Category: Մարզական
ԹԵՎԵԶԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի պարագլուխի դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ Քարլոս Թեվեզ ֆութպոլի ֆետերասիոնին բողոք ներկայացուց ընդդէմ իր ակումբին, որ զինք 6 շաբթուան աշխատավարձի տուգանքի ենթարկած է` շարունակուող բացակայութիւններուն ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ- Ս. ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ
«Ճիպրալթար Մասթըրզ» ճատրակի տարեկան բաց մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ազգային հաւաքականի թիւ 2 դասուած Սերկէյ Մովսիսեան սեւերով խաղալով յաղթեց արժանթինցի Ֆելկաէրին: Գաբրիէլ Սարգսեան սպիտակներով պարտութեան մատնեց սպանացի Ռուպեն Մորալեսը: Միացեալ ... Շարն.
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԹՐՔԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՃԳՆԱԺԱՄԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ
Թրքական ֆութպոլին մէջ պայմանաւորուած, «դասաւորուած» խաղեր կազմակերպելու առնչութեամբ յառաջացած ճգնաժամը կը խորանայ: Ըստ լրատու աղբիւրներուն, հրաժարական տուած են Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը եւ երկու փոխնախագահները: Կը հաղորդուի, որ 27 փետրուարին ... Շարն.
ՎԱՆ ՓԵՐՍԻ ԽՈՒՍԱՓԵՑԱՒ ՊԱՏԻԺԷՆ
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի չպատժէ Արսենալի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսին, Ասթոն Վիլլայի յետսապահ Քարլոս Կուժյլարի դէմքին արմուկով հարուածելուն համար: Յիշեցնենք, որ Արսենալի կազմէն արդէն մարզիկ մը պատժուած է: Օգոստոսին տեղի ... Շարն.
ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ՄԱՔԼԱՐԸՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ
Մաքլարըն հերքեց այն տարաձայնութիւնները, թէ կրնայ երկարատեւ գործընկերութիւն մը հաստատել Փիւրի հետ, այժմու հայթայթող Մերսետեսի փոխարէն: Խումբին բանբերը յայտարարեց, որ Մաքլարըն ամիսներէ ի վեր բացարձակապէս ոչ մէկ հաղորդակցութիւն ունեցած է ... Շարն.
«ԿԵԴՐՈՆԱՑԷ՛Ք ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՎՐԱՅ»
Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Կուարտիոլա վերջերս արգիլեց խումբի յետսապահ Տանի Ալվեսին` մասնակցելու էքսպոքս 360 տեսախաղի բացման արարողութեան եւ քարոզարշաւին: 30 յունուարին Տանի Ալվես պէտք է ներկայ ըլլար այդ հանդիսութեան, սակայն մարզիչին ... Շարն.
«ԵՍ ԿԸ ՄՆԱՄ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ» Կ՛ԸՍԷ Ե. ԼԻՈՎ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչ Եոաքիմ Լիով անդրադառնալով լրատու աղբիւրներու այն լուրերուն, թէ ինք կրնայ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ նշանակուիլ, ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ Մորինիօ ստիպուած կ՛ըլլայ աշխատիլ մինչեւ 2014 թուականը, ... Շարն.
ՊԱԼԱՔԸ «ԳՆԵԼԸ» ՍԽԱԼ ԷՐ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Միքայել Պալաք կրնայ Լեւերքուզենէն հեռանալ Պայերիցէ, յատկապէս ակումբի ընդհանուր տնօրէն Վոլֆկանկ Հոլցհոյզերի կողմէ քննադատութեան ենթարկուելէ ետք: Վերջինս նշեց, որ Պալաքը իրենց խումբին միացնելը սխալ ... Շարն.
ՕԶՊԻԼԻՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՅԱՔՍԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Այաքս ֆութպոլի ակումբի կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ իր երիտասարդական կազմը մրցում մը ունեցած է Թուէնթէ ակումբի երկրորդ խումբին հետ: Մէկ հաւասար արդիւնքով աւարտած այդ մրցումին, Այաքսի հիմնական կազմին մէջ եղած ... Շարն.
«ՓԵՆԱԼԹԻԻ ՓՈՐՁԵՐԸ ԱՆԻՄԱՍՏ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցքի ակումբի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան, Օլխունի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք (որ աւարտեցաւ փենալթիներու հարուածներով), հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը, թէ կ՛անհանգստանա՞յ փենալթիներու ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՇԱՆՎԻԼ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 31 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շանվիլի ... Շարն.
ԳՐԻԳՈՐ ՄԵԼԻՔՍԷԹԵԱՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ
Իրանեան Փէյքան խումբին հետ ելոյթ ունեցող 25 տարեկան հայ բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` մասնակցելու համար Կիպրոսի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն: Իր լուրերը քաղելով ... Շարն.
ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄԷԿ ԴԻՐՔԻ ՈՍՏՈՒՄ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Երէկ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին հրապարակած նոր դասաւորման մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան դիրքի մը ոստում արձանագրելով այժմ 630 կէտով կը գրաւէ 86-րդ դիրքը: Նալպանտեան այժմ կը գտնուի Արժանթին, ուր կը պատրաստուի ... Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՏԱՈՒՏ ՇԸՀԷՅՊ ՀԱՍԱՒ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Օրթոտոքսի ակումբին մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցող փինկ փոնկի արաբական բաժակի տղոց մրցաշարքին բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, լիբանանցի Տաուտ Շըհէյպ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Ան այսօր` երեքշաբթի, 31 յունուարին, երեկոյեան ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 17 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ղազախստանի նախագահի բաժակի մրցաշարքին: Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 27 ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼԻՆԱՐԵՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը, մէջբերելով chess-new.ru-ի հրապարակած լուրը, կը յայտնէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Լինարեսի ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ 21-29 ապրիլին մրցում ունի կատարելիք Վլատիմիր Քրամնիքի ... Շարն.
ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ԴՈՒՐՍ ՁԳԵՑ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԸ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումները: Լիվըրփուլ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի ... Շարն.
ԱՐԹՈՒՐ ԵՏԻԿԱՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԽԻՄՔԻԻ
Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Արթուր Ետիկարեան միացաւ Խիմքիի (Ռուսիա), որ այժմ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ, կը յայտնէ Armsport.am` մէջբերելով հայկական ակումբին պաշտօնական կայքէջին հրապարակած ... Շարն.
ՄԷՅ ԽԱԼԻԼ ԵՒ ՀԱՍՍԱՆ ՌԸՍԹՈՄ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄՈՒՆԻՐ ՄՈՒԽԱԼԼԱԼԱԹԻԻ
Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ եւ հանգստեան կոչուած զօր. Հասսան Ռըսթոմի (յանձնախումբի փոխնախագահ), յատուկ այցելութիւն մը տուին Պէյրութի Հրշէջներու եւ պահակներու նախագահ գնդ. Մունիր Մուխալլալաթիի` անոր կեդրոնատեղիին մէջ: ... Շարն.
ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ԼԷՅՔԸՐԶ ՅԱՂԹԵՑ ՎՈՒԼՎԶԻ. ՊՐԱՅԸՆԹ ՆՇԱՆԱԿԵՑ 35 ԿԷՏ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ ճակատումներ: Տալաս Մավըրիքս - Սան Անթոնիօ Սփըրզ մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգման ընթացքին` ի նպաստ առաջինին` 101-100 արդիւնքով: ... Շարն.

