Category: Գրական

ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԲԵՄ ՄԸ` «ԳՐԱՆԻՇ»

ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԲԵՄ ՄԸ` «ԳՐԱՆԻՇ»

September 10, 2011

«Թէ ինչպէս լեզուն ստեղծեց գրականութիւնը եւ գրականութիւնը ստեղծեց լեզու» երկիմաստ պատասխան, հարցադրումը իբրեւ գոյութենական թիրախ ընտրած «Գրանիշ/լեզուանի» գրական ամսագրի 01 թիւը, իր իսկ ընդգրկած արձակ եւ բանաստեղծական ստեղծումներով, կը փորձէ ... Շարն.

ԵՐԳԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ…

ԵՐԳԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ…

September 3, 2011

«Բարձրագահ Աբուլն ու մթին սարեր Մէջք-մէջքի տուած կանգնել վեհափառ, Իրենց ուսերին, Ջաւախքից էլ վեր` Բռնած պահում են մի ուրիշ աշխարհ»: Փարւանայի ափի կախարդական շշուկներուն ու հրաւէրներուն ունկնդիր` «Փարւանա» առասպելը փառերգած ... Շարն.

ԱՄՐԱՊՆԴԵՆՔ ՊԱՐԻՍՊԸ` ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

August 27, 2011

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անոր գահակալին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ գումարուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարի նախօրէին հնչած սրտաճմլիկ ձայնը եկաւ Պոլիսէն: Վեց տասնամեակ հայ գիր ու ... Շարն.

ԹԵՒԱԲԷԿ ԳԻՍԱՍՏՂԸ (Ա. ՄԱՏԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

ԹԵՒԱԲԷԿ ԳԻՍԱՍՏՂԸ (Ա. ՄԱՏԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

August 13, 2011

Գրականութեան տաճարի կախարդաբոյր մեղեդիներուն ներկայ-բացակայ մտերմութեամբ աւելի քան ութսունամեայ կեանք մը ապրելէ ետք, քառասուն օր առաջ, այս աշխարհին կիսաբաց աչքերով ակամայ հրաժեշտ տուաւ բանաստեղծ մանուկ մը, որ իր ապրած ու ... Շարն.

ԷԴՈՒԱՐԴ ԽԱՉԻԿԵԱՆԻ ԱՆԱՒԱՐՏ ԷԱՄԱՐՏԸ

ԷԴՈՒԱՐԴ ԽԱՉԻԿԵԱՆԻ ԱՆԱՒԱՐՏ ԷԱՄԱՐՏԸ

August 6, 2011

Սպիտակ թուղթը պատերազմի դաշտ է, բառերը` զինուորներ, գրողը` սպարապետ, որ տագնապներու եւ յուսախաբութիւններու, ցաւերու եւ սէրերու, մորմոքներու եւ տեսիլներու, կարօտներու եւ երազներու հրեղէն արգանդէն խոյացող նախադասութիւնները կ՛առաջնորդէ ըստ իր երակներուն ... Շարն.

ՍՓԻՒՌՔԻ «ԲԵԿՈՐՆԵՐ»ՈՒՆ ԱՌԱՔԻՆԻ ՎԿԱՅԱԳՐՈՂԸ (ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

July 2, 2011

Ուղիղ 85 տարի առաջ, 27 յունիս 1926-ին, զէյթունցի հոգեւոր հովիւ Յակոբ քահանայի հայաբոյր երդիքին տակ աչքերը լոյսին կը բանար պայծառ աստղի տակ ծնած բախտաւոր մանուկ մը, որ իր կեանքի առաջին ... Շարն.

ԿՌՈՒԵՑԷՔ ՏՂԷՔ… ԿՌՈՒԵՑԷՔ ՔԱՋ ՔԱՋ

ԿՌՈՒԵՑԷՔ ՏՂԷՔ… ԿՌՈՒԵՑԷՔ ՔԱՋ ՔԱՋ

July 2, 2011

Ո՞վ էր սակայն հայու այս բեկորը, որ առանձին, անգիտակցաբար գուցէ, կազմած էր Լիզպոնի ամբողջ հայ գաղութը տարիներով: Անցնող քառասուն տարիներու ընթացքին կտրած իր ճամբան շատ ալ տարբեր չէր անոնցմէ` որոնք ... Շարն.

ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱՅ «ՔԱՅԼՈՂ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ»Ը

ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱՅ «ՔԱՅԼՈՂ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ»Ը

June 18, 2011

«Ես նաեւ քայլող յիշողութիւն եմ` Ապրո՛ղ պատմութիւն»: Պ. ՍԵՒԱԿ Ուղիղ քառասուն տարիներ մեզ կը բաժնեն այն դժոխք օրէն, երբ 17 յունիս 1971-ին, մութ ու կասկածելի ուրուներ վերստին յայտնուեցան Հայաստան աշխարհի ... Շարն.

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ

June 11, 2011

Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր դարձեալ կ՛ապրիմ Արամ Հայկազի քաղցր մտերմութեան մէջ: Առիթը, այս պարագային, վաստակաշատ գրողին անտիպ կամ մամուլի էջերուն թաղուելու դատապարտուած գրեթէ անծանօթ գրութիւնները ի մի խմբած հատորի ... Շարն.

ՀԱՅ ՀՈՂԻ ԵՒ ԱՐԵԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՏԱՐԵԳԻՐԸ

ՀԱՅ ՀՈՂԻ ԵՒ ԱՐԵԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՏԱՐԵԳԻՐԸ

June 4, 2011

Բանաստեղծ չէ հայ ժողովուրդի անվերապահ սիրոյն արժանացած Սօս Սարգսեան անուն տաղանդաւոր դերասանն ու հասարակական-մշակութային գործիչը, արձակագրութեան կալուածէն ներս իր ուրոյն ուղին բացած գեղագէտ գրող մը չէ նաեւ, սակայն, թոնիրէն դեռ ... Շարն.

«ՏՕՆԱԶԱՆԳ»ԷՆ ԵՏՔ` ՆԱ՛ԵՒ «ՏՕՆԱԿԱՆՉ» (Զարեհ Խրախունիի նորագոյն հատընտիրին առիթով)

«ՏՕՆԱԶԱՆԳ»ԷՆ ԵՏՔ` ՆԱ՛ԵՒ «ՏՕՆԱԿԱՆՉ» (Զարեհ Խրախունիի նորագոյն հատընտիրին առիթով)

May 21, 2011

«Պատմութիւնը երկրորդութիւն չի ճանչնար» ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ Հապա՞ բանաստեղծութիւնը.... Աւելորդ չէ՞ հարցումը, չըսելու համար` մանկունակ կամ առնուազն միամիտ: Մա՛նաւանդ, երբ ի վերուստ օժտեալ շնորհներուն լուսեղէն մատնահետքերով իմաստնացած, իր ինքնուրոյն ու եզակի ... Շարն.

ԱՆ-ԻՐԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՐԳԻՉԸ

May 14, 2011

«Պատմաբանը եւ պոետը տարբերւում են նրանով, որ առաջինը խօսում է իրականում տեղի ունեցածի մասին, իսկ երկրորդը` ինչ կարելի էր տեղի ունենալ»: ԱՐԻՍՏՈՏԵԼ 1970-ական թուականներու առաջին տարիներուն լուսարձակները իրենց վրայ կեդրոնացուցած ... Շարն.

«ԵՍԻ ՄԱՐԴԸ»ԷՆ ՄԻՆՉԵՒ «ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ»

April 16, 2011

«Մարդս ինքն իր մէջ, ինքն իր ներքին, իր սիրած, իր շինած, իր ուզած աշխատանքին մէջն է, որ կրնայ միայն գոհ ըլլալ»: Լ. ՇԱՆԹ   «Ճամբուն վրայ» թատերախաղի հերոսներէն` երիտասարդ քանդակագործ ... Շարն.

ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

April 16, 2011

(Չորրորդ արար) Գ. ՎԱՀՐԱՄ - Ի՞նչ աղջիկ է ասիկա: ԵՐՈՒԱՆԴ - Խեղճ որբ մըն է: Հազիւ է ազատուեր վերջին կոտորածէն: ՎԱՀՐԱՄ - Ո՞ր կողմերէն: ԵՐՈՒԱՆԴ - Հաստատ չգիտեմ. կարծեմ Տրապիզոնի ... Շարն.

ԱՒԻԿ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՒ ԻՐ «ԲԱՐԵ՛Ւ, ՎԱՐՊԵՏ» ՀԱՏՈՐԸ

ԱՒԻԿ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՒ ԻՐ «ԲԱՐԵ՛Ւ, ՎԱՐՊԵՏ» ՀԱՏՈՐԸ

April 9, 2011

Գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, դասախօս եւ մշակութային գործիչ Աւիկ Իսահակեանի «Բարե՛ւ, Վարպետ» անուն հաստափոր հատորը (838 էջ) կը հանդիսանայ շուրջ 40-ամեայ հետեւողական պրպտումներու, գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու ամբողջական ժողովածուն: «Իսահակեանը ... Շարն.

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ» ԱԶԴԱՐԱՐԸ

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ» ԱԶԴԱՐԱՐԸ

April 9, 2011

                Ո՛վ հայ ժողովուրդ, ո՛վ դու դարաւոր Ազատամարտի վսեմ արեան մէջ մկրտուած զինուո՜ր Ինչո՞ւ ես ճնշում զայրոյթը անշէջ, Որ մրրկում է յօշոտուած հոգիդ... ... Շարն.

80-ԱՄԵԱԿԴ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ, ՎԱՍՏԱԿԱՇԱ՛Տ ՆԱՀԱՊԵՏ

80-ԱՄԵԱԿԴ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ, ՎԱՍՏԱԿԱՇԱ՛Տ ՆԱՀԱՊԵՏ

March 30, 2011

Արդեօք կարիքը կար հայ թատրոնի եւ շարժապատկերի եզակի վարպետ Սօս Սարգսեանի ծննդեան 80-ամեակը նշող թատերական ներկայացումներու շաբաթին, որպէսզի անդրադառնայինք, որ Աստուած ինչպիսի հրաշալի արմաղանով մը պարգեւատրած է մեզ: Մի՞թէ անհրաժեշտ ... Շարն.

«ՉԿՇՏԱՑԱՅ ԻՄ ԵՐԿՐԻՑ»…

March 30, 2011

Սօս Սարգսեանը 80 տարեկան է: Օրեր առաջ մամուլն ու հեռուստատեսութիւնը անդրադարձան տաղանդաւոր արտիստի յոբելեանին: Նոյեմբերի վերջին հայ թատրոնի ու կինոյի նահապետի յոբելեանը կը նշուի նաեւ պետականօրէն: Այս փաստին ինքը` վարպետը, ... Շարն.

ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽԱՂԱՑԱԾ ԴԵՐԵՐԸ

ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽԱՂԱՑԱԾ ԴԵՐԵՐԸ

March 30, 2011

ԹԱՏՐՈՆԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՏԱՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԻ ԹԱՏՐՈՆ 1949 - Հետախոյզները` գեներալ-լեյտենանտ 1649 - Փաթիկ` սպայ 1949 - Քեռի Թոմի խրճիթը` Ճորճ 1950 - Կախարդական տակառը` Հովիւ Բահիր Գ. ՍՈՒՆԴՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ... Շարն.

ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԿԱՐԳՈՎ. ԱԼԻՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԱՆՈՒՆ ՄԸ, ՈՐ Կ՛ԱՐԺԷ ՄԻՏՔ ՊԱՀԵԼ

ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԿԱՐԳՈՎ. ԱԼԻՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԱՆՈՒՆ ՄԸ, ՈՐ Կ՛ԱՐԺԷ ՄԻՏՔ ՊԱՀԵԼ

March 19, 2011

«– Ուխտը Աստծոյ առջեւ քո հաւատարմութիւնն ապացուցելու ամենաճշմարիտ կերպն է: Դրանով Նրան համար անում ես գերագոյնը, ինչ թւում է, թէ վեր է մարդկային ուժերից, վեր է օրէնքից, վեր է անգամ ... Շարն.