Category: Մարզական
Լիբանանի Ֆութպոլի Երէցներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կարեւոր Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի երէցներու (1994-1995-ի ծնունդ) ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ կարեւոր յաղթանակով մը սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Պարսելոնա
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի առաջին մրցումին, այսօր Պայէրն Միւնիխ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Հիւրընկալ կազմէն կախակայուած է Մարիօ ... Շարն.
Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Այսօր` Սատաքա – Սալիմիէ Կիսաւարտական
Ինչպէս ծանօթ է, Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուր ներկայիս կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը: Լիբանանի ախոյեան Սատաքա թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նաֆթ Ուասաթի հետ ... Շարն.
Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. Անսար Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան
Ախոյեան Անսարի կազմը Կիրակի, 21 ապրիլին, Արաբական համալսարանի շրջանաւարտներու ակումբին մէջ (Պէյրութ, Համատ փողոց) աւարտեցաւ Լիբանանի ճատրակի 2013-ի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 խումբեր: Առաւելագոյն 21 ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտականի Մրցումը` «Հրազդան»-ի Մէջ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 7 մայիսին, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ: Աւարտական այս մրցումը ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Ղազիէ` Բ. Դասակարգ Փոխադրուելու Սեմին
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը` Նըժմէ եւ Սաֆա, պարտուեցան: Թրիփոլի, որ յաղթեց Շապապ Ղազիէի, Ա. դասակարգ մնալու իր ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլի Շաբաթավերջը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Սպանիոյ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա թէեւ 1-0 արդիւնքով քիչ մը դժուար յաղթանակ արձանագրեց, սակայն կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի ... Շարն.
Ճատրակ. Ալեխինի Միջազգային Մրցաշարք. Արոնեան Պարտուեցաւ Իր Կատարած Առաջին Մրցումին
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ալեխինի անուան նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 ճատրակ խաղացողներ: Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր կատարած առաջին մրցումին սեւ քարերով ճակատեցաւ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Դուին Մումջողլեան Տիրացաւ Տիտղոսին
Դուին Մումջողլեան (ձախին) եւ Ռաշիտ Պըպպօ Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ լիբանանեան փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց բաժակի մրցաշարքը: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ` 1-2
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները կը տօնեն իրենց արձանագրած յաղթանակը Երեքշաբթի, 16 ապրիլին նման, շաբաթ, 20 ապրիլը եւս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ողողուած էր ՀՄԸՄ-ի համակիրներով, որոնք եկած ... Շարն.
Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Հայաստանի Ֆետերասիոնին Ընդհանուր Քարտուղարը
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Փաշիկ Ալավերդեան, պարգեւատրուեցաւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին կողմէ: Ան պարգեւատրուեցաւ շնորհակալական յուշամետալով եւ շնորհակալագիրով` Եւրոպայի ծանրաբարձութեան զարգացման գործին մէջ իր ... Շարն.
Դաւիթ Սաֆարեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Միջազգային Ուսանողական Խաղերուն
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտին մէջ 9 տարի ետք ոսկի մետալ պարգեւած Դաւիթ Սաֆարեան այժմ կը գտնուի Քրասնոտար եւ վերսկսած է իր փորձերուն: Իր խօսքին ... Շարն.
Քասիաս Պիտի Հեռանա՞յ Ռէալ Մատրիտէն
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող միջազգային բերդապահ Իքեր Քասիաս շատ հաւանաբար այս ամառ լքէ իր ակումբը, կը յայտնէ սպանական մամուլը: Նկատի ունենալով, որ ան չ՛ուզեր իբրեւ ... Շարն.
6-18 Մայիսին Թենիսի Մրցաշարք` Թրիփոլիի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Քըթլէ Ռիատիէ (Թրիփոլի) ակուբին եւ հովանաւորութեամբ ու հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 6-18 մայիսին սոյն ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի պիտի ունենայ թենիսի տարեկան մրցաշարքը (տղոց եւ աղջկանց անհատական մրցումներ): ... Շարն.
Շախտիոր Չ՛ուզեր Ծախել Մխիթարեանը
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆութպոլի գործակալ Տիմիթրի Սելիուքի համաձայն, թէեւ բազմաթիւ ակումբներ հետաքրքրուած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանով, սակայն անոր ակումբը` Շախտիոր ... Շարն.
Ֆրանքֆորթ 100 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի 100 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները բաւական անկարգապահ գտնուած էին շարք մը մրցումներու ընթացքին: Այս տարեշրջանին «Պունտըսլիկա»-ի խումբերուն միացած ... Շարն.
Նշմար. 2-0 Ուշացումը Կարելի Է Վերածել 3-2 Արդիւնքով Յաղթանակի
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Մարզական աշխարհին մէջ կ՛ըսեն, թէ անակնկալները միշտ ալ կ՛ըլլան անպակաս, որովհետեւ նախ կ՛ըսուի, որ գնդակը կլոր է: Նախապէս բազմաթիւ առիթներով պատահած է, կամ` ականատես եղած ենք, որ ուշացած ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Երրորդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին, այսօր` շաբաթ, 20 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատի ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Լիվըրփուլ – Չելսի Եւ Եուվենթուս – Ա. Սէ. Միլան
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, հետաքրքրական պիտի ըլլան Լիվըրփուլ - Չելսի եւ Եուվենթուս - Ա. Սէ. Միլան ճակատումները, բնականաբար այլ հետաքրքրական մրցումներու կարգին: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը ... Շարն.
«Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.» «Սփիտ – Թեսթ»-ի Առաջին Հանգրուանի Մրցումը Յետաձգուեցաւ Յառաջիկայ Կիրակի Օրուան
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ վաղը` կիրակի, 21 ապրիլին տեղի ունենալիք «Սփիտ-թեսթ»-ի առաջին հանգրուանի մրցումը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ կիրակի օրուան: Նկատի ունենալով կլիմայական աննպաստ պայմանները, որոնք ... Շարն.

