Category: Մարզական
ԹԵՆԻՍ. «ՌՈՃԸՐԶ ՔԱՓ». ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոճըրզ Քափ»ի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքայէն, դուրս մնաց ... Շարն.
ՀԱՐԹ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՈՎ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԻ ՀԵՏ
Մանչեսթըր Սիթիի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող անգլիացի բերդապահ Ճօ Հարթ իր պայմանագրութիւնը հինգ տարիով երկարաձգեց` այսպիսով համաձայն գտնուելով իր ակումբին շապիկը կրել մինչեւ 2016: ... Շարն.
ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ԳԵՐԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՓՈՐԹՕ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Փորթուգալի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Փորթօ եւ Կիմարաէշ: Նախորդ տարեշրջանին հերթրիք մը իրագործած (ախոյեանութիւն, Եուրոփա լիկ եւ բաժակ) Փորթօ յաջորդաբար բաժակը, ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ` երկուշաբթի, 8 օգոստոսին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցաւ համահայկական 5-րդ խաղերու պասքեթպոլի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Խաղերու գլխաւոր իրաւարար Եղիշէ Դաւթեան յայտնեց, որ տղոց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՐԹՈՒՐ ՍԱՐԳԻՍՈՎ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակեց իր 22 մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վաղը` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին Լիթուանիոյ դէմ տեղի ... Շարն.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՂՋԿԱՆՑ Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՂՈՑ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը` Հուփսի եւ Լուէյզիի միջեւ: 63-43 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ տք իր մրցակիցին` ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՐԹՈՒՐ ՍԱՐԳԻՍՈՎ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակեց իր 22 մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վաղը` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին Լիթուանիոյ դէմ տեղի ... Շարն.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՐԱՒԵՑ 6-ՐԴ ԴԻՐՔԸ
Նախորդ շաբաթավերջին Մակեդոնիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի պատանիներու ախոյեանութիւնը: Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը, որ չորս տարուան ընդմիջումէ մը ետք դարձեալ դուրս եկած էր եւրոպական ասպարէզ, 5-րդ դիրքին համար իր ... Շարն.
ԴԱՒԻԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ ՄԸ Կ՛ԱՆՑԸՆԷ Ֆ. Ք. ՑԻՒՐԻԽԻ ՀԵՏ
Շիրակ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէջը նախորդ շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ 18 տարեկան միջնապահ Դաւիթ Յակոբեան մեկնեցաւ Զուիցերիա` փորձառական շրջան մը անցընելու համար տեղւոյն կազմերէն Ֆ. Ք. Ցիւրիխի հետ: Նշենք, որ ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈԼՍՔՈՐԸՐՆԵՐՈՒՆ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԸ. ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆ` ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ կոլսքորըրներուն պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Էտկար Մանուչարեան, որ իր ակումբին` Փիւնիկ Երեւանի հետ նշանակած է 8 կոլ: Թէեւ վերջին երկու ... Շարն.
ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ 24 ԴԻՐՔԻ ՆԱՀԱՆՋ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Երէկ, Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորումը: Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, որ նախորդ դասաւորման մէջ կը գրաւէր 27-րդ դիրքը, 24 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով ներկայիս կը ... Շարն.
ԻՏԱԼԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՄՈՆՐԷԱԼ ՓՈԽԱՐԻՆԵՑ ՌԱՄՈՍԸ` ՍՊԱՆԻՈՅ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ
Վաղը` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին, Պարիի մէջ (Իտալիա) տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին աշխարհի ախոյեան Սպանիա հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ: Սպանիոյ մարզիչ Վիչենթէ Տել ... Շարն.
ԹՈՇԱՔ` ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ
Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Ճոն Թոշաք համաձայն գտնուեցաւ ստանձնելու Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը: «Ան 25 օգոստոսին պիտի ժամանէ Մակեդոնիա, որմէ օր մը ... Շարն.
ԼԻԹՈՒԱՆԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱԶՄԸ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան երէկ հրապարակեց իր մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին Լիթուանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին: Մրցումը տեղի ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԳԱՆՁԱՍԱՐ ԱՌԱՆՁՆԱՑԱՒ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումները: Գանձասար 4 - 0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շիրակի, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ` ունենալով 33 կէտ: Երկրորդ դիրքը գրաւող ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. «ՖԻՈՒՉԸՐ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ (ՌՈՒՍԻԱ). ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ թենիսի «Ֆիուչըր» միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա): Ռուսահայ Երուանդ Գասպարեան, բաւական տպաւորիչ մրցումներ կատարելէ եւ սքանչելի ելոյթներ ունենալէ ետք տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականին 6 - ... Շարն.
ԽՈԱՔԻՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՈՒԶԷ՞ ՄԻԱՆԱԼ ՓԱՈՔ ՍԱԼՈՆԻՔԱՅԻ
Յունական մամուլին համաձայն, տեղական կազմերէն ՓԱՈՔ Սալոնիքա իր վերջնական պատասխանը տուած է ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեանի ակումբին` Ռետ Պուլ Սալզպուրկի (Աւստրիա), անոր փոխանցման առնչութեամբ: ՓԱՈՔ Պօղոսեանի փոխանցման համար կ՛առաջարկէ մէկ ... Շարն.
«ՔՈՄԻՒՆԻԹԻ ՇԻԼՏ». ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Երէկ` կիրակի, 7 օգոստոսին, «Ուեմպլի»ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Քոմիւնիթի Շիլտ» բաժակի մրցաշարքի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Եունայթըտ եւ Սիթի: Քիչ մը զարմանալի, բայց ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՅԱՋՈՂ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ ՄԱՂԹԵՑ ԵՐԵՒԱՆՑԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒՆ
Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան ընդունեց 13 - 21 օգոստոսին Համահայկական 5-րդ խաղերուն մասնակցող Երեւանի մարզական պատուիրակութեան անդամները եւ բացման շքերթը գլխաւորող հանրածանօթ 10 մարզիչները: 10 մարզաձեւերու 12 հաւաքական ... Շարն.
ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ԱԽՈՅԵԱՆ ՏՈՐԹՄՈՒՆՏ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ. ՊԱՅԷՐՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
Ուրբաթ, 5 օգոստոսին սկսաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Պունտըսլիկա) 2011-2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ-Համպուրկ բացման մրցումը: Ախոյեան Տորթմունտ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 3 - 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ... Շարն.

