Category: Մարզական
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Այնթուրա` 101-50. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պիլիվըրզ` 92-24
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի կազմերը մրցումներ կատարեցին: Առաջինին, տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Պարաղեմ Նապաթիէ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Սաֆայի դաշտին վրայ պիտի մրցի Պարաղեմ Նապաթիէի դէմ: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ... Շարն.
Կազմակերպութեամբ «Եուրեքա Պուսթ» Կեդրոնին Ճատրակի Մրցաշարք` Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր
Տարեկան իր սովորութեան համաձայն, «Եուրեքա Պուսթ» կեդրոնը (Ռապիէ) կը կազմակերպէ ճատրակի Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը` կիրակի, 23 դեկտեմբերին, 12 տարեկան եւ վար դասակարգերուն մէջ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ մրցաշարքը պիտի սկսի ... Շարն.
Ըստ «Պոքս Սփոր» Ամսաթերթին Արթուր Աբրահամ` Գերմանիոյ Լաւագոյն Կռփամարտիկը
PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ «Պոքս Սփոր» ամսաթերթին, WBO-ի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ դարձեալ հանդիսացած է Գերմանիոյ լաւագոյն կռփամարտիկը, իսկ անոր մարզիչը` Ուլի Վեկնըր` լաւագոյն մարզիչը: Նշենք, ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Ա. Էս. Ռոմա – Ա. Սէ. Միլան
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը Իտալիոյ մէջ պիտի կատարուի բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը: Իսկ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ Յաղթեց Ռիատիի` 78-73 Արդիւնքով
Շանվիլ - Ռիատի մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք աւարտեցաւ Շանվիլ - Ռիատի ճակատումը ի նպաստ առաջինին` ... Շարն.
Կռփամարտ. Կորիւն Սողոմոնեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան
Քալինինկրատի մէջ (Ռուսիա) աւարտած Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդներու (19-22 տարեկան) ախոյեանութեան գերազանցօրէն հանդէս գալով, 49 քկ դասակարգի ախոյեան հանդիսացաւ Կորիւն Սողոմոնեան, որ աւարտականին 11-10 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հիուճ Մայերսը, տիրացաւ ոսկի ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքայի 12-րդ Յաղթանակը` 12 Մրցումէ
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սատաքա արձանագրեց իր 12-րդ յաջորդական յաղթանակը` 7-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հատաֆը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Վուլվզ Վերջ Մը Դրաւ Օքլահոմայի Յառաջախաղացքին
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ երէկ տեղի ունեցան երեք հանդիպումներ, սակայն Մինեսոթա Վուլվզ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 99-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օքլահոմա Սիթին: Այս յաղթանակը ... Շարն.
Ժիւտօ. Միջազգային Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ Յառաջիկայ Տարուան
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 28-30 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ տարուան: Այժմ անիկա տեղի պիտի ունենայ 11-13 յունուար 2013-ին: Ֆետերասիոնը ընդառաջեց մասնակցող ... Շարն.
Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Թուրէ` Ափրիկէի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Եայա Թուրէ (կեդրոնը) Մանչեսթըր Սիթիի 29 տարեկան միջնապահ Եայա Թուրէ, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ Ափրիկէի լաւագոյն ֆութպոլիստը` գերազանցելով Փղոսկրեայ Ափունքի իր ազգակիցը եւ խմբապետը` Տիտիէ Տրոկպան: Այս ընտրութիւններուն մասնակցեցան ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Այնթուրա, Ապա` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պիլիվըրզ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 21 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Այնթուրան (Բ. ... Շարն.
Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Լիբանանի Եւ Աշխարհի Տարիքային Ախոյեանութեան Մրցումներուն Մասնակցողները
Ձախէն աջ. Նանօր Առնելեան, Հրակ Լախեան եւ Քարլօ Դարբինեան` Նեպիլ Պատրի հետ Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ), Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց Լիբանանի ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Կրեց Տարեշրջանի Իր 6-րդ Պարտութիւնը
Պըժժէ - Հուփս մրցումէն (PROFOTO) Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Պըժժէ Սանթրալի դաշտին վրայ ճակատեցաւ Հուփսի դէմ: Պըժժէ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը ... Շարն.
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում Հայաստան 2012 Տարին Աւարտեց 75-րդ Դիրքին Վրայ
ՖԻՖԱ-ի հրապարակած միջազգային դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2012 տարին աւարտեց 75-րդ դիրքին վրայ: Հայրենի կազմը նախորդ դասաւորման բաղդատմամբ 7 դիրքի ոստում մը արձանագրելով իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 457 ... Շարն.
14 Յունուար 2013-ին. Հայաստանի Մէջ Ֆութպոլի Նոր Ակումբ Մը Պիտի Հիմնուի
ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 14 յունուար 2013-ին Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի ֆութպոլի նոր ակումբ մը` Ուրարտու Երեւան անուան տակ: Նոր ակումբին հիմնադիրները ռուսահայեր են: Առայժմ խումբը ... Շարն.
Մեսսի, Զաւի Եւ Փիւյոլ Համաձայն Գտնուեցան Իրենց Պայմանագրութիւնները Երկարաձգել
Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող երեք մարզիկներ` Լիոնել Մեսսի, Զաւի Հերնանտես եւ Քարլես Փիւյոլ, համաձայն գտնուեցան իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգել: Մեսսիի համաձայնագիրը երկու տարիով ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Իր Դէմ Պիտի Ունենայ Մանչեսթըր Եունայթըտը
Երէկ` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող Եու. Է. Էֆ. Ա.ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Ինը անգամ այս մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Այնթուրա
Լիբանանի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` ուրբաթ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Այնթուրան: Մրցումը պիտի ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պըրժ Այնթուրա – Հուփս Բացման Մրցումով Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2012-2013 Տարեշրջանը
Այսօր` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի կ՛ունենայ Պըրժ Այնթուրա - Հուփս բացման մրցումը` Սանթրալի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ ... Շարն.

