Category: Միջազգային
Ազրպէյճան 2013-2015-Ին Երեք Արբանեակ Տիեզերք Պիտի Արձակէ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարար Ալի Ապասով յայտնած է, որ Ազրպէյճան 2013, 2014 եւ 2015 տարիներուն երեք արբանեակ տիեզերք պիտի արձակէ: Սարքերը կարելիութիւն ... Շարն.
Պոլսոյ Կառավարիչի Գրասենեակին Առջեւ Ռումբ Մը Վնասազերծուեցաւ
Թրքական ոստիկանութիւնը երէկ Պոլսոյ կառավարիչին գրասենեակին առջեւ ծրարի մը մէջ դրուած ռումբը վնասազերծեց: Ասիկա մէկ շաբթուան ընթացքին Պոլսոյ մէջ վնասազերծուած չորրորդ ռումբն էր: Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ոստիկաններ երէկ առաւօտ ... Շարն.
«Տակաւին Կանուխ Է Ծրագիրի Ձախողութեան Մասին Խօսելու» Կ՛Ըսէ Անան
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի ... Շարն.
Պարազանի Կը Սպառնայ Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Քրտական Անկախ Պետութեան Շուրջ Հանրաքուէ Կատարել
Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարազանի Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին սպառնաց Հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական անկախ պետութեան շուրջ հանրաքուէ կատարել, ինչպէս նաեւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքին ամբաստանեց ... Շարն.
Անանի Ծրագիրին Ճշդած Ժամկէտը Այսօր Կ՛Աւարտի. Թուրքիա – Սուրիա Սահմանին Վրայ Վտանգաւոր Դէպք
Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Ազազ քաղաքին մէջ տեղակայուած սուրիական բանակի զինուորականներու կողմէ արձակուած փամփուշտներու պատճառով Քիլիսի մէջ տեղակայուած սուրիացի գաղթականներու ճամբարին մէջ երկու զոհ եւ 21 վիրաւորներ արձանագրուեցան: Վիրաւորներուն շարքին են ... Շարն.
«Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Ընդդիմութիւնը Այժմ Պէտք Է Լուրջ Քայլեր Առնեն» Կ՛Ըսէ Կաթիլով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Սուրիոյ շուրջ հրապարակած նախագահական համաձայնական հաղորդագրութիւնը «այս երկրին մէջ տագնապը լուծելու հիմնաքար մըն է»` աւելցնելով, որ «սուրիական կառավարութիւնն ու ... Շարն.
Էրտողան Եւ Կիւլ Իրանի Յայտարարութիւններուն Կ՛Արձագանգեն
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կարծր կերպով արձագանգած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները Դամասկոսի կամ Պաղտատի մէջ կատարելու կարգ մը իրանցի պաշտօնատարներու առաջարկներուն: «Այս յայտարարութիւնները կը նշանակեն, որ Իրան ... Շարն.
Թուարեկ Ըմբոստներ Հիւսիսային Մալիի Մէջ Անկախութիւն Կը Հռչակեն
Թուարեկ ըմբոստներ անցեալ ամիս Հիւսիսային Մալին իրենց վերահսկողութեան ենթարկելէ ետք անկախութիւն հռչակեցին` շրջանը կոչելով Ազաուատ: Ազաուատի ազատագրութեան ազգային շարժումը երէկ իր կայքէջին վրայ յայտարարութիւն մը զետեղելով անկախութիւն յայտարարեց` աւելցնելով, որ ... Շարն.
Ազրպէյճան Դէպի Հիւսիսային Կիպրոս Թռիչքները Կը Ջնջէ
Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանէն դէպի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոս թռիչքները, որոնք տարեկան 18 հազար զբօսաշրջիկներ կը փոխադրէին, ջնջուած են: Ըստ թրքական մամուլին, Կիպրոսի կառավարութիւնը Ազրպէյճանի կառավարութեան սպառնացած ... Շարն.
Ապահովութեան Խորհուրդը Սուրիոյ Կոչ Կ՛Ուղղէ Զինադադարի Հաստատման 10 Ապրիլի Ժամկէտը Յարգելու
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Սիւզըն Ռայս երէկ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական տագնապին շուրջ որդեգրեց նախագահական հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ բնակելի շրջաններէն զինուորական ուժերը հեռացնելու, ծանր ... Շարն.
«Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Խորհրդաժողովին Պատճառով Թուրքիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Լարուածութիւն
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Իրանի դեսպան Պահման Հիւսէյնփուրայի Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին մասին կատարած կարծր յայտարարութիւններուն պատճառով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած ... Շարն.
«Սուրիական Ընդդիմութիւնը Կառավարութիւնը Պարտութեան Պիտի Չմատնէ, Նոյնիսկ Եթէ Մինչեւ Ատամները Զինուած Ըլլայ» Կ՛Ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելը «աւելի պիտի երկարաձգէ աւելի քան մէկ տարիէ վեր շարունակուող Սուրիոյ ներքաղաքական ճգնաժամը»: Ան Պաքուի մէջ Մոսկուայի համալսարանի մասնաճիւղին մէջ ... Շարն.
Քակ Սթրազպուրկի Մէջ Թուրքիոյ Վրայ Ճնշում Բանեցնելու Պահանջով Ցոյցերու Սկսած Է
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հազարաւոր համակիրներ քիւրտերու հարցով Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու պահանջով բողոքի ցոյցեր պիտի կատարեն Սթրազպուրկի մէջ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին առջեւ: ... Շարն.
Ֆրանսայի Մէջ Դարձեալ Իսլամականներ Կը Ձերբակալուին
Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը իսլամականներու ձերբակալման նոր արշաւ մը իրականացնելով երկրին տարածքին, առաւելաբար հարաւի մէջ կատարուած գործողութեանց ընթացքին առնուազն տասը իսլամականներ ձերբակալեց: Մինչ այդ` 13 իսլամականներ, որոնք անցեալ շաբաթ ձերբակալուած էին, ահաբեկչութեան ... Շարն.
Իրան Մերժած Է «5+1»-Ի Հետ Բանակցութիւնները Թուրքիոյ Մէջ Կատարելու Էրտողանի Առաջարկը
Իրան իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ «5+1» երկիրներուն (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Բրիտանիա, Ֆրանսա+ Գերմանիա) բանակցութիւնները կ՛ուզէ կատարել ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Իրաքի մէջ` 14 ապրիլին: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, ... Շարն.
Իրան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներուն Կործանիչ Հարուած Հասցնելու
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ներկայացուցիչ Մասուտ Ճազայէրիի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թեհրան Իրանի դէմ զինուորական յարձակումի մը պարագային պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ կործանիչ պատասխան հարուած ... Շարն.
«Պաքու Իսրայէլին Ռազմակայան Պիտի Չտրամադրէ» Կ՛Ըսէ Նուլընտ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն լուրերը, թէ Իրանի հետ հակամարտող Իսրայէլ իրաւունք ստացած է Ազրպէյճանի ռազմակայանները օգտագործելու: Մեկնաբանելով նշեալ լուրերը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ ... Շարն.
Պուէնոս Այրեսի Մէջ Ցուցարարներ Բրիտանիոյ Դեսպանատան Վրայ Յարձակած Են
Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ Ֆոլքլանտի պատերազմի հարցով կատարուած ցոյցին մասնակիցները յարձակած են Բրիտանիոյ դեսպանատան վրայ: Ֆոլքլանտեան պատերազմի 30-ամեակին նուիրուած ցոյցը վերածուած է արժանթինեան ոստիկանութեան հետ բախումներու, այն բանէն ետք, ... Շարն.
Ապօրինի Գաղթականներու Դէմ Յունական Միջոցառումներ
Յունական իշխանութիւնները յայտարարեցին նոր միջոցառումներ, ըստ որոնց, ապօրինի գաղթականները անժամկէտ բանտարկութեան պիտի ենթարկուին, «եթէ փաստուի, որ հասարակական առողջութեան վտանգ կը ներկայացնեն»: Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութիւնները կառավարութեան քայլը «շատ մտահոգիչ» նկատեցին: ... Շարն.
Ռուսիոյ Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը Կը Յայտնէ, Որ Դամասկոս Անանի Ծրագիրը Գործադրելու Սկսած Է
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի երէկ յայտնեց, որ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին ՄԱԿ-էն խմբակ մը Սուրիա ուղղուի` դէտերու տեղակայման ... Շարն.

