Category: Միջազգային
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ` ՄԱԿ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԷ
Արաբական լիկան շաբաթ օր Տոհայի մէջ իր ժողովին ընթացքին որոշեց Կազայէն ու բռնագրաւեալ Այսրյորդանանէն բաղկացած եւ արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութեան ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը հետապնդել: Արաբական լիկան իր հրապարակած հաղորդագրութեան ... Շարն.
«ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐԸ ՌԱՖԱՀԻ ԱՆՑՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ «եգիպտացիները կարողութիւնը ունին ապահովութիւնը երաշխաւորելու Ռաֆահի անցքին, զոր Գահիրէ շաբաթ օրուընէ սկսեալ անոր ամբողջական կերպով բացուելուն մասին յայտարարած էր» եւ շեշտած էր, որ որդեգրուած կարգ մը ... Շարն.
ԱԲԽԱԶԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԱՀԱՑԱՒ
Ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ նախագահ Սերկէյ Պաղափշ Մոսկուայի մէջ մահացած է: 62-ամեայ Պաղափշ մահացած է 29 մայիսի կանուխ առաւօտուն` Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Ան 21 մայիսին ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԵԿՈՂ ԲԵՌՆԱԿԱՌՔԷ ՄԸ 36 ԳՆԴԱՑԻՐՆԵՐ ԿԸ ԳՐԱՒԷ
Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռաքայի սուրիական մաքսատան ուժերը ուրբաթ օր սահմանային Թել Ապիատ անցքին մէջ սիմենթի փոխադրութեան յատուկ եւ թրքական հողամասերէն Սուրիա մուտք գործող բեռնակառքէ մը 36 գնդացիրներ, ... Շարն.
ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔ ՄԸ ԳՐԱՒԵՑԻՆ
Եմէնի ժողովրդային ըմբոստութեան զօրավիգ կանգնող եմէնեան բանակային ուժերու հրամանատարութիւնը երէկ իր թիւ մէկ թուակիր հաղորդագրութեան մէջ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհը ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զօրավիգ կանգնելու յանցանքով: Նախկին պաշտպանութեան նախարար ... Շարն.
ԸՍՏ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՉ ՄԷԿ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՐԱՐԻ ԴԷՄ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԻ
Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Թիֆլիսի մէջ բողոքի ցոյցը ցրուելու ընթացքին ձերբակալուած ցուցարարներէն ոչ ոքի դէմ պետական յեղաշրջում կատարելու մեղադրանք պիտի առաջադրուի: Ներքին գործոց նախարարութիւնը կտրուկ կերպով կը ... Շարն.
ՌՈՒՍԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՀԵՌԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՄԻՋՆՈՐԴԵԼՈՒ
Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիպքով «Մեծ ութնեակ»ի վեհաժողովին ծիրին մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Քազզաֆի իբրեւ Լիպիոյ ղեկավար սպառած է իր օրինականութիւնը: «Կը հաւատանք, որ ... Շարն.
ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ՄԱԳԼՑՈՒՄ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ
Եմէնի մէջ կացութեան մագլցումով մը` Եմէնի օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ երէկ ռմբակոծեցին Նախագահական պահակագունդին մայրաքաղաք Սանաայէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող մէկ զօրանոցը, որ գրաւուած էր ցեղախումբերու անդամ զինեալներու կողմէ: Ցեղապետ ... Շարն.
ԹՈՒՐՔ ԴԱՏԱՒՈՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ԴԱՏԷ «ԹՈՒՐՔԵՐԷՆ ՎՐԷԺ ԼՈՒԾԱԾ» ՌԱԹՔՕ ՄԼԱՏԻՉԸ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք դատաւոր մը պիտի դատէ պոսնիացի սերպ հրամանատար Ռաթքօ Մլատիչը: Թուրք դատաւոր Մեհմետ Կիւնայ կը պաշտօնավարէ Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանին մէջ եւ այժմ ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԱՍԱՏԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ «ՑՆՑՈՒՄԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ԴԱՐՄԱՆՈՂ» ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է կատարէ բարեփոխումներ, որոնք «ցնցումի միջոցով դարմանում» մը ըլլան, ... Շարն.
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՍՈՒՐԻԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ
Դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ եւրոպական երկիրներ սկսած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն «ցուցարարներուն եւ ժողովրդավարութիւն պահանջողներուն դէմ արիւնալի իր արշաւին համար» Սուրիան դատապարտող որոշում մը պահանջելու ջանքերու: Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ ... Շարն.
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ Կ՛ԱՌԿԱԽԷ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ
Երէկ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ շէյխ Սատեք Ահմարի տան մօտ բախումները շարունակուեցան: Տասնեակ մը ցեղապետներ, որոնք անոր տան մէջ հաւաքուած էին առ ի զօրակցութիւն, անոր բնակարանին մէջ ... Շարն.
ՕԹԱՆ ԲՈՒՌՆ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ՌՄԲԱԿՈԾԷ ԹՐԻՓՈԼԻՆ
ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգները երէկ մինչեւ օրս իրենց ամէնէն բուռն յարձակումը գործեցին Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ, ուր հարուածեցին տարբեր թիրախներ, որոնց շարքին էր լիպիական գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնը: Արձանագրուեցաւ 19 զոհ եւ շուրջ ... Շարն.
ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. ԻՐԱՆԵԱՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ԶՏԱՐԱՆԻ ՄԸ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ԶՈՀ ՄԸ ԵՒ 22 ՎԻՐԱՒՈՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի այցելութեան ընթացքին Ապատանի քարիւղի զտարանին մէջ երէկ կազի սպրդումի մը պատճառով պայթում մը զոհ մը եւ 22 վիրաւոր պատճառեց: Ահմատինեժատ չվնասուեցաւ: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, ... Շարն.
«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԱԾ Է
Ըստ «Ուիքիլիքս»ի, Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ֆինանսաւորած են Փաքիստանի մէջ գործող ահաբեկչական ցանցը, որ միաժամանակ զբաղած է 8 տարեկանէն աւելի տարիք ունեցող երեխաներու զինուորագրումով: «Ուիքիլիքս» կը նշէ, որ ... Շարն.
«ՍԱԼԵՀ ԻՐ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆՑ ԿՌՆԱԿ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յուսախաբութիւն յայտնեց Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի` Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը ստորագրել մերժելուն առնչութեամբ: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ խոր յուսախաբութիւն կը զգան ... Շարն.
ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ 3-ՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՑՈՅՑ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ
Վրաստանի մէջ քանի մը հարիւր ցուցարարներ երրորդ օրն ըլլալով շարունակեցին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի հրաժարականը պահանջող իրենց ցոյցը: Շուրջ 300 ցուցարարներ Թիֆլիսի մէջ վրացական պետական պատկերասփիւռի կայանի շէնքին առջեւ հանրահաւաք մը ... Շարն.
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԱՍԱՏԸ ՆԵՐԱՌՈՂ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՈՐԴԵԳՐԵՑ
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ իրենց գումարած ժողովին ընթացքին Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրեցին` սուրիական իշխանութիւնները ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժի կիրարկումէն հրաժարիլ տալու համար: Նոր պատժամիջոցները ... Շարն.
«ՆԱՊՈՒՔՕ»Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ԿՆՔՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ` 6 ՅՈՒՆԻՍԻՆ
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ 6 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Նապուքօ» բնական կազի խողովակաշարի կառուցման մասնակից ընկերութիւններուն միջեւ համաձայնագիրի ... Շարն.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՈՐԵՒԷ ՏԵՂ ՆՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՆԵԼ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եւրոպա կատարած իր շրջապտոյտին նախօրեակին «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուսամա Պըն Լատենի դէմ գործողութեան նման այլ գործողութիւն մը պիտի հրամայէ, եթէ Փաքիստանի ... Շարն.

