Category: Լիբանանեան
Շարպել. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ազգային Ժողովրդավարական Պարտականութիւն Կը Նկատուին»
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ իրենք մեծ յոյսեր ունին, որ խորհրդարանը պիտի կարենայ համախոհական ընտրական արդար օրէնք մը գոյացնել` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները. ան նշեց, ... Շարն.
Ռաատ. «Յանձնառու Ենք Սալամի Պարտականութիւնը Դիւրացնելու Եւ Կը Մերժենք Անիրաւութիւնը»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ նշեց, որ իրենք ընդհանրապէս չէզոք կեցուածքի տէր են, սակայն երբ թշնամի Իսրայէլ միջամուխ կը դառնայ երկրին տագնապներուն, ապա իրենք ձեռնածալ չեն կրնար մնալ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան կ՛աշխատի համախոհութիւն գոյացնել ընտրական խառն օրինագիծի մը շուրջ: ՀԱՅՖԱՅԻ քաղաքապետ Եոնի Եահեֆ կոչ ուղղեց Իսրայէլի կառավարութեան ահաբեկելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ ... Շարն.
Պէյրութի Մէջ. Պոկտանով Կը Հաստատէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու Եւ Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծում Ապահովելու Անհրաժեշտութիւնը
Պոկտանով Փութինի նամակը կը յանձնէ նախագահ Սլէյմանին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնատարներու, ... Շարն.
Միքաթի Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայութեան
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք այս առիթով խորապէս կը զօրակցի հայութեան եւ կը կիսէ անոր ցաւերը, որոնք կու գան անոր պահած հաւաքական վառ յիշողութենէն: ... Շարն.
Սամի Ժեմայէլ. «Հայութիւնը Լիբանանեան Հիւսուածքին Անմասնատելի Մէկ Բաժինն Է»
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ հայութեան դէմ գործուած բռնարարքները գործուած են նաեւ լիբանանցի ժողովուրդը բաղկացնող մեծ թիւով այլ համայնքներու դէմ: Ան շեշտեց սակայն, որ ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Ժոմպլաթը
Ժոմպլաթ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը իր դիմագրաւած քաղաքական տագնապներէն դուրս բերելու կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ... Շարն.
«Մնայուն Փորձեր Կը Կատարուին Լիբանանը Պարպելու Իր Ստեղծագործ Երիտասարդութենէն» Մտահոգութիւն Յայտնեց Նախարար Սապունճեան
Գիտական օրուան քննարկումներէն պահ մը Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի հովանաւորութեամբ երէկ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ երրորդ գիտական օրը, որ նուիրուած էր հետազօտութիւններուն ու բարգաւաճման, ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Շարունակեց Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը` ընդգծելով, որ ինք անշեղ կը մնայ բոլոր լիբանանցիներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ մնալու իր կեցուածքէն: Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ... Շարն.
Մարուան Շարպել Պարգեւատրեց Ապպաս Իպրահիմը
Պարգեւատրումէն պահ մը Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ պարգեւատրեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը` բարձր գնահատելով անոր ծառայութիւններն ու ջանքերը` երկրին ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները 1 Մայիսին Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Բողոքի Ցոյց Մը Պիտի Կատարեն
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները լիբանանցիները հրաւիրեցին մասնակցելու յառաջիկայ 1 մայիսին Նահատակաց հրապարակին վրայ կատարուելիք բողոքի ցոյցին: Միւս կողմէ, առեւանգուածներուն հարազատները երէկ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Կեդրոնական Պէյրութի ... Շարն.
Զօր. Սերրա Շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Շարունակելու Կարեւորութիւնը
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ: ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտուեցաւ, որ զօր. ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման կը զօրակցի կառավարութեան մը, որուն մէջ տարբեր նախարարութիւններ կը ստանձնեն կառավարութեան մէջ ներկայացուող քաղաքական կողմերը, առանց այս կամ այն ... Շարն.
«Ժազիրա» Կայանին Հետ Իր Ունեցած Հարցազրոյցին Ընթացքին. «Թուրքիա Պէտք Է Հրապարակաւ Ներում Հայցէ Եւ Հայութեան Վերադարձնէ Իր Քաղաքական Իրաւունքները» Վերահաստատեց Վ. Եագուպեան
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման առիթով օտար մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն կատարուած յայտարարութիւններուն շրջագիծին մէջ, «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան կարճ հարցազրոյց մը կատարեց Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա ... Շարն.
Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման
Լիբանանի մէջ 23, 24 եւ 25 ապրիլին լոյս տեսած լիբանանեան օրաթերթերը անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման եւ այդ առիթով լիբանանահայութեան կողմէ կատարուած քայլարշաւին: Իւրաքանչիւր օրաթերթ իր դիտանկիւնէն մեկնելով եւ իր ... Շարն.
Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Առիթով Հայութեան Զօրակցական Կեցուածքներ
ՆԱԶԵՄ ԽՈՒՐԻ Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան, որ իր դէմ գործուած ցեղասպանութենէն գրեթէ 100 տարի ետք կենդանի կը պահէ իր դատը: «Ցաւ կը յայտնենք ցեղասպանութեան ... Շարն.
Մամլոյ Արձակուրդ
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 25 ապրիլ 2013-ին։ Մեր յաջորդ թիւը ուրբաթ, 26 ապրիլին։ Շարն.
Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Առաջնորդներ Եազիժի Եւ Իպրահիմ Եպիսկոպոսներուն Առեւանգումը
Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ գիշեր ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց ... Շարն.
Ընտրական Օրէնքը Մշակող Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Վերջ Տուաւ Իր Նիստերուն
Ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց իր վերջին նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի: Հանդիպումէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին ի յայտ եկած է, թէ ենթայանձնախումբը այս ... Շարն.
Զօր. Աուն Կը Դատապարտէ Հալէպի Մէջ Երկու Եպիսկոպոսներուն Առեւանգումը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ այցելեց Պալամանտի վանքը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Եազիժի պատրիարքին հետ: Զօր. Աուն ... Շարն.

