Category: Մարզական

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

October 26, 2011

Երէկ, Լիբանանի մէջ օտարերկիրներու դեսպանատուներ իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ-հիմնադիր Մայ Խալիլի, այցելեց քուէյթեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Ապտել Աալ Քանայիի հետ: ... Շարն.

ԷՐԻՔՍԸՆ ԼՔԵՑ ԼԱՅՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ

ԷՐԻՔՍԸՆ ԼՔԵՑ ԼԱՅՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ

October 26, 2011

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի շուէտացի նախկին մարզիչ Սվեն Կորան Էրիքսըն լքեց Անգլիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող իր ակումբը` Լայսթըր Սիթին, խումբին արձանագրած ոչ համոզիչ արդիւնքներուն պատճառով: 63 տարեկան հրաժարեալ մարզիչին ... Շարն.

ՎԻՏԻՉ ԼՔԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՍՊԱՐԷԶԸ

ՎԻՏԻՉ ԼՔԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՍՊԱՐԷԶԸ

October 26, 2011

Սերպիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ յետսապահ Նեմանժա Վիտիչ լքեց միջազգային ասպարէզը, մանաւանդ որ Սերպիա ձախողեցաւ ապահովել Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: 56 ... Շարն.

ՔԱՄԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ՔԼԵՄԵՆԹԷՆ

ՔԱՄԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԸՐԱՒ ՔԼԵՄԵՆԹԷՆ

October 26, 2011

Քամերունի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի սպանացի մարզիչ Խաւիէ Քլեմենթէն, այսպիսով շաբաթներ տեւած տարաձայնութիւններուն վերջ մը դնելով: Ֆետերասիոնը այս եզրակացութեան եկաւ` նկատի ունենալով, ... Շարն.

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՍԻՈՅ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ (16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ) ՏՂՈՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

October 25, 2011

Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ երէկ Լիբանանի ազգային խումբը 70-61 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թայփէէն, սակայն ապահովեց քառորդ աւարտականի ... Շարն.

«ՆԱՅՔԻ»Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՎԱԶԷ՛ ՊԷՅՐՈՒԹ» ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ. ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

«ՆԱՅՔԻ»Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՎԱԶԷ՛ ՊԷՅՐՈՒԹ» ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ. ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԼԵՒՈՆ ԹԱՇՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

October 25, 2011

Կազմակերպութեամբ «Նայքի» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ վազքի մրցում մը` «Վազէ՛ Պէյրութ» խորագիրին տակ, որուն երկարութիւնն էր 5 քմ: Աւելի քան 4 հազար երկսեռ ... Շարն.

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՄԻՆԷ ՍԻՆԱՊԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՄԻՆԷ ՍԻՆԱՊԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ

October 25, 2011

Կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Ռոթերտամի մէջ աւարտեցան Եւրոպայի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները: 64 քկ դասակարգին մէջ Արմինէ Սինապեան յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ աւարտական հանգրուան, սակայն 10-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր թուրք ... Շարն.

ՔՖԱՐԺՈԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԴԱՇՏԻ ԲԱՑՈՒՄ

ՔՖԱՐԺՈԶԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԴԱՇՏԻ ԲԱՑՈՒՄ

October 25, 2011

Ներկայութեամբ երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ Եասին Ժապերի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու ու հրաւիրեալներու, կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Քֆարժոզի քաղաքապետարանի վերանորոգուած դաշտին բացումը կատարուեցաւ: Նշենք, ... Շարն.

ՔԱՐԹԻՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. 2011 ՏԱՐՈՒԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ 4-ՐԴ ԵՒ 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ

ՔԱՐԹԻՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. 2011 ՏԱՐՈՒԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ 4-ՐԴ ԵՒ 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ

October 25, 2011

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, շաբաթ, 22 հոկտեմբերին տեղի ունեցան Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 4-րդ եւ 5-րդ վերջին երկու հանգրուանի մրցումները, որոնցմով աւարտեցաւ 2011 տարուան յայտագիրը: «Փիթ Սթափ»ի վազքուղիին վրայ (Զուք) ... Շարն.

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՍԻՒԶԻ ՔԵՆԹԻՔԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍՆԵՐԸ ՊԱՀԵՑ ԻՐ ՄՕՏ

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՍԻՒԶԻ ՔԵՆԹԻՔԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍՆԵՐԸ ՊԱՀԵՑ ԻՐ ՄՕՏ

October 25, 2011

Նախորդ շաբաթավերջին, Ֆրանքֆորթի (Գերմանիա) Պրենտընպըրկ-Հէյլ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ կռփամարտի երեկոյ մը, որուն ընթացքին թեթեւագոյն կշիռի WBO-ի, WBA-ի եւ WIBF-ի աշխարհի ախոյեան Սիւզի Քենթիքեան ճակատեցաւ թայլանտցի Թերապորն Փաննամիթի դէմ: Allboxing.ru ... Շարն.

ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԱԽՈՅԵԱՆԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆԻՆ ՈՐԱԿԱԶՐԿՈՒՄԸ ՊԱՏՃԱՌ ԴԱՐՁԱՒ, ՈՐ ԱՐՄԷՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՅ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ

October 25, 2011

Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ տարի Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան 69 քկ դասակարգի մրցումներուն ախոյեան հանդիսացած Լեաօ Հէյ որակազրկուեցաւ մինչեւ 2014 ... Շարն.

ՔԱԼՉԻՕ ԵՒ ԼԱ ԼԻԿԱ. ԱՅՍՕՐ` ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍ – ՖԻՈՐԵՆԹԻՆԱ

October 25, 2011

Այսօր, Քալչիոյի 8-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Ֆիորենթինան: Մնացեալ բոլոր ճակատումները տեղի պիտի ունենան վաղը` բացի Փալերմօ - Լեչէ մրցումէն (հինգշաբթի): Յաղթանակի մը պարագային, Եուվենթուս ժամանակաւորապէս պիտի գրաւէ ... Շարն.

ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԲՈՂՈՔԵՑ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒՆ ՈՐԱԿԱԶՐԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

October 25, 2011

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին բողոքեց ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին` Գէորիկ Պօղոսեանի (94 քկ) եւ Էլեն Գրիգորեանի (53 քկ) որակազրկման առնչութեամբ: Հայկական լրատու աղբիւրներուն հետ ունեցած իր մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի ... Շարն.

ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՔՐԱՍՆՈՏԱՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈԼԸ

October 25, 2011

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի կազմը` Քրասնոտար, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիժնի Նովկորոտ Վոլքան: Մինչ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ԺՈՒՆԻԷ ԱՊԱՀՈՎԵՑ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

October 24, 2011

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, լեռնալիբանանի նահանգի Է. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ ժունիէ տպաւորիչ մրցումներ կատարելով եւ իր արձանագրած չորս յաղթանակներուն շնորհիւ գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը, ... Շարն.

ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ 2012-Ի ԼՈՆՏՈՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ 2012-Ի ԼՈՆՏՈՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

October 24, 2011

Նախորդ շաբաթավերջին Ամմանէն (Յորդանան) Պէյրութ վերադարձաւ ՀՄԸՄ-Պէյրութի եւ Լիբանանի աղջկանց փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեան` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ փինկի փոնկ զտումի մրցումներուն: Պէյրութի միջազգային ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ ԵՒ ՀՈՒՓՍ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ ԵՒ ՀՈՒՓՍ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ

October 24, 2011

Շաբաթ, 22 հոկտեմբերին սկսաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ Հուփս-Անիպալ բացման մրցումը: Մրցումը աւարտեցաւ Հուփսի յաղթանակով` 79-68 արդիւնքով: Իր կարգին, Մութթահետ յաղթանակ արձանագրեց, երբ ... Շարն.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՈՒԼԻՍ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ 2011-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՈՒԼԻՍ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ 2011-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

October 24, 2011

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի 2011-ի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ուլիս, Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ պարտութեան մատնելէ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿ. ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ` ՅԱՂԹԵԼԷ ԵՏՔ ՇԱՆՎԻԼԻ

October 24, 2011

Երէկ երեկոյեան, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Նահր  Մոթ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի գերբաժակի մրցումը, որուն ընթացքին շուրջ  1500 հանդիսատեսներու ներկայութեան իրարու դէմ ճակատեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Շանվիլ: Լիբանանի ... Շարն.

ԱՍԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՏՂՈՑ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ.16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ. ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԵՒ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

October 24, 2011

Վիեթնամի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ախոյեանութեան (16 տարեկանէն վար) Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ազգային խումբը կատարեց երկու մրցում: Շաբաթ օր իր կատարած մրցումին ... Շարն.