Category: Լիբանանեան
ՊԸՐՐԻ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ԻՐԱՆՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԷՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նամակ մը ստացաւ իրանցի իր պաշտօնակիցէն` Ալի Լարիժանիէն: Իր նամակին մէջ Լարիժանի խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան Քնեսեթին կողմէ Երուսաղէմը իսրայէլեան գոյացութեան միացեալ մայրաքաղաք հռչակելու քայլը: Պըրրի ... Շարն.
ՖԱՏԼԱԼԼԱ, ՇԱՐՊԵԼ ԵՒ ՍԱՀՆԱՈՒԻ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՏԼԻԷԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԿԵԴՐՈՆԸ
Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը գլխաւորութեամբ իր նախագահին` երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի եւ ընկերակցութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի երէկ ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ ՄԵՆՔ ՈՉ ՈՔԻ ՏԵՂԸ ԿԸ ԳՐԱՒԵՆՔ»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ուսանողական թեւի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ անոր անդամները բախտաւոր են ժողովրդավարական վարչակարգ ունեցող երկրի մը զաւակները ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Տաուք յայտնեց, որ Լիբանան կը վայելէ ապահովական կայուն հանգրուան մը, ... Շարն.
ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԻ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Ժոմպլաթ նախագահ Սլէյմանին ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԱՈՒՔԸ ԵՒ ԱՅԼ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպ, որ վարչապետին հետ քննարկեց ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ՀԱՍՍԱՆ ՏԻԱՊԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը` ներկայութեամբ երեսփոխան Ալի Պեզզիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կրթական հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ «Միտըլ Իսթ» ... Շարն.
ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները, ... Շարն.
«ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՍ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԵՆ` ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐՏԱԾՈՒՄԸ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան շեշտեց, որ լիբանանեան արտադրութիւնները արտածելու նպատակով իր ներկայացուցած ծրագիրները, որոնց շարքին են արտածման յատուկ կեդրոններու հիմնադրութիւնն ու ճարտարարուեստի մարզի արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած արտածումի տուրքերուն նուազեցումը, հիմնական ... Շարն.
ԺԵՄԱՅԷԼ. «ՂԱԼԻՈՒՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ԵՆՔ` ԻՄԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՅԱՅՏ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենց կողմէ կազմակերպուած Ժողովրդավարական կուսակցութիւններու միջազգային համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին ընդառաջած են մեծ թիւով ներկայ ... Շարն.
ՈՒԱԹՔԻՆԶ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄՆԱԼ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ժամանակաւոր ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը զգուշացուցած են, որ իրենց տեղափոխութիւններուն պարագային նախազգուշական քայլերու դիմեն: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Ժոմպլաթ ... Շարն.
ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԼԷՅՄԱՆ ՖՐԵՆԺԻԷԻ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, շաբաթ օր ... Շարն.
ՍԼԷՅՄԱՆ – ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայիս կառավարութեան քննարկած թղթածրարները: Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ ... Շարն.
ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ առաւօտեան ՖԻՆԻՒԼ-ի Նաքուրայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը, որուն ընթացքին միջազգային խաղաղապահ ուժերու նոր նշանակուած ընդհանուր հրամանատար` իտալացի զօր. Փաուլօ Սիերա իր պաշտօնը ստանձնեց նախկին ընդհանուր հրամանատար ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՍՈՒՐ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱՄԱԿ ՄԸ` ԻՐԱՆՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԷՆ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
ԱՊԱՏԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՒԳԵԼՈՒ ԻՐԱՆՑԻ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐԸ
Իրանեան «Փրես Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իրանցի ճարտարապետները փոխադրուած են հիւսիսային Լիբանան: Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց ստուգել իրանցի ... Շարն.
ՊԵԼՄԱՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՓԱՐԻԶ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար աւարտեց Լիբանան կատարած իր հրաժեշտի այցելութիւնը եւ մեկնեցաւ Փարիզ: Նշենք, որ շաբաթավերջին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ Մար Ապտա եկեղեցին անցեալ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ գողութեան: Ըստ հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն, անծանօթ գողերը կոտրած են եկեղեցւոյ ապակիները եւ գողցած անոր գանձանակը, սակայն չեն կրցած հասնիլ խորանին: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ... Շարն.

