Category: Միջազգային
Խրիմ Պաշտօնապէս Մաս Կազմեց Ռուսիոյ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց Խրիմի` Ռուսիոյ միացման նախագիծը, որ երէկ միաձայնութեամբ որդեգրուած էր Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատին` Դաշնակցային խորհուրդին կողմէ: Նախագիծը մէկ օր առաջ որդեգրուած էր խորհրդարանի վարին ... Շարն.
«Իրանի Մէջ Խափանարարութեանց Եւ Տասնեակներով Գաղտնի Գործողութեանց Հեղինակը Իսրայէլն Է» Ըսաւ Կանց
Պենի Կանց Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց «Կան Եիվնի» երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ. «Իսրայէլ անցնող տարիներուն ընթացքին Իրանի մէջ պատահած խափանարարական գործողութեանց մէջ ... Շարն.
Վենետիկի Բնակիչները Քուէարկած Են Ի Նպաստ Անկախութեան
Pravda.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Վենետիկի բնակիչներուն 60 առ հարիւրը Իտալիայէն անկախանալու շուրջ հանրաքուէին ընթացքին քուէարկած է անկախութեան օգտին: Իտալիոյ Վենեթօ շրջանին մէջ, որուն մայրաքաղաքը Վենետիկն է, 2.2 միլիոն ընտրողներ ... Շարն.
Աւստրալիան Հրապարակած Է Անհետացած Օդանաւի Բեկորներու Հաւանական Լուսանկարները
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրալիոյ Ծովային անվտանգութեան վարչութիւնը հրապարակած է բեկորներու լուսանկարներ, որոնք կրնայ Մալեզիական օդանաւային ընկերութեան անհետացած «Պոյինկ 777» օդանաւինը ըլլալ: Լուսանկարները առնուած են տիեզերքէն, անոնց ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Կը Հաստատէ
Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Խրիմի հարցով ռուս պաշտօնատարներու դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարեց: Ան նաեւ ըսաւ, որ ստորագրած է հրաման մը, որ Միացեալ Նահանգներուն կ’արտօնէ ռուսական տնտեսութեան ... Շարն.
Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Հոսնի Բերդը
Հոսնի Բերդը Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հոմսի արեւմուտքը գտնուող Հոսնի բերդը, այդպիսով վերջ տալով շրջանին վրայ զինեալ ընդդիմութեան երկամեայ վերահսկողութեան: Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, այդ դիրքէն ... Շարն.
Եաալոն. «Ասատ Քնէյթրայի Ականահարման Հեղինակներուն Աջակցելուն Համար Սուղ Գին Պիտի Վճարէ»
Մոշէ Եաալոն Իսրաէյլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Քընէյթրայի ականահարման հեղինակներուն աջակցելուն համար սուղ գին պիտի վճարէ»: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտարարեց, որ «իսրայէլեան ... Շարն.
Ռուսամէտ Զինեալներ Գրաւեցին Սեւասթոփոլի Մէջ Գտնուող Ուքրանական Ծովուժի Ռազմակայանը
Ռուսամէտ գործիչներ երէկ գրաւեցին Սեւասթոփոլի մէջ գտնուող ուքրանական ծովուժի կեդրոնատեղին: Ուքրանական ծովուժի ղեկավար Սերհիյի Հայտուք ձերբակալուեցաւ եւ ուքրանական դրօշը կեդրոնէն վար առնուեցաւ: Անոր տեղ բարձրացուեցաւ ռուսական դրօշը: Կեդրոնի ուքրանական անձնակազմի ... Շարն.
Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Միացեալ Նահանգներու Մէջ Սուրիացի Դիւանագէտներու Աշխատանքներու Դադրեցումը Չի Նշանակեր Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Խզում
Ճէյն Փսաքի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտարարեց, որ «Ամերիկայի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան պաշտօնեաները այլեւս որեւէ առանձնաշնորհում, անձեռնմխելիութիւն կամ պաշտպանութիւն չեն վայելեր»: Փսաքի վստահեցուց, որ «Սուրիոյ հետ ... Շարն.
Էսթոնիոյ Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ Մերձպալթեան Շրջանին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Օթան-Ի Ներկայութիւնը Մեծցնելու
Իլվես եւ Պայտըն «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Էսթոնիոյ նախագահ Թոմաս Հենտրիք Իլվես յայտնած է այն կարծիքը, թէ Պալթեան շրջանին մէջ պէտք է աւելցնել Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի ներկայութիւնը: Էսթոնիոյ ... Շարն.
Խրիմը Ռուսիոյ Կցելու Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ
Խրիմի միացման համաձայնութեան ստորագրութենէն ետք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Խրիմի ու Սեւասթոփոլի ղեկավարները ստորագրեցին թերակղզին Ռուսիոյ դաշնութեան կցելու օրինագիծը: Փութին Ռուսիոյ խորհրդարանի երկու պալատներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ... Շարն.
Կոլանի Մէջ Իսրայէլեան Բանակի Ճիփ Մը Ականահարուեցաւ
Երէկ Կոլանի բարձունքներու իսրայէլեան բռնագրաւումի ենթակայ բաժինին մէջ բանակի ճիփ մը ականահարուեցաւ: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ ականահարման անմիջական կասկածեալը Հըզպալլան է: «Հրեաներու ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի ... Շարն.
«Քաթարէն Ծոցի Երկիրներու Դեսպանները Տուն Կանչելու Հարցով Ամերիկեան Միջնորդութիւն Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Ֆայսալ
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը նշեց, որ Ծոցի երկիրներու` Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի դեսպանները Քաթարէն տուն կանչելու հարցով Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջնորդութիւն գոյութիւն չունի: ... Շարն.
Ռուսիա Խրիմի «Գերիշխան Եւ Անկախ Պետութիւնը» Ճանչցաւ
Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ գիշեր ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն ճամբով ճանչցաւ Խրիմը իբրեւ «գերիշխան եւ անկախ պետութիւն»: Աղբիւրներ նշեցին, որ հրամանագիրը կրնայ անմիջապէս ուժի մէջ մտնել: Նախագահական ... Շարն.
Իրան Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Իր Սեփական Ծրագիրը Փոխանցած Է Իպրահիմիի
Իպրահիմի եւ Զարիֆ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեան յայտարարեց, որ Իրանի կառավարութիւնը մշակած է Սուրիոյ տագնապը լուծելու իր սեփական ծրագիրը: Ըստ անոր, փաստաթուղթը կազմուած է չորս կէտերէ: Իրանցի ... Շարն.
Ժիրինովսքի Կը Հերքէ Ազրպէյճանցի Ազգի Մը Գոյութիւնը
Վլատիմիր Ժիրինովսքի Ազրպէյճանական «Haqqin.az» կայքը կը հաղորդէ, որ վերջերս Ռուսիոյ Տումայի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադառնալով Ուքրանիոյ եւ Խրիմի դէպքերուն` Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի անյարգալից եւ նսեմացուցիչ ... Շարն.
Ֆրանչիսկոս Պապը Հրաւիրուած Է Քոնկրեսի Երկու Պալատներուն Առջեւ Խօսք Մը Արտասանելու
Ֆրանչիսկոս պապը «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան բանբեր Ճոն Պէյնըր նամակ մը ուղարկած է Ֆրանչիսկոս պապին եւ զինք հրաւիրած Քոնկրեսի զոյգ պալատներուն առջեւ խօսք մը ... Շարն.
«Նիւ Եորք Թայմզ» 160 Տարի Առաջ Գրուած Յօդուածի Մը Ճշդում Հրապարակած Է
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը ճշդում մը հրապարակած է յօդուածի մը, որ տպագրուած էր 20 յունուար 1853-ին: Այդ յօդուածը կը պատմէ Սոլոմոն Նորթափի կեանքի պատմութիւնը, ափրիկեան ծագումով ... Շարն.
Իտալիա Վրդոված Է` Դաւիթի Արձանը Յայտնաբերելով Զէնքի Ամերիկեան Ծանուցումին Մէջ
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իտալիան կոչ ուղղած է զէնք արտադրող ամերիկեան «ԱմրաԼայթ» ընկերութեան անմիջապէս ջնջելու Դաւիթի արձանի պատկերին օգտագործումով զէնքի ծանուցումը: Պաստառին վրայ Միքելանճելոյի հռչակաւոր Դաւիթի արձանը ... Շարն.
«Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուելու Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Մարտի Վերջաւորութեան» Ըսաւ Փանճիքիծէ
Մայա Փանճիքիծէ «Նովոսթի-Կրուզիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան ... Շարն.

