Category: Լիբանանեան
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ` ԴՐԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ, անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, յայտնեցին, որ այդ հոլովոյթը դրական է, սակայն տակաւին կարիքը կայ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու, որպէսզի կառավարութեան կազմութիւնը ամբողջական դառնայ: Նոյն աղբիւրներուն ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն, ... Շարն.
ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՆՁՆԵԼԻՔ ԱՆՁԻՆ ՇՈՒՐՋ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պըրրի մեկնեցաւ ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻՋՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ծիրին մէջ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու բուռն փափաք կայ եւ մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին այդ առումով: Պըրրի նշեց, ... Շարն.
ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ» - Անդրադարձ` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի միջեւ հանդիպումին: (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Մուսթաքպալ», «Անուար», «Սատա Պալատ», «Պայրաք», «Շարք», «Լիուա» ... Շարն.
ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ԵՐԿԻՐԸ ՎՏԱՆԳՆԵՐԷ ՓՐԿԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ազգային եւ կրօնական հարցերը: Նիստէն ... Շարն.
ԺՈՄՊԼԱԹ ԴՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ԿԸ ՆՇՄԱՐԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ինք դրական քայլեր կը նշմարէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ` յատկապէս ներքին գործոց նախարարութեան հարցը ... Շարն.
ՌԱՍ ՆԱՔՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ շեշտեց, որ Ռաս Նաքուրայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը, որուն մասնակցեցան լիբանանեան բանակը, իսրայէլեան ուժերն ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՈՒԻԼԻԸՄԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումներ, յատկապէս` ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի այսօր երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Թուրքիա: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործադրած իրենց ապահովական միջոցառումներուն շնորհիւ ձերբակալեցին 52 յանցագործներ: ՆԵՐՔԻՆ ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋԱՊԷՍ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մաղթեց, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը ամբողջապէս վերահաստատուի, որպէսզի սուրիական իշխանութիւնները կարենան անմիջապէս գործադրել որդեգրուած բարեկարգումները, զորս յայտարարած էր նախագահ Պաշշար Ասատ: Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾՈՒԵԼԻՔ ՔԱՈՍԷՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւններուն յաջողութեան պարագային, Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք քաոսին եւ ապահովական կայունութեան խախտումներուն տարողութիւնը ոչ ոքի պատկերացումներուն սահմաններուն մէջ պիտի ըլլայ: «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ... Շարն.
«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԿԱՄՔ ՉԿԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն վերահաստատեց, որ կառավարութիւն ... Շարն.
ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ» - Անդրադարձ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ամէնէն աղքատ երկիրներու խորհրդաժողովին: (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Պայրաք», «Շարք Աուսաթ», «Սաֆիր», «Տէյլի Սթար» եւ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» օրաթերթերը): - Անդրադարձ ... Շարն.
ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կը մնան հեզասահ եւ այս հանգրուանին անոնք զօրակցական են` նկատի ունենալով Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապալի պայմանները: Ժոմպլաթ հերքեց ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ ՆԱՄԱԿ` ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն ստացաւ նամակ մը, որուն բովանդակութիւնը չբացայայտուեցաւ: Նամակը Ռայի պատրիարքին յանձնեց Միքաթիի խորհրդական Ճօ Իսա Խուրի: Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ռայի ... Շարն.
«ԺՈՄՊԼԱԹ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՄԱՐՏ 14-ի ՈՒՂԵԳԻԾԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՍԵՄ ՔԱՆՍՕ
Պաաս կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Ասեմ Քանսօ երէկ «Վանայ Ձայն»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ չի կրնար վերադառնալ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ... Շարն.
«ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԵՆ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ Մ. ՌԱԱՏ
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ` հանդիպելէ ետք հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի, յայտնեց, որ ոմանք կը խոչընդոտեն խորհրդարանի նոր մեծամասնութեան կողմէ կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով ի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ռայա Հասան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ներկայացուցած է առաջարկ մը, որուն հիման վրայ ան օրական 5 տոլարի (ամսական ... Շարն.

