Category: Լիբանանեան
Շարպել. «Սուրիական Ազատ Բանակը Լիբանանի Դէմ Ոչ Մէկ Ապահովական Գործողութիւն Պիտի Կատարէ»
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ Սուրիական ազատ բանակը Լիբանանի դէմ ապահովական ոչ մէկ գործողութիւն պիտի կարենայ կատարել` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն անվտանգութեան պաշտպանութիւնը լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է: Միւս ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԻ նախագահ Շիմոն Փերես կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան Հըզպալլան նկատի ունենալու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն ցանկին վրայ: Ան ըսաւ, որ Հըզպալլայի սուրերը աւելի շատ Լիբանանի ապահովութիւնը թիրախ կը դարձնեն, քան` Իսրայէլինը: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ... Շարն.
«Տարիներու Կուտակումները, Իրաւազրկումն Ու Անարդարութիւնը Պատճառ Դարձան Ուղղափառ Հանդիպումի Օրինագիծին Մշակումին» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին կողմէ այդ անունով կոչուող ընտրական օրինագիծին մշակումին պատճառը ... Շարն.
Կառավարութիւնը Կը Քննարկէ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեանց Մանրամասնութիւններուն Թղթածրարը Եւ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւնները
Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Զօր. Աունը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ... Շարն.
Միքաթի Ուիլիըմ Հէյկի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Հէյկ եւ Միքաթի Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ երէկ ժամանեց Պէյրութ, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի կողմէ: Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Հէյկ անմիջապէս ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում ... Շարն.
Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Իր Բաց Գործադուլը
Նստացոյցը` Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին առջեւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց իր յայտարարած բաց գործադուլը` Պէյրութի եւ լիբանանեան այլ շրջաններուն մէջ, պահանջելով պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի ... Շարն.
Ապու Ղայտա Մահապատիժ Պահանջեց Սըմահայի Դէմ
Միշել Սըմահա Նախկին նախարար Միշել Սըմահայի դատական գործառնութիւնը շարունակելու շրջագիծին մէջ, Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա երէկ հրապարակեց ամբաստանագիր մը, որուն հիման վրայ մահապատիժ պահանջեց Սըմահայի եւ ... Շարն.
Մանսուր. «Սուրիոյ Տագնապը Կարելի Է Լուծել Միայն Երկխօսութեամբ»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Մոսկուայի մէջ գումարուած Ռուս-արաբական համագործակցութեան Ա. համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է: ... Շարն.
12-ամեայ Աշակերտ Մը Կ՛առեւանգուի Դպրոցին Պասը Սպասելու Ընթացքին
Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Ուաթա Մսայթպէ շրջանին մէջ առեւանգուեցաւ 12-ամեայ աշակերտ մը` Մոհամետ Նիտալ Աուատան, երբ ան կը սպասէր զինք դպրոց փոխադրող պասը: Չորս անծանօթ զինեալներ Աուատան բռնի ուժով զետեղած ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը Վաւերացնելու Օրը Լիբանանի Համար Տխուր Օր Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը վաւերացնելու օրը Լիբանանի համար տխուր օր է: Սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ... Շարն.
Ժեմայէլ – Փլամպլի Հանդիպում
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումէն ետք ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի յայտնեց, որ ինք շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին ի նպաստ քուէարկեցին, որովհետեւ այդ օրինագիծին վաւերացումով կարելի եղած է վերջ դնել ... Շարն.
Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Ուղղափառ Հանդիպումին Ընտրական Օրինագիծը
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ վաւերացուցին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, հակառակ անոր որ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պլոքի երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ եւ Ռոպեր Ղանեմ պոյքոթի ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Վուլֆի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Վուլֆը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մարդկային իրաւունքներու ... Շարն.
Կառավարութեան Լռութեան Ներքեւ. Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Գործադրէ Իր Ցոյցը
Միքաթի` Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ գործադրեց իր ցոյց-գործադուլը, որ պիտի շարունակուի նաեւ այսօր` նկատի ունենալով, որ անիկա բաց գործադուլ է եւ ըստ խորհուրդի պատասխանատուներուն յայտարարութիւններուն, ... Շարն.
Վ. Սապունճեան Ազգային Գործակցութեան Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ «Եունիտօ»-ի Հետ
Համաձայնագիրի ստորագրութենէն պահ մը Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի բարգաւաճման` «Եունիտօ»-ի շրջանային ներկայացուցիչ Խալետ Մըքուատի հետ ստորագրեց ազգային գործակցութեան համաձայնագիր մը, որ Լիբանանի եւ «Եունիտօ»-ի միջեւ գործակցութիւն կ՛ապահովէ ... Շարն.
Զօր. Աուն Շնորհաւորեց Ռայի Պատրիարքը, Ժեմայէլն Ու Ժահժահը Եւ Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը Նկատեց Նուաճում Մը
Երեսփոխաններ կը խմեն զօր. Աունի արեւշատութեան բաժակը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի ... Շարն.
Մուսթաքպալ Պլոքը Կտրականապէս Մերժեց Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց պլոքի նիստին, որուն ընթացքին պլոքը կտրականապէս մերժեց Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը` զայն նկատելով ահաբեկչական ծրագիր մը, որ ... Շարն.
Պըրրի – Ասիրի Հանդիպում
Ասիրի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նշենք, որ երէկ լիբանանեան կարգ մը ... Շարն.

