Category: Հայկական
Կապանի Մէջ «Իշխանութիւնը Մեզի Համար Արհեստ Չէ» Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան
Նախանցեալ օր Կապան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ՀՅ Դաշնակցութեան հանրահաւաքին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան կատարեց հետեւեալ հարցադրումները. «Ինչո՞ւ դրական փոփոխութիւն չկայ, ինչո՞ւ մեր շուրջը տակաւին համատարած աղքատութիւն է, ... Շարն.
Թրքական Երկու Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններ 24 Ապրիլին Թուրքիոյ Տարածքին Ցոյցեր Պիտի Կատարեն
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական երկու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ` Մարդկային իրաւանց միութիւնը եւ «Ցեղապաշտութեան «ո՛չ» ըսէ նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը գործի լծուած են Թուրքիոյ տարածքին 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ... Շարն.
«Հայերը Ստիպուած Եղած Են Իրենց Տուները Լքելու» Կ՛Ըսէ Չիչեք
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք «Ցաւը կիսելու եւ վէրքերը բուժելու առաջին քայլ» խորագիրով գիտաժողովին ընթացքին յայտնած է, որ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին «մեզի հետ ... Շարն.
Արընչ Փոքրամասնութիւններուն Պահանջած Կալուածներուն Մասին Բացատրութիւններ Տուած Է
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ խորհրդարան յղուած հարցագիրի մը պատասխանելով յայտարարած է, որ վերջին հինգ ամիսներուն ընթացքին 26 փոքրամասնական հիմնարկներու կողմէ դիմում կատարուած է 78 անշարժ կալուածներու ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Կոչ Կ՛Ուղղէ Քուէարկելու Արայիկ Գրիգորեանի Օգտին
Արարատի մարզի Աւշար համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընտրողներուն յորդորեց քուէարկել թիւ 18 ընտրատարածքին մէջ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածու Արայիկ Գրիգորեանի օգին: Նախագահը նշեց, որ թէեւ Արայիկ Գրիգորեան ... Շարն.
Որպէսզի Հայ Մարդը Չխորթանայ Իր Հայրենիքէն
ՀՅԴ թեկնածու Արթուր Եղիազարեան երէկ թիւ 8 ընտրատարածքին մէջ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածուներու բանավէճի ժամանակ յայտարարեց, որ երբ մարդը չի կրնար իր ընտանիքին պէտքերը հոգալ, բազմաթիւ հարցեր` ազգային, հայրենասիրական, պետականամէտ, ... Շարն.
«Միակ Քաղաքական Ուժը, Որ Կը Ներկայանայ Յստակ Նախընտրական Ծրագիրով, Հյ Դաշնակցութիւնն Է» Կ՛Ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Եղուարդի մէջ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կատարած այն յայտարարութեան, թէ համաձայն ... Շարն.
Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Հայաստան
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով 16-17 ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի այցելէ Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Մարթինով: Այցելութեան ընթացքին Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը պիտի ընդունին նախագահ Սերժ ... Շարն.
Կրթութեան Նախարարութեան Եւ «Փիւնիկ» Հիմնադրամին Աջակցութեամբ Վերջին 4 Տարիներուն Հայաստանի Մէջ 750 Տարրալուծարան Կահաւորուած Է
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան նախանցեալ օր ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր: Վերջին 4 տարիներուն ընթացքին նախարարութեան եւ հիմնադրամին ... Շարն.
Ստեփանակերտի Մէջ Նշում` Մարաղայի 20-Ամեակին
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայրենիք, Ժողովրդավարութիւն, Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնները եւ Արցախատուն պատգամաւորական խումբը 10 ապրիլին հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ մը Մարաղա գիւղին մէջ իրականացուած ոճիրին 20-ամեակին առիթով: Յայտարարութեան մէջ կը ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւնը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց 2012-ին Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախընտրական դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութիւնը` պարոնուհի Էմմա Նիքոլսընի գլխաւորութեամբ: Երկու կողմերը բարձր գնահատեցին Եւրոպական խորհուրդին անդամակցող ... Շարն.
Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպերթ Պրատքէի, Իկոր Փոփովի, Ժաք Ֆորի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի ... Շարն.
Տինքի Գործը Քննող Դատաւորին Եւ Դատախազին Դէմ Սկսած Հետաքննութիւնը Աւարտած Է
Թուրքիոյ Դատաւորներու եւ դատախազներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ Ահմեթ Համսիճի կը յայտնէ, որ Տինքի սպանութեան հարցով դատաւորին եւ դատախազին դէմ սկսած հետաքննութիւնը աւարտած է եւ զեկուցումը ուղարկուած է Թուրքիոյ Դատաւորներու եւ ... Շարն.
Շուէտի Խորհրդարանը 9 Մայիսին Պիտի Քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը
Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի ազրպէյճանցիներու քոնկրեսը հանդիպումներ ունեցած է Շուէտի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Շուէտացի երեսփոխանները յայտարարած են, որ 9 մայիսին խորհրդարանը պիտի քննարկէ Լեռնային ... Շարն.
Դաշնակցութիւնը Ներկայացուց Նախընտրական Իր Կայքէջը` www.arf2012.am
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ քարոզչական յանձնախումբի անդամները երէկ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ներկայացուցին arf2012.am հասցէով խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզչութեան նպատակով ստեղծուած ՀՅԴ-ի կայքէջը: «Մեր քարոզարշաւը միշտ ... Շարն.
«ՀՅԴ-ն Իր Պատասխանատուութենէն Չի Հրաժարիր» Կ՛Ըսէ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իշխանութիւնը նախընտրական քարոզչութեան շրջանին մէջ կ՛աշխատի ընդդիմութեան դաշտին մէջ, ոչ թէ իր կատարածի ... Շարն.
Աթեշեան Սրբազան Եւ Շիրինօղլու Արընչի Հետ Կը Քննարկեն Եկեղեցապատկան Կալուածներուն Վերաբերող Խնդիրներ
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան եւ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երեքշաբթի օր Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ փոխվարչապետ ... Շարն.
Արցախի Մէջ Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազրպէյճանցի Գերիին
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող ազրպէյճանցի գերի Մամետպաղիր Ախունտզատէին: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակը ազրպէյճանական 1news.az համացանցային պարբերականին փոխանցեց, որ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները նամակ փոխանցած ... Շարն.
«ՀՅԴ-ն Այս Անգամ Աւելի Ուշադիր Պիտի Ըլլայ» Կ՛Ըսէ Արա Նռանեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեան երէկ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին կազմակերպած բանավէճին ժամանակ յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ի շուրջ բաւական դրական մթնոլորտ ձեւաւորուած է եւ այս տարի աւելի շատ առիթներ կան, ... Շարն.
Թէժ Քննարկումներ` Միջկուսակցական Միասնական Կեդրոնի Ստեղծման Շուրջ
Երէկ Քաղաքագէտներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու միջկուսակցական միասնական կեդրոնի ստեղծման առնչութեամբ թէժ քննարկումներ կատարուեցան: Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Ռուբէն Յակոբեան յայտարարեց, որ եթէ միասնական կեդրոնի ստեղծման յայտարարութեան տակ չստորագրեն կուսակցութիւններու ... Շարն.

