Category: Հայկական
Ողջակիզումը Ուսումնասիրողները Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Սպիտակ Տան Քաղաքականութենէն Մտահոգուած Են
Ռաֆայէլ Մետոֆ «Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի Տէյվիտ Վայմանի անուան Ողջակիզումի ուսումնասիրութեան հիմնարկի տնօրէն Ռաֆայէլ Մետոֆ յայտնած է, որ Սպիտակ տունը «գերի» կը պահէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու տառապանքները ներկայացնող գորգը, ... Շարն.
«Վարչապետը Հաղորդում Տուած Է Յանցագործութեան Մասին» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ելեւմտավարկային եւ պիւտճէի հարցերու մնայուն յանձնախումբի նիստին ընթացքին 2014-ի պիւտճէի քննարկման ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ գործազուրկներու նպաստներուն համար յատկացուած 94 ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Կը Շնորհաւորէ Մարկվելաշվիլին
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Կէորկի Մարկվելաշվիլիին` 27 հոկտեմբերին տեղի ունեցած Վրաստանի նախագահական ընտրութեան տարած յաղթանակին առիթով: Շարն.
«Մուրադեանի Սպանութեան Գործով Նախաքննական Մարմինները Կրնային Աւելին Ընել» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան
Արդէն եօթը ամիսներ անցած են Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան, եւ «Հրաչ Մուրադեան. արդարութեան պահանջ» շարժումը երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով տուաւ մամլոյ ասուլիս: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այս ասուլիսին ... Շարն.
Էրտողան Անդրադարձած Է Աղթամարի Վերակառուցման Եւ Հայերու Կրօնական Իրաւունքներուն
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է եկեղեցաշինութեան վերաբերեալ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի կատարած քննադատութիւններուն: Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտարարած է, որ պէտք է յարգել ... Շարն.
Մոռնինկսթար Չի Բացառեր. Սարգսեան Եւ Ալիեւ Կրնան Հանդիպում Ունենալ Մինչեւ Տարեվերջ
«Յոյսով ենք, որ մինչեւ տարեվերջ տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը», «Թուրան» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար: Ըստ անոր, «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի ... Շարն.
Ամբողջացաւ 27 Հոկտեմբերի Ոճրային Արարքին 14-ամեակը
Անցեալ կիրակի օր լրացաւ 27 հոկտեմբերի ոճրային արարքին 14-րդ տարին: 27 հոկտեմբեր 1999-ին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, Նայիրի Յունանեանի զինեալ խումբը ներխուժեց խորհրդարանի նիստերու դահլիճ եւ ... Շարն.
Մէկ Շաբթուան Մէջ Զինադադարի Դրութեան 200 Խախտում
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակին տուեալներով` 20-26 հոկտեմբերի ժամանակաշրջանին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 200 անգամ: Տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ... Շարն.
Այցելութիւն Սիմոն Զաւարեանի Շիրիմին
Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն շրջագիծին մէջ 26 հոկտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կազմակերպած էր այցելութիւն Զաւարեանի շիրիմին, որ կը գտնուի Լոռիի մարզի անոր հայրենի գեղատեսիլ Այգեհատ գիւղին մէջ: ... Շարն.
Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մեծարէ Երեք Օրէնսդիրներ
Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբը չորեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, Մոնթեվիտէոյի «Քրիսթըլ Փալաս» պանդոկի հանդիսասրահին մէջ մեծարեց Հայ դատին սատար հանդիսացող երեք ուրուկուէյցի քաղաքական գործիչներ` ծերակոյտի անդամ Ռաֆայէլ Միքելինի, երեսփոխան Ռուբէն Մարթինես Ուելմօ ... Շարն.
Հաստատուած Է Հայաստանի` Մաքսային Միութեան Անդամակցելու Վերաբերեալ 3 Փաստաթուղթ
Աշխատանքային այցելութեամբ Պիելոռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 հոկտեմբերին Մինսքի մէջ մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նեղ կազմով` Հայաստանի, Խըրխզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն մասնակցութեամբ նիստին: Նիստին ընթացքին, ... Շարն.
Սիմոն Զաւարեանին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ազգային Արխիւի Կեդրոնին Մէջ
25 հոկտեմբերին Հայաստանի ազգային արխիւի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս` նուիրուած Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին: Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն եւ ազգային նշանաւոր գործիչներէն մէկուն նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը արխիւային նիւթերու ցուցադրութեան ընդմէջէն ... Շարն.
Տինքի Սպանութեան Հարցով Հետախուզուող Էրհան Թունճել Դարձեալ Կը Ձերբակալուի
Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը դարձեալ ձերբակալեց Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով հետապնդուող ամբաստանեալներէն Էրհան Թունճելը: Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին համաձայն, ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Քումպուրկազը թաղամասի բնակարաններէն մէկուն մէջ ձերբակալած է Թունճելին, որ այս տարուան սեպտեմբեր ... Շարն.
Եւրասիական Միութիւնը Պիտի Սկսի Գործել 2015-ին
«Ռիա Նովոսթի» գործակալութիւնը փոխանցեց, որ Ղազախստանի նախագահ Նորսուլթան Նազապայեւը յայտնած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի 1 յունուար 2015-ին: Ան նշեց, որ իբրեւ նախապատրաստութիւն պէտք է նախ ... Շարն.
Անորոշութիւն Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի Վերաբերող Հակասական Դրոյթներ
23-24 հոկտեմբերին Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը` Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող: Զեկոյցին 16-րդ եւ 23-րդ կէտերը կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ անոնք տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու ... Շարն.
Անճէյ Քասփըրչիք Ղարաբաղի Մէջ Կը Քննարկէ Սահմանային Վիճակը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 հոկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային ... Շարն.
Հայկական Ստորաբաժանումը Պիտի Մասնակցի Լիբանանի Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութեան
Պրիւքսէլ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, 21-23 հոկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ: Օհանեան հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ Մաուրոյի հետ: Հանդիպման ... Շարն.
Գիտական Նստաշրջան` Նուիրուած Սիմոն Զաւարեանին
23 հոկտեմբերի առաւօտեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային (ԳԱԱ) մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիր անդամ, «Դաշնակցութեան խիղճն ու սիրտը» նկատուող Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիտական նստաշրջանը: ... Շարն.
Արծուիկ Մինասեան. «Եթէ Արժանապատիւ Կերպով Չի Վարձատրուիր Հանրային Ծառայողը, Շատ Բան Մի՛ Սպասէք Անկէ»
Դաշնակցութիւնը կողմ է կառավարութեան ներկայացուցած` «Պետական աշխատողների աշխատավարձերի միասնական համակարգի մասին» օրէնքի նախագիծին: 23 հոկտեմբերին կայացած Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին օրինագիծի քննարկման ժամանակ այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Ազգային ժողովի պատգամաւոր ... Շարն.
Ըստ «Իզվեսթիա»-ի. Այսօր Մինսքի Մէջ Պիտի Քննարկուի Հայաստանի` Եւրասիական Միութեան Անդամակցութեան Հարցը
Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը` վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի յայտարարութիւնը, կը գրէ, որ այսօր Մինսքի մէջ պիտի կայանայ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի համատեղ կառոյցի գերագոյն մարմինի` Եւրասիական գերագոյն տնտեսական խորհուրդի ... Շարն.

