Category: Լիբանանեան
«Պէտք Է Արդիականացնել Պէյրութի Սակարանը, Պաշտպանել Ապրանքանիշերը Եւ Կատարել Տնտեսական Երկխօսութիւն» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Շուքէյր
Շուքէյրի հետ հարցազրոյցէն պահ մը Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Շուքէյր «Վանայ ձայն»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ ... Շարն.
«Հարիրի Հրահանգեց Զիս Հարուածել, Իսկ Աուն Սիւննի Համայնքին Դէմ Գրգռութիւններ Կը Հրահրէ» Շեշտեց Ահմետ Ասիր
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի նախկին իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր, Ապրայի դէպքերուն աւարտէն ետք, երէկ երեկոյեան սպրդեցուց երկրորդ ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ իր խօսքը ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Խոչընդոտներուն Լուծումներ Կը Փորձենք Գտնել»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Անպա» օրաթերթին մէջ իր հրապարակած յօդուածին մէջ նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծել կարենալու համար Լիբանանի ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել նշեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին լուծումը ուշացած է` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին թուրքերուն: ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն անունով ... Շարն.
Թեհրանի Մէջ. Նախագահ Սլէյման Մասնակցեցաւ Ռուհանիի Նախագահական Երդման Արարողութեան
Ռուհանիի երդման արարողութեան ներկաները. լուսանկարին մէջ կ՛երեւին նախագահներ Միշել Սլէյման եւ Սերժ Սարգսեան Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ անձնական օդանաւով մեկնեցաւ Թեհրան, ուր մասնակցեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման ... Շարն.
Ապահովական Վտանգաւոր Բացայայտում` Տարայայի Մէջ
Երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ Տարայա շրջանին մէջ յայտնաբերուած է քարտէս մը, ուր նշուած են երեք թիրախներ Սաատիյաթի, Հատաթի եւ Զէյնա հովիտին մէջ ականահարումներ ... Շարն.
Մեժտալիունի Մէջ Իֆթար` Ի Պատիւ Բանակին
Զօր. Քահուաժի Հարիրիէն կը ստանձնէ Թաէֆի զինանշանը Երեսփոխան Պահիա Հարիրի շաբաթ երեկոյեան Սայտայի Մեժտալիուն պալատին մէջ սարքեց իֆթար մը` ի պատիւ լիբանանեան բանակին: Իֆթարին ներկայ գտնուեցան բանակի հրամանատար զօր. Ժան ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը Բարդութիւններու Դիմաց Կը Գտնուի
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին նպատակով «Հիւսիսային փոթորիկ փաղանգ»-ին հետ առկայ բանակցութիւններուն ծիրին մէջ երէկ արձանագրուեցաւ բարդութիւն մը, երբ նոյն փաղանգին կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը: Հաղորդագրութեան մէջ պահանջուեցաւ ... Շարն.
Սապունճեան Նախագահեց «Սէ. Ի. Թէ.» Արհեստից Վարժարանի Աւարտական Հանդէսին
Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, «Սէ. Ի. Թէ.» արհեստից վարժարանը կազմակերպեց իր աւարտական հանդէսը, որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ վարժարանին հիմնադրութեան 50-ամեակը: Նախագահ Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան ... Շարն.
Թրիփոլիի Քաղաքացիներ Սուրիոյ Մէջ Կը Սպաննուին` Քաղաքական Գործողութեան Մը Ընթացքին
Թրիփոլիի Մանքուպին շրջանի քաղաքացիներ Մոհթասեմ եւ Հասան Տիպ, որոնք եղբայրներ են եւ շուէտական քաղաքացիութիւն կը կրեն, Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր ուժերու կողքին մասնակցեցան սուրիական բանակին դէմ զինուորական գործողութեան մը, որուն ընթացքին ... Շարն.
Քոնելլի Ողջունեց Նախագահ Սլէյմանի Կեցուածքները
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքները` աւելցնելով, որ նախագահ Սլէյմանի վարուելակերպը բացառիկ է, որովհետեւ ան կը համապատասխանէ լիբանանցիներուն ձգտումներուն ... Շարն.
«Նախագահ Սլէյմանի Ճառը Հաշտութեան Եւ Անկեղծ Զրոյցի Սեղանի Մը Յստակ Օրակարգ Կը Նկատուի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Զղարթայի մէջ ժողովրդային ընդունելութիւն` Ռայի պատրիարքին Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ բոլորս կարիքը ունինք ճշմարտութեան, ... Շարն.
Արիտայի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Եւ Սահման Տանող Միջազգային Ճամբու Փակում
Հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա Արիտայի սահմանը երէկ փակուեցաւ Արիտայի բնակիչներուն կողմէ` իբրեւ բողոք Քապիր գետը կտրող սուրիացի քաղաքացիի մը սպանութեան դէմ: Սուրիական բանակին կողմէ Քապիր գետը կտրող սուրիացի քաղաքացիին սպանութիւնը ընդվզեցուցած էր ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ փափաք յայտնեց ազգային հաշտութեան իսկական կառավարութիւն մը կազմելու` հեռու մրցակցութեան ոճէն: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի ներկայութիւնը անոր ստանձնած ազգային ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Դատապարտելով նախանցեալ գիշերուան հրթիռարձակումը` երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Պաապտա Ֆիատիէ շրջանները թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնը: Լիբանանեան բանակի ... Շարն.
«Հրթիռարձակումը Չի Կրնար Փոփոխութեան Ենթարկել Ազատ Խօսքի Շրջագիծին Մէջ Արտայայտուած Ազգային Սկզբունքները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց երկրին մէջ նախանցեալ գիշեր կատարուած հրթիռարձակումը եւ ապահովական կառոյցներէն պահանջեց աշխուժացնել իրենց հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար դէպքին ծալքերն ու յանցագործները: Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, ... Շարն.
Երուսաղէմի Համաշխարհային Օր. «Պաղեստինէն Եւ Պաղեստինցիներէն Պիտի Չհրաժարինք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Սէյիտ Հասան Նասրալլա Երուսաղէմի համաշխարհային օրուան առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անձամբ մասնակցեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան: «Մեզ միացնողը ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին
Նախագահ Սլէյման եւ Սապունճեան Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ: ... Շարն.
Պաապտան Եւ Ֆիատիէն Հրթիռարձակումի Թիրախ Դարձնելու Արարքին Դէմ Դատապարտումի Ալիք Կը Բարձրանայ
Նախանցեալ օր Պաապտայի շրջանին ուղղութեամբ եւ յատկապէս նախագահական պալատին կից գտնուող բնակարանն ու Ֆիատիէի մէջ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղին հրթիռարձակումի թիրախ դարձնող արարքը արժանացաւ խիստ դատապարտումի: Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան ... Շարն.
Հարիրի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լուծելու Ապօրինի Զէնքին Հարցը Եւ Վերջ Տալու Սուրիոյ Տագնապին Ամէն Տեսակի Մասնակցութեան»
Հարիրի` ռամատանեան իր ճառին ընթացքին Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Մուսթաքպալ հոսանքի կազմակերպած ռամատանեան իֆթարի մը ընթացքին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փորձէ Լիբանանը մղել դէպի ... Շարն.

