Category: Մարզական

Էն. Պի. Էյ.  Հիթ Յաղթեց, Ճէյմս Նշանակեց 40 Կէտ

Էն. Պի. Էյ. Հիթ Յաղթեց, Ճէյմս Նշանակեց 40 Կէտ

February 28, 2013

Լեպրըն Ճէյմս (աջին) Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Մայեմի Հիթ արձանագրեց տարեշրջանի իր 41-րդ յաղթանակը, երբ երկարաձգման ընթացքին 141-129 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: ... Շարն.

Պօղոս Գալստեան Նշանակուեցաւ Ղազախական Աքժայիքի Մարզիչ

Պօղոս Գալստեան Նշանակուեցաւ Ղազախական Աքժայիքի Մարզիչ

February 28, 2013

Football365.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ղազախական Աքժայիք ֆութպոլի խումբին պատասխանատուները գլխաւոր մարզիչ նշանակեցին փորձառու մարզիչ Պօղոս Գալստեանը: Ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Այս մարզիչին մասին շատ ... Շարն.

Ճատրակ. Քափել Լա Կրանտի Մրցաշարք. Պարագլուխի Դիրքին Վրայ Գտնուողներէն Երեքը` Հայ

February 28, 2013

Ֆրանսական Քափել լա Կրանտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, խումբ մը ճատրակ խաղացողներ, որոնք առաւելագոյն 5 կէտէն ապահոված են 4 կէտ, կը գրաւեն պարագլուխի ... Շարն.

Սուրէն Մկրտչեան Հեռացաւ Քուպանէն

Սուրէն Մկրտչեան Հեռացաւ Քուպանէն

February 28, 2013

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Քուպանի ֆութպոլի խումբի ընդհանուր տնօրէն Սուրէն Մկրտչեան հեռացաւ կազմէն եւ միացաւ Քրասնոտարի ակումբի տնօրէններու խորհուրդին: Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին Մկրտչեան ըսաւ, որ թէեւ ... Շարն.

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Սաժես Եւ Շանվիլ 5-ական Միլիոն Լիբանանեան Ոսկի Տուգանքի Ենթարկուեցան

February 27, 2013

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, իր կեդրոնատեղիին մէջ նախքան իր կատարած հերթական ժողովին սկսիլը, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց յիշատակը Պըժժէի մարզիկ Ռոնի Ապու Ժաուտէին, որ մահացած էր նախորդ շաբաթ: Ֆետերասիոնը ուրբաթ, 22 ... Շարն.

Հակառակ Պոլսոյ Մէջ Շրջուած Օթոպիւսին  Հայաստանի Աթլեթիզմի Հաւաքականին Անդամները Անվնաս Դուրս Եկան

Հակառակ Պոլսոյ Մէջ Շրջուած Օթոպիւսին Հայաստանի Աթլեթիզմի Հաւաքականին Անդամները Անվնաս Դուրս Եկան

February 27, 2013

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ շաբաթասկիզբին Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին բոլոր անդամները անվնաս դուրս եկան եւ հասան Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) գտնուող այն մրցավայրը, ուր տեղի ունեցան Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան ... Շարն.

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Ռէալ Մատրիտ 3-1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Պարսելոնան` «Նու-Քամփ»-ի Մէջ

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ 3-1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Պարսելոնան` «Նու-Քամփ»-ի Մէջ

February 27, 2013

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քինկզ Քափ») կիսաւարտականի դարձի առաջին մրցումը, որ եղաւ Քլասիքոյի մրցում մը` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Կը կարծուէր, որ «Նու ... Շարն.

Պօղոս Պօղոսեան. «Ծանրաբարձութեան  Հաւաքականին Մէջ Լուրջ  Փոփոխութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան»

Պօղոս Պօղոսեան. «Ծանրաբարձութեան Հաւաքականին Մէջ Լուրջ Փոփոխութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան»

February 27, 2013

Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պօղոս Պօղոսեան PanArmenian.Net-ի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ հաւաքականին մէջ լուրջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան: «Հաւաքականին մէջ լուրջ սերնդափոխութիւն պէտք ... Շարն.

Եթէ Ըմբշամարտը Դուրս Մնայ Ողիմպիականի Խաղերէն.  Ողիմպիական Ախոյեան Արմէն Նազարեան Հացադուլի Պիտի Դիմէ

Եթէ Ըմբշամարտը Դուրս Մնայ Ողիմպիականի Խաղերէն. Ողիմպիական Ախոյեան Արմէն Նազարեան Հացադուլի Պիտի Դիմէ

February 27, 2013

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ողիմպիական խաղերու նախկին ախոյեան Արմէն Նազարեան հացադուլի պիտի դիմէ, եթէ ողիմպիական խաղերէն դուրս մնայ ըմբշամարտի մարզաձեւը: Այս լուրը հաստատած է Հայաստանի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի ... Շարն.

Հայաստանի Այքիքենտօ – Քարաթէի Հաւաքականը Տիրացաւ Վրաստանի Բաց Ախոյեանութեան Տիտղոսին

Հայաստանի Այքիքենտօ – Քարաթէի Հաւաքականը Տիրացաւ Վրաստանի Բաց Ախոյեանութեան Տիտղոսին

February 27, 2013

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Այքիքենտօ - Քարաթէի հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը բերած է Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցած բաց ախոյեանութեան, տիրացած է տիտղոսին` խմբային դասաւորման մէջ գրաւելով ... Շարն.

Կերի Գասպարով Աշխարհի Ճատրակի Ախոյեանի Տիտղոսին Թեկնածու Կը Նկատէ Քարլսընը Եւ Արոնեանը

Կերի Գասպարով Աշխարհի Ճատրակի Ախոյեանի Տիտղոսին Թեկնածու Կը Նկատէ Քարլսընը Եւ Արոնեանը

February 27, 2013

Աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարովի կարծիքով, աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն կը նկատուի Մակնիւս Քարլսըն, իսկ անոր գլխաւոր մրցակիցը` Լեւոն Արոնեան: Իր այս լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու ... Շարն.

Ճատրակ. Քափել Լա Կրանտի Միջազգային Մրցաշարք.  Սամուէլ Տէր Սահակեան Այլ Մասնակցողներու Հետ Կը Բաժնէ Առաջին Դիրքը

Ճատրակ. Քափել Լա Կրանտի Միջազգային Մրցաշարք. Սամուէլ Տէր Սահակեան Այլ Մասնակցողներու Հետ Կը Բաժնէ Առաջին Դիրքը

February 27, 2013

Ֆրանսական Քափել լա Կրանտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, շարք մը խաղացողներ կը բաժնեն առաջին դիրքը` ապահովելով 3,5-ական կէտ: Անոնց կարգին է նաեւ հայրենի ... Շարն.

Ալեքս Ֆերկըսըն` Վերջին 16 Տարիներու Աշխարհի Լաւագոյն Մարզիչը

Ալեքս Ֆերկըսըն` Վերջին 16 Տարիներու Աշխարհի Լաւագոյն Մարզիչը

February 27, 2013

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը (IFFHS) հրապարակեց վերջին 16 տարիներու աշխարհի լաւագոյն մարզիչներուն ցանկը: PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը նշէ, որ այդ ցանկը կը գլխաւորէ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ սըր ... Շարն.

Էն. Պի. Էյ. Ուիզըրտծի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը` Ռեփթըրզի Դէմ

February 27, 2013

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս մրցումներ: Տարեշրջանի առաջին 33 մրցումներուն ընթացքին միայն 5 յաղթանակ արձանագրած Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց, երբ ... Շարն.

Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Յիշատակին Նուիրուած Պասքեթպոլի Աղջկանց Մրցաշարք.  Ռիատի Պէյրութ Տիրացաւ Տիտղոսին` Երկու Կէտի Տարբերութեամբ (44-42) Յաղթելով Հմըմ Անթիլիասի

Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Յիշատակին Նուիրուած Պասքեթպոլի Աղջկանց Մրցաշարք. Ռիատի Պէյրութ Տիրացաւ Տիտղոսին` Երկու Կէտի Տարբերութեամբ (44-42) Յաղթելով Հմըմ Անթիլիասի

February 26, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Անն-Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի աղջկանց մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ երկրորդ տարին ըլլալով: Աւարտական մրցումը իրարու դէմ հանեց նախորդ տարուան տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ Ռիատի Պէյրութը: ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այնթուրա – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 53 – 109

February 26, 2013

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Քահրապայի դաշտին վրայ (Ժունիէ) տեղի ունեցաւ Այնթուրա - ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ նախքան իր ... Շարն.

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ժողով

February 26, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը գումարեց իր հերթական ժողովը Անսար ակումբին մէջ (Պէյրութ)` գլխաւորութեամբ փոխնախագահ Ռոլան Ախրասի եւ անդամներուն մեծամասնութեան: Նիստէն կը բացակայէր նախագահ Նեպիլ Պատր: Իր այս ժողովին ֆետերասիոնը ... Շարն.

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Խմբային Ախոյեանութիւն.  Պարաղեմ Նապաթիէ Եւ Շապապ Ֆաուար Տիրացան Տիտղոսին

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Խմբային Ախոյեանութիւն. Պարաղեմ Նապաթիէ Եւ Շապապ Ֆաուար Տիրացան Տիտղոսին

February 26, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի կրտսերներու խմբային երկսեռ ախոյեանութիւնը, որ նուիրուած էր Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ռիֆահիի յիշատակին: Տղոց տիտղոսին տիրացաւ ... Շարն.

Ծանրաբարձութիւն.  Եւրոպայի Ախոյեանութեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Միայն Մելինէ Դալուզեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Միայն Մելինէ Դալուզեան

February 26, 2013

Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան PanArmenian.Net լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Հայաստանի աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցեցան աւելի քան 33 ծանրաբարձներ, ինչ որ շատ ... Շարն.

Նեպիլ Պատր` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրը

February 26, 2013

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատր այսօր` երեքշաբթի, 26 փետրուարին, հիւրը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր երեքշաբթի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուող «Սքոր» մարզական յայտագիրին: Յայտագիրը, որ կը սկսի երեկոյեան ... Շարն.