Category: Լիբանանեան
ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԼԻԹԱ
Հարաւի ազատագրութեան 11-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտի, երէկ այցելեց Մլիթայի զինուորական թանգարան, ուր ընդունուեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ ... Շարն.
«ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ ՅՍՏԱԿ Է» ՆՇԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՓԻԵԹՈՆ
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն «Նահար» օրաթերթին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եգիպտոսի եւ Արեւելքի հարցերու բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսի լը Քուր Կրան Մեզոնի Լիբանան ... Շարն.
ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԲԱՆԱԿԻՆ` ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԻՐ ՇԱՐՔԵՐԸ ԵՒ ՎԱՌ ՊԱՀԵԼՈՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հարաւային Լիբանանի ազատագրման 11-ամեակին առիթով բանակին ուղղած իր հրահանգին մէջ կոչ ուղղեց անոր ամրապնդելու իր շարքերը եւ վառ պահելու դիմադրութեան կամքը` ընդդէմ թշնամիին, որ ... Շարն.
ՈՒԱՀԱՊ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՕՊԱՄԱՅԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ
Թաուհիտ հոսանքը երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նկատել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած յայտարարութիւնները, որոնց համաձայն, Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Իսրայէլի պաշտպանութեան, խստիւ դատապարտելի են եւ աժան ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՍԱՐՔՈԶԻԷՆ ՍՏԱՑԱՒ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Ռաֆարենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԻ ՄՈՒՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՌԱՖԱՐԵՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի անձնական ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Ռաֆարենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի: Հանդիպումէն ետք Ռաֆարեն յայտնեց, որ ինք Միքաթիի ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 8 ՅՈՒԼԻՍԻՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՖՐԱՆՍԱ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ 8 յուլիսին պիտի այցելէ Ֆրանսա` ընդառաջելով նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հրաւէրին: Միւս կողմէ, 1 յունիսին, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, ... Շարն.
ՌԱՊԻԷԻ ՄԷՋ. ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՆՈՒՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց եգիպտական Ալ Ղատ կուսակցութեան նախագահ Այման Նուրը` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի: ... Շարն.
ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ» - Անդրադարձ` Ժան Փոլ Կիրակոսեանի պաստառներու ցուցահանդէսին: - Լրատուութիւն` Անգարա կը շարունակէ շեշտել, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան կարելի է լուծում գտնել բարեկարգումներու գործադրութեամբ: «ՍԱՖԻՐ» - Լրատուութիւն` Թուրքիոյ կողմէ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հըզպալլան ... Շարն.
ՇԻՊԱՆԻ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԻՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Մոհամետ Ռիտա Շիպանի անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ իր տեսակցութիւնները, որոնց ծիրին մէջ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Շիպանի այցելեց ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՏԵՂԱԿԱՆ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Քուէյթի կառավարութեան մէջ պետական նախարար Ալի Ֆահըտ Ռաշետը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Աալ Քանայիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները, ... Շարն.
«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՉՔԵՐՈՎ ԿԸ ԴԻՏԵՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՊԸՐՐԻ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Մսայլեհի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին նշեց, որ իրենք կը մաղթէին Սպիտակ տունէն կամ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն լսել հետեւեալը. «Նեթանիահու ... Շարն.
«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՍՐՏԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՍԻՐՈՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ իշխանութիւնը, որ կը նպատակադրէ մարդ անհատին ծառայութիւնը, կ՛ենթադրէ, որ պատասխանատուներուն ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԻՏԻ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՄԼԻԹԱ
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտի այցելեց Մլիթայի Հըզպալլայի զինուորական թանգարան, ուր շեշտեց, թէ ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է ամրապնդել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ նեցուկ կանգնիլ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման շաբաթ առաւօտեան ժամը 8:30-ին Լիբանանէն մեկնեցաւ Աթէնք: Ֆելթմանը ճամբելու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան ... Շարն.
«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՃՇԴՈՒԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԻՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՖԵԼԹՄԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ... Շարն.
ՇԻՊԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ՆԱՄԱԿԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Մոհամետ Ռիտա Շիպանին, որ նախագահ Սլէյմանին յանձնեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի յղած նամակը, ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային եւ քրիստոնէական առումով Պքերքէի ունեցած դերակատարութիւնը: Ռայի ... Շարն.

