Category: 50 Տարի Առաջ
50 Տարի Առաջ (18 Սեպտեմբեր 1963)
Թուրք Թերթեր Հայերու Մասին Մուսթաֆա Քեմալ Ինչեր Ըսած Էր Գերման Կուսակալին Սուլթան Համիտ Եւ Միհրան Էֆենտի Վերջերս թրքական թերթեր շատ կը զբաղին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններով, մանաւանդ` հայերով: Պոլսոյ «Սոն Հաւատիս» թերթին մէջ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (17 Սեպտեմբեր 1963)
Մեր Դպրոցները Լիբանանի մէջ առաքելական եկեղեցիի ենթակայ 25 նախակրթարաններ ունինք, 4 երկրորդական, առաւել` Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ու Խանամիրեան երկրորդական վարժարանները, որոնք ի մօտոյ պիտի կառուցուին. իսկ հայ կաթողիկէ եւ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (16 Սեպտեմբեր 1963)
Խաչի Տօնը Լիբանանի Մէջ Փառաշուք Հանդիսութիւն Մուսա Լերան Հերոսամարտի 48-րդ Տարեդարձին Առիթով Խաչվերացի տօնը մեծ խանդավառութեամբ տօնուեցաւ ամբողջ Լիբանանի մէջ: Շաբաթ երեկոյ, 14 սեպտեմբեր 1963, մինչեւ ուշ գիշեր բազմահարիւր ընտանիքներ խրախճանքի ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (13 Սեպտեմբեր 1963)
Խմբագրական Հայեցի Կրթութիւն Հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութիւնը հետզհետէ աւելի կը շեշտուի մեր կեանքին մէջ: Բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու այս խառնարանին մէջ, մեր բոլոր գաղութներէն ներս, հայ ժողովուրդի ապագան, իբրեւ ազգ եւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (11 Սեպտեմբեր 1963)
Խմբագրական Նշխար Հաղորդութեան (Ս. Զաւարեանի Մահուան 50-ամեակին Առթիւ) Այս տարի յիսնամեակն է ՀՅ Դաշնակցութեան առաքելատիպ հիմնադիրներէն` Սիմոն Զաւարեանի, որ հոկտեմբերի ցուրտ օր մը, դասախօսութենէ մը դարձին, կ՛իյնար յանկարծ` խոր սուգի ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (10 Սեպտեմբեր 1963)
Հայ Կեանք Դանիէլ Վարուժանի Ձեռագրերը Երեւանի մշակութային հիմնարկութեանց մէջ այցելուներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Այս հիմնարկութիւնն էր, որ հայ թատրոնի 2000-ամեակին նուիրեց մնայուն ցուցահանդէս մը, հայ գրողներուն ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1963)
Ներքին Կեանք 50 Տարուան Ոստում Յառաջդիմութեան Ճամբու Վրայ Ընկերային Ապահովութեան Ծրագիրը Մեծ Նպաստ Պիտի Բերէ Լիբանանի Զահլէ Ինքնագործ Հեռաձայն Ունեցաւ Ընկերային ապահովութեան ծրագիրը, որուն մասին շահեկան տեղեկութիւններ տուած էինք մեր ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1963)
Խմբագրական Կրթական Հարցեր Մօտ ամիս մը ետք դպրոցները կը վերաբացուին Լիբանանի մէջ: Ծնողները արդէն մտմտուքի մէջ են` իրենց զաւակներուն դաստիարակութեամբ մտահոգ: Ոմանց համար վարժարանի մը ընտրութեան հարցն է, ուրիշներու` վերաքննելիներու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (6 Սեպտեմբեր 1963)
Սուրիահայ Լուրեր Ուխտագնացութիւն Եագուպիէի Ս. Աննա Եկեղեցին (Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Կիրակի, 1 սեպտեմբեր, Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ տօնախմբութեան առիթով, շաբաթ երեկոյ եւ կիրակի օր կրօնական հոգեպարար արարողութիւններ տեղի ունեցան: Բերիոյ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1963)
Խմբագրական Վիեթնամի Տագնապը Ողջակէզ պոնզեր, հալածական պուտտայականներ, սրբապղծուած տաճարներ, ահազդու կին մը, որ շանթեր կ՛արձակէ. այս բոլորը ասիական հարաւ-արեւելքի մէջ, որ քսաներորդ դարու երկրորդ կիսու առաջին տասնամեակին գաղթային վայրագ կռիւի ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (4 Սեպտեմբեր 1963)
Դամասկահայ Ուխտաւորներ Պիքֆայայի Մէջ (Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Կիրակի, 18 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ տօնին օրը, Սուրիահայ օգնութեան խաչի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութիւնը իր 60-է աւելի անդամուհիներով ուխտագնացութիւն մը կատարեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնայ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1963)
Հայկական Կեանք Հայերը Աւստրալիոյ Մէջ 1000 Հայեր Կ՛ապրին Սիտնիի Եւ Մելպուռնի Մէջ Աւստրալիական թերթ մը կը գրէ.- Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր հայերը աչքաբաց եւ ճարպիկ վաճառականի համբաւը ունեցած են: Ներկայիս ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (2 Սեպտեմբեր 1963)
Հայ Մամուլը Թուրքի Աչքին Փուշ Պարզ Նախա՞նձ, Թէ՞ Զգուշութեան Հրաւէր... Պոլսոյ «Ենի Իսթիքլալ» թերթը, հրատարակելով պոլսահայ կարգ մը թերթերու եւ հրատարակութիւններու անուններով կազմուած քլիշէ մը, կ՛ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնները, որոնց մէջ նախանձի ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (31 Օգոստոս 1963)
Խմբագրական Արտասովոր Ցոյց Մը Ինչ որ պատահեցաւ անցեալ չորեքշաբթի Ուաշինկթընի մէջ, գրեթէ անըմբռնելի է այլ երկիրներու ժողովուրդներուն համար: Ընդհանրապէս ցոյցերը կը կազմակերպուին տիրող իշխանութեան մը դէմ` անոր քաղաքականութեան այս կամ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (30 Օգոստոս 1963)
Լուսոյ Նոր Վառարան Մը Անթիլիասի Մէջ Հայ հոգիին ամէնէն փափաքելի իղձն է իր մտքին լուսաւորումը, որուն համար ալ ան դարեր շարունակ, ի գին մեծ զոհողութեանց, իր հաստատուած վայրերուն մէջ ջանացած ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1963)
Խմբագրական Յիսնամեակը Կու Գայ (Կեմպարսքիի Նոր Յօդուածին Առթիւ) Մօտ է յիսնամեակը: 1965-ին յիսուն տարի անցած պիտի ըլլայ այն եղեռնաբոյր թուականէն, երբ մէկ միլիոն հայեր, ամբողջ ապագայ մը, անպատում ողբերգութեան մը ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1963)
Կարեւոր Գիրք Մը Հայկական Հարցը Մեծ Պետութեանց Քաղաքականութեան Մէջ Այս աշխատութիւնը, որուն հեղինակն է տոքթ. Ֆրանչեսքօ Սիստարի, Վենետիկ, վերլուծում մըն է մեծ պետութիւններու քաղաքական արեւելեան խնդիրներուն ամէնէն փափուկներէն մէկուն` Հայկական հարցին ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1963)
Տոմսեր Հրաշքների Նոր Աշխարհը (Ինչե՜ր, Ինչե՛ր Կը Պատահին) Ինչե՜ր տեղի կ՛ունենան Խորհրդային Միութեան երկրագործական ճակատին վրայ եւ կեանքին մէջ առհասարակ.- դժուար է երեւակայել, սակայն ամէնէն անհաւատալի առասպելն իսկ իրականութեան մօտ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (26 Օգոստոս 1963)
Պիքֆայայի Ծաղիկներու Տօնը Փայլուն Յաջողութիւն Մը Ունեցաւ Երէկ Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղիկներու տօնը: Աւանդական դարձած այս տօնախմբութիւնը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը, թէ՛ անթերի կազմակերպութեան եւ թէ՛ խճողումի առաջքը առնելու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1963)
Խմբագրական Լիբանանի Վերելքը Երէկ թարգմանաբար եւ արդար հպարտութեամբ հրատարկեցինք այն շահեկան յօդուածը, որ լոյս տեսած է «ԺԷՕՆ ԱՖՐԻՔ» շաբաթաթերթին մէջ` «Լիբանան` Միջին Արեւելքի Զուիցերիան» խորագրին ներքեւ: Նոյնութեամբ պահեցինք նաեւ խորագիրը, ... Շարն.

