Category: Մարզական
Ճամպազ. Վաղը` Աղջկանց Ախոյեանութիւնը
Լիբանանի ճամպազի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ վաղը` կիրակի, 25 մայիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ճամպազի աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները: Անոնք տեղի պիտի ունենան Պուտտա Ռիատի ակումբին մէջ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլ Եւ Ռիատի Պէյրութ` Առաջին Դիրքին Վրայ
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի տղոց փինկ փոնկի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան 3-րդ եւ 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ժընուպ Թուլ եւ Ռիատի Պէյրութ կը գրաւեն ... Շարն.
Պեռնար Շալանտ. «Ընտրեցի Այս Ֆութպոլիստները Եւ Բոլորին Կը Վստահիմ»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի առաջին փորձերէն ետք, նոր գլխաւոր մարզիչ զուիցերիացի Պեռնար Շալանտ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` իր կողքին ունենալով Եուրա Մովսիսեանն ու Հենրիխ Մխիթարեանը: Հարցումի մը պատասխանելով Շալանտ ըսաւ. ... Շարն.
Արշակ Քորեան Հրաւիրուեցաւ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Կրտսերներու Ազգային Խումբ
Ռուսիոյ ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի մարզիչ Տմիթրի Ուլիանով հրապարակեց անունները այն 23 մարզիկներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին Ռումանիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եուրօ-2014-ի զտումի մրցումներուն: Ան նկատի առաւ նաեւ ... Շարն.
Թրքական Երկու Ակումբներ Կրնան Կախակայուիլ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին Կողմէ
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ թրքական երկու ակումբներ` Էշքիշեհիրսփոր եւ Սվազսփոր, կրնան զրկուիլ «Եուրոփա լիկ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին մասնակցելու իրաւունքէն, եթէ փաստուի, որ անոնք ապօրինի ... Շարն.
Արմէն Համբարձումեան Կրնայ Փոխ Տրուիլ Սոքոլի
Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Մոսկուայի Բանակայիններու միջնապահ Արմէն Համբարձումեան, որ Հայաստանի հաւաքականի թեկնածու է, շատ հաւանաբար փոխ տրուի Սոքոլի, որ իրաւունք ստացած է ելոյթ ունենալու ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Անուան 3-րդ Մրցաշարքը Աւարտեցաւ
Ինչպէս ծանօթ է, կազմակերպութեամբ Հուփս Ռիատի Պէյրութ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, քանի մը շաբաթավերջերու վրայ տեղի ունեցաւ Անն-Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի տարիքային 3-րդ մրցաշարքը` 1996-97, 1998-1999 ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Վան Փերսի Կրնայ Բացակայիլ Հոլանտայի Կազմէն
Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի շատ հաւանաբար բացակայի այս ամառ Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալէն, կը հաղորդէ ArmSport.am` մէջբերելով «Լ՛ԷՔԻՓ» պարբերաթերթին հրապարակած մէկ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Գերմանացիք Իրենց Նախապատրաստական Հաւաքը Սկսան Վիրաւորներով
Պատրաստուելու համար 2014-ի Մոնտիալին` Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը Իտալիոյ հարաւը սկսաւ 11 օրուան նախապատրաստական հաւաքի մը: Սակայն գերմանացիք այս հաւաքին սկսան վիրաւոր մարզիկներով: Յետսապահ Ֆիլիփ Լահմ եւ բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր, ... Շարն.
Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Անգլիա Հանդիսացաւ Ախոյեան
Անգլիոյ 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային խումբը հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, երբ 17 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին փենալթիներով (4-1) յաղթեց Հոլանտայի: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: Անգլիա ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին վրայ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, որուն շնորհիւ բնականաբար ապահովեց աւարտականի իր ... Շարն.
Ճատրակ. Միացեալ Նահանգներու Ախոյեանութիւն. Վարուժան Յակոբեան Եւ Տաթեւ Աբրահամեան Հանդիսացան Փոխախոյեաններ
Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ (Միացեալ Նահանգներ) աւարտած Ամերիկայի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքերուն փայլուն արդիւնքներու հասան Միացեալ Նահանգները ներկայացնող հայազգի կրանտմասթըրներ Վարուժան Յակոբեանն ու Տաթեւ Աբրահամեանը, կը յայտնէ ... Շարն.
Կռփամարտ. Արտեոմ (Արտ) Յովհաննիսեան Պիտի Մենամարտի Միացեալ Նահանգներու Ախոյեանութեան Տիտղոսին Համար
Հայ կռփամարտիկ Արտեոմ «Արտ» Յովհաննիսեան Սիեթըլի մէջ պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան տիտղոսին համար կատարուելիք կռփամարտի մենամարտին, կը յայտնէ ArmSport.am` վկայակոչելով elcomercio.pe կայքին հրապարակած մէկ լուրը: Թեթեւ կարգի 32 տարեկան ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, շնորհաւորեց Նըժմէն Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով: Իսկ Մապարրա եւ Իժթիմահի փոխադրուեցան Բ. դասակարգ: Ֆետերասիոնին ... Շարն.
Լիբանանցի Շիտիաք Վերընտրուեցաւ Այքիտօ – Թաքամուսոյի Միջազգային Ֆետերասիոնի Նախագահ
Ֆրանսուա Շիտիաք (աջէն երկրորդը) Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Այքիտօ - Թաքամուսոյի միջազգային ֆետերասիոնի («ITAF») համագումարը, որուն ընթացքին լիբանանցի Ֆրանսուա Շիտիաք նոր նստաշրջանի մը ... Շարն.
Պասքեթպոլ. 3×3 Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Մաս Կազմեց Ա. Խմբակին
ՖԻՊԱ-ին հրապարակած Եւրոպայի 3x3 պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հունգարիան, Լեհաստանը, Լաթվիան, Սպանիան, Զուիցերիան, Սլովաքիան, Ուքրանիան, Իսրայէլը եւ Պելճիքան: ... Շարն.
Պենզեմայի Փոխարէն Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Գնել Ակուերոն Կամ Սուարեսը
Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ ձերբազատիլ իր ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայէն, որովհետեւ պատրաստ չէ անոր համար գանձել 49 միլիոն եւրօ, անշուշտ եթէ այդպիսի առաջարկ մը ստանայ, կը յայտնէ ... Շարն.
Ռիպերի. «Ասիկա Պիտի Ըլլայ Իմ Վերջին Մոնտիալս»
Պայէրն Միւնիխի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի «Էր. Թէ. Էլ.»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութիւնը իրեն համար պիտի ըլլայ ... Շարն.
Պրազիլի Մէջ Հրկիզած Են Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Բաժակին Կրկնօրինակը
2014-ի Մոնտիալին նախօրեակին այնպէս կը թուի, որ Պրազիլի մէջ կիրքերը լարուած են եւ տեղի ունեցած է տհաճ միջադէպ մը, կը յայտնէ ArmSport.am: Իր լուրը քաղելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութենէն` հայկական աղբիւրը ... Շարն.
Աթլեթիզմ. Սերժ Տիշչեքենեան Հանդիսացաւ Երկրորդ
Ժամհուրի մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի աթլեթիզմի դաշտային խաղերու տարիքային ախոյեանութեան երրորդ օրուան մրցումներուն, Սերժ Տիշչեքենեան 95-96 դասակարգին մէջ բարձրութիւն ցատկելու մրցումներուն հանդիսանալով երկրորդ, արծաթ մետալ մը ապահովեց ՀՄԸՄ-ին: Իսկ 1999-2000-ի ... Շարն.

