմի Հիթի, յաջողեցաւ կասեցնել անոր յառաջխաղացքը, որ վերջին տասը մրցումներուն մնացած էր անպարտելի: Հիթի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալին Մասնակցող 32 Խումբերուն Մաս Կազմած Զամբիւղները

2014-ի Մոնտիալին Մասնակցող 32 Խումբերուն Մաս Կազմած Զամբիւղները

December 5, 2013

Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ 2014-ի Մոնտիալին վիճակաձգութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 32 խումբեր, բաժնուած` ութ խմբակի, իւրաքանչիւրը` 4 խումբ: ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց այդ 32 խումբերուն ... Շարն.

Լողարշաւ.  Վահան Մխիթարեան Պրոնզ Մետալ Մը Ապահովեց Հայաստանի

Լողարշաւ. Վահան Մխիթարեան Պրոնզ Մետալ Մը Ապահովեց Հայաստանի

December 4, 2013

Երէկ, Պրազիլի մէջ սկսաւ «Կիմնասիաթ-2013»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի զօրաւորագոյն դպրոցականները: Հայաստան, որ իր կարգին իր մասնակցութիւնը կը բերէ անոր, երէկ տիրացաւ իր առաջին մետալին` համադպրոցական այս մարզական ... Շարն.

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Յաղթեց Թուրքիոյ` 3-1 Արդիւնքով

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Թուրքիոյ` 3-1 Արդիւնքով

December 4, 2013

Աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ երեկոյեան Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը արձանագրեց իր 3-րդ յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով յաղթելով այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող Թուրքիոյ: Հայրենի կազմը, որ այսպիսով ապահովեց իր ... Շարն.

Ճատրակ. Լիբանանի Արագ Ախոյեանութիւն.  Ամրօ Ժաուիշ Տիրացաւ Տիտղոսին

Ճատրակ. Լիբանանի Արագ Ախոյեանութիւն. Ամրօ Ժաուիշ Տիրացաւ Տիտղոսին

December 4, 2013

            Նախորդ շաբաթավերջին, Պէյրութի արաբական համալսարանին մէկ բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին: Տիտղոսին տիրացաւ Ամրօ Ժաուիշ, որ ... Շարն.

Անգլիական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Էվըրթըն

December 4, 2013

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան շարք մը ճակատումներ, որոնցմէ կարեւորագոյններէն մէկը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Էվըրթըն հանդիպումը: Արսենալ, որ 4 ... Շարն.

Ֆեր-Փլէյի Դասաւորման Մէջ. Միքա` Առաջին Դիրքին Վրայ

December 4, 2013

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ շրջանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, ֆեր-փլէյի դասաւորման մէջ առաջին դիրքը կը ... Շարն.

Լիոնել Մեսսի` «Լա Լիկա»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լիոնել Մեսսի` «Լա Լիկա»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

December 4, 2013

Իր լուրը քաղելով insidespanishfootball.com կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ սպանական «Լա լիկա»-ն հրապարակեց 2012-2013 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստներուն ցանկը: Մրցաշարքին ամէնէն արժէքաւոր ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ ... Շարն.

Հերերա Նշանակուեցաւ Մեքսիքայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Հերերա Նշանակուեցաւ Մեքսիքայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

December 4, 2013

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Մեքսիքայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Միկել Հերերա նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` առաջնորդելով իր խումբը Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին: Սակայն ան իր պաշտօնը ... Շարն.

Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին. Թրիաթլոնի 2013-ի Ախոյեանութիւն

December 4, 2013

Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին որոշեց կայացնել 2013-ի Լիբանանի թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ «2013-ի լիբանանեան բանակի նահատակներ» անունին ... Շարն.

ՖԻՖԱ-ն Հրապարակեց Աշխարհի Հաւաքականի Թեկնածու 5 Բերդապահներուն Անունները

ՖԻՖԱ-ն Հրապարակեց Աշխարհի Հաւաքականի Թեկնածու 5 Բերդապահներուն Անունները

December 4, 2013

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց այն 5 բերդապահներուն անունները, որոնք 2013-ի արդիւնքներուն հիմամբ մաս պիտի կազմեն աշխարհի լաւագոյն հաւաքականին: Ճիանլուիճի Պիւֆոն           ... Շարն.

Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին. Թենիսի Մարզական Երկար Օր` «Ֆիթնես Զոն»-ի Ակումբին Մէջ

December 4, 2013

Լիբանանի թենիսի ազգային խումբի մարզիչ Ֆետի Եուսեֆ կիրակի, 8 դեկտեմբերին, «Ֆիթնես Զոն» ակումբին (Պաապտա) մէջ կը կազմակերպէ թենիսի մարզական երկար օր մը բոլոր անոնց համար, որոնց տարիքը կը տարուբերի 5-12 ... Շարն.

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

December 3, 2013

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթիզմի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2013-ին, պիտի սկսին աթլեթիզմի փորձերը, ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:30, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Բոլոր ... Շարն.

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ .  2013-2014 Տարեշրջանը Սկսաւ Մինի-Մարաթոնի Մրցումներով

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ . 2013-2014 Տարեշրջանը Սկսաւ Մինի-Մարաթոնի Մրցումներով

December 3, 2013

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբին, կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 9:30 տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի 2013-2014 տարեշրջանի  առաջին ձեռնարկը` մինի մարաթոնը` Պուրճ ... Շարն.

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Պարտուեցաւ Գերմանիայէն (3-1)

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Պարտուեցաւ Գերմանիայէն (3-1)

December 3, 2013

Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ Թուրքիոյ մէջ շարունակուեցան ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան 6-րդ հանգրուանի ճակատումները: Հայաստան, որ կը մրցէր Գերմանիոյ դէմ, 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: ... Շարն.

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Արարատ Աւելի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արարատ Աւելի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

December 3, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արարատ Երեւան աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Փիւնիկ Երեւանի: Իր ... Շարն.

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Սպարտակ` Յաղթական. Օզպիլիս` Տուպլէի Հեղինակ

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Սպարտակ` Յաղթական. Օզպիլիս` Տուպլէի Հեղինակ

December 3, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սպարտակ Մոսկուա արձանագրեց իր 11-րդ յաղթանակը` 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Վոլկա Նիժնին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ ... Շարն.

Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին.  Ֆինիքիա Ակումբին Միջազգային Վազքի 3-րդ Մրցումը

Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին. Ֆինիքիա Ակումբին Միջազգային Վազքի 3-րդ Մրցումը

December 3, 2013

Հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ կազմակերպութեամբ Ֆինիքիա Ռիատի ակումբին (Սուր), կիրակի, 8 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Սուրի միջազգային վազքի 3-րդ մրցումը: Մրցումին ընդհանուր խորագիրը պիտի ըլլայ «Կեանքը վազքով վազք ... Շարն.

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Հայաստան – Ազրպէյճան` 2-2

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Ազրպէյճան` 2-2

December 2, 2013

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր մրցակիցին` Ազրպէյճանի հետ: Լեւոն Արոնեան եւ ... Շարն.