Category: Լիբանանեան
Վ. Սապունճեան Սուրիացի Գործարարներու Հետ Քննարկեց Պէյրութի Եւ Թրիփոլիի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Հեռանկարները
Սապունճեան` սուրիացի գործարարներուն հետ Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց սուրիացի գործարարներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց Սուրիոյ առեւտուրի գրասենեակի խորհուրդի եւ Հալէպի առեւտուրի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնութեան ... Շարն.
Մանսուր Այցելեց Հըսի
Հըս եւ Մանսուր Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն ... Շարն.
Վերջին Ժամ. Երեք Հրթիռներ` Պաապտայի Ուղղութեամբ
Երէկ կէս գիշերին Սուք Էլ Ղարպ գիւղաքաղաքի անմարդաբնակ մէկ շրջանէն Պաապտայի շրջանին ուղղութեամբ արձակուեցան երեք հրթիռներ, որոնցմէ մէկը ինկաւ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղիին մօտ: Ապահովական աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, ... Շարն.
Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 68-ամեակին Առիթով. «Բանակին Առաքելութիւնը Անկարելի Կը Դառնայ Երկրին Մէջ Զէնքին Երկուութեան Պատճառով» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Սպայից վարժարանի շրջանաւարտները իրենց երդումը կու տան Լիբանանեան բանակը, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ ... Շարն.
«ՀՅԴ-ի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանքին Միջեւ Հարցեր Չկան, Այլեւ` Տեսակէտներու Տարբերութիւն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Պինա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ հարցեր ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը
Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը: Կարտինալ Ռայի առաջնորդ սրբազանին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր ... Շարն.
Պըրրի. «Ճիշդ Գրաւը Կարելի Է Դնել Սէուտական-Իրանեան Համաձայնութեան Վրայ, Իսկ Լիբանան Առանց Նախագահի Պիտի Չմնայ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի վերաբերող ընդհանուր սկզբունքներուն պարագային իրենք առաւելագոյն չափով համաձայն են Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, սակայն մանրամասնութիւններուն պարագային ... Շարն.
Զօր. Սերրա. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Ոչ Մէկ Կապ Ունին Եւրոպական Միութեան Որոշումին Հետ»
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ շնորհակալական նամակ մը յղեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի` ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 68-ամեակի նշումին հրաւիրելուն ... Շարն.
Յ. Թերզեան. «Լիբանանցի Ժողովուրդին Զօրակցութիւնը Վայելող Բանակին Գոյութեամբ Լիբանան Ոչ Մէկ Բանէ Պէտք Է Վախնայ»
Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան լիբանանեան բանակի տօնին առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մը ընդմէջէն շնորհաւորեց բոլոր սպաները, աստիճանաւորները եւ հերոս զինուորները, որոնք յոյսն են բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Լիբանանի ... Շարն.
Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Փակեցին Ընկերութեան Բոլոր Դռները
Ելեկտրական ընկերութեան սարակները, զիրենք իրենց պաշտօններուն մէջ հաստատելու պահանջին լոյսին տակ, երէկ դիմեցին մագլցողական քայլերու եւ շղթաներով փակեցին ընկերութեան բոլոր դռները` արգիլելով անոր պաշտօնէութեան մուտքը: Սարակները Ելեկտրականութեան ընկերութեան մուտքին հրկիզեցին ... Շարն.
Ժամմոյի Սպանութիւնը Բեմականացուեցաւ
Ներկայութեամբ աւագ քննիչ դատախազ Մունիֆ Պարաքաթի, երէկ Սարաֆանտի մէջ բեմականացուեցաւ սուրիացի լրագրող Մոհամետ Տիրար Ժամմոյի սպանութիւնը: Ժամմոն սպաննող յանցագործը խոստովանեցաւ, բացատրեց եւ մանրամասն կերպով ներկայացուց Ժամմոյի սպանութիւնը: Դատախազ Պարաքաթ շեշտեց, ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԷՅԻՏ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի անուան գրասենեակին համաձայն, Ֆիթրի տօնին առաջին օրը կը զուգադիպի ուրբաթ, 8 օգոստոս 2013-ին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը եւ բանակը` իր հիմնադրութեան ... Շարն.
Ղոսըն Երկու Տարիով Երկարաձգեց Բանակի Հրամանատարին Եւ Սպայակոյտի Պետին Պաշտօնավարութիւնը
Զօր. Ժան Քահուաժի Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանի պաշտօնավարութիւնը երկու տարիով երկարաձգեց: Ղոսըն Եարզէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատարը, ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Նամակ Մը Ստացաւ Ատլի Մանսուրէն
Նախագահ Սլէյման եւ Մուքպել Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտին, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց նամակ մը` Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի ... Շարն.
Պըրրի. «Կարիքը Ունինք Ամէն Քայլի, Որ Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Նպատակով Կ՛ամրապնդէ Բանակին Դերակատարութիւնը»
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը: Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանը կարիքը ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Շնորհաւորական Նամակ Մը Ստացաւ Իրանի Նախագահէն
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ վարչապետին յանձնեց Իրանի առաջին փոխնախագահ սէյիտ Մոհամետ Ռիտա Ռահիմիի կողմէ շնորհաւորական նամակ մը` 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի ... Շարն.
Վ. Սապունճեան Ընդունեց Հարաւային Ափրիկէի Դեսպանը
Սապունճեան` Հարաւային Ափրիկէի դեսպանին եւ հիւպատոսին հետ հանդիպման պահուն Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Ափրիկէի դեսպան Շուֆ Պինֆելտթը եւ հիւպատոս Ուաժիհ Պըզրին: ... Շարն.
Միքաթի Կը Քննարկէ Քաղաքական Եւ Բարգաւաճման Շարք Մը Հարցեր
Ապատի եւ Միքաթի Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչպետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Ապատի Միքաթիի յանձնեց ... Շարն.
Մաժտալ Այնճարի Մէջ. Բանակի Ջոկատ Մը Թակարդի Մէջ Կ՛իյնայ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ բանակի մէկ ջոկատը Մաժտալ Այնճարի մէջ ներխուժում մը կատարած է եւ ձերբակալած բանակին դէմ յարձակում գործելու յանցանքով ամբաստանուած ... Շարն.
Ժոմպլաթ – Ֆրենժիէ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երկու օր առաջ ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Ժոմպլաթ շեշտեց լիբանանեան բանակի հրամանատարին եւ սպայակոյտի ... Շարն.

