Category: Գաղութային
Հայ Գրատպութեան 500-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ Հայկազեան Համալսարանը Կը Մեծարէ Լիբանանի Հայկական Հրատարակչատուները
Սապունճեան. «Մտաւոր Արտադրութիւնը Գրաւականն Է Առողջ Ընկերութեան» Հայկազեան համալսարանը կը շարունակէ Հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Այս առիթով համալսարանի չորրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ին, հովանաւորութեամբ եւ ... Շարն.
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցի. Մարկարիթա Փիլեքա Հիլալի Սրբապատկերներու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան նորաստեղծ Մշակութային հանդիպումներ ընկերակցութեան, երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Ուրախութեամբ կ՛ուզենք հաղորդել մեր արուեստասէր ժողովուրդին, որ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Երգ երգոց» մրցանքի մրցանակակիրներ Ալիս Իբրաճեան եւ Վարանդա Եագուպեան` գլխաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի ... Շարն.
Գահիրէի Հայութիւնը Մտահոգիչ Պահեր Կ՛ապրի
Գահիրէէն «Ազդակ»-ին կը յայտնեն, որ Գահիրէի մէջ վերջին դէպքերը պատճառ դարձած են, որ տեղւոյն հայ գաղութը դարձեալ ապրի մտահոգիչ պահեր: Թէեւ անմիջական ապահովական սպառնալիքներ չկան, սակայն հայկական ակումբները եւ Ազգային ... Շարն.
ՀԿՀՄ. «Պրայթ 2013»` Համալսարանական Արեւելումին Նպաստող Քաջալերական Եւ Օգտաշատ Նախաձեռնութիւն Մը
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), երէկ` երկուշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պրայթ 2013» համալսարանական ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում
Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Ռայի պատրիարք Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Պքերքէի մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ: Վեհափառ հայրապետը ... Շարն.
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ ականուած ինքնաշարժի պայթում մը արձանագրուեցաւ Դամասկոսի Ֆահամէ արուարձանին մէջ, իսկ պայթուցիկ սարքի պայթում մը` Միտան թաղամասին մէջ` նիւթական վնասներ պատճառելով: Ըստ «Ազդակ»-ի ... Շարն.
Ժողովրդային Փառատօն` Ֆանարի Ս. Մատրան Հիմնադրութեան 40-ամեակին Առիթով
Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ֆանարի Ս. մատրան հիմնադրութեան 40-ամեակը: Շաբաթ, 8 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 12:00-էն սկսեալ, մատրան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն, որ կ՛ընդգրկէր խաղեր, տաղաւարներու մէջ զանազան ... Շարն.
ՀՅԴ 122-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 122-ամեակի հանդիսութիւն: Ներկայութեամբ գիւղի հոգեւոր պետերուն, ՀՅԴ ... Շարն.
«Ազդակ»-ի 2013-Ի Բացառիկը
Խմբագրման վերջին հանգրուանին մէջ է «Ազդակ»-ի 2013-ի բացառիկը: Աւանդութիւնը կը շարունակուի: «Ազդակ»-ի բացառիկին կը մասնակցին լիբանանահայ հրապարակագիրներուն առընթեր հայրենիքէն եւ սփիւռքեան գաղութներէն հրապարակագիրներ ու մամլոյ աշխատակիցներ` բացառիկի բովանդակութեան ապահովելով հայկական ... Շարն.
Երեւանի Մէջ Եգիպտոսի Դեսպանութիւնը Կ՛արձագանգէ «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքին
Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի խմբագրութիւնը հետեւեալ ելեկտրոնային նամակը ստացաւ Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի դեսպանութեան մամլոյ եւ տեղեկատուական բաժանմունքէն. «Պատիւ ունինք ձեր հետ հաղորդակցելու, այնքան ատեն որ կը ներկայանաք իբրեւ Հայաստանի ... Շարն.
Աստուածաբանութեան Ուսանողներու Այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք
11-րդ տարին ըլլալով` Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանի (Նիր Իսթ Սքուլ աֆ Թէոլոճի) զանազան երկիրներէ ժամանած քսան ուսանողներ, իրենց պատասխանատու դոկտ. Ժորժ Սապրայի գլխաւորութեամբ, չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2012-ին այցելեցին Մեծի Տանն ... Շարն.
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» Կեդրոնի Ամանորեան Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ Հայկական Աւանդական Կաղանդի Տօնավաճառ
Հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի, երէկ` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀԲԸՄ-ի Անթիլիասի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական աւանդական Կաղանդի տօնավաճառին: ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի տիկնանց համախմբումին ... Շարն.
Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Ուղերձը` Լիբանանահայութեան. «Մենք Պէտք Է Ջանք Չխնայենք Էլ Աւելի Զարգանալու, Համախմբուելու Եւ Հզօրանալու Առումով»
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շրջանակներում իրականացուող ծրագրերը մշտապէս առնչուել եւ առնչւում են Հայաստանի եւ Արցախի համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող ոլորտների հետ` Ճանապարհաշինութիւն, գիւղատնտեսութիւն, դպրոցաշինութիւն, ջրամատակարարում, առողջապահութիւն, մշակոյթ եւ այլն: ... Շարն.
Շահէն Խաչատրեանին Այցելութիւնը «Ազդակ»
Երէկ առտու «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան հետ տեսակցելու համար խմբագրատուն այցելեց հայրենի վաստակաւոր արուեստաբան, Ս. Էջմիածնի «Խրիմեան հայրիկ» թանգարանի տնօրէն Շահէն Խաչատրեան: Հիւրին կ՛ընկերանային «Կամար»-ի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան եւ Ռուպինա Ճիկերեան: Օգտաշատ ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Հազիմ Պատրիարքի Վախճանման Առիթով
Հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, անմիջապէս որ իմացաւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքի վախճանման լուրը, Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատելով Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աուտէ ... Շարն.
Մամլոյ Եւ Խմբագիրներու Սենտիքաներ. Լրագրող Եւ Խմբագիր Մանուէլ Գազանճեանի Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի մամլոյ եւ խմբագիրներու սենտիքաներուն, երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող եւ խմբագիր Մանուէլ ... Շարն.
Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Տոքթ. Ռոտոլֆ Ֆրանժի Դասախօսեց Սրտանօթային Հիւանդութիւններուն Վերաբերող Նոր Դեղամիջոցներու Մասին
Տոքթ. Ռոտոլֆ Ֆրանժի Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան կեդրոնատեղիին մէջ բժշկագիտական դասախօսութիւն մը տուաւ սրտանօթային հիւանդութիւններու վիրաբուժ Ռոտոլֆ Ֆրանժի: Բարի գալուստի խօսքը ... Շարն.
Իրավիճակը Հալէպի Մէջ
Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Բերիոյ Թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ հաղորդեց, թէ հակառակ ժամանակէ մը ի վեր համեմատաբար հանդարտ նոյն իրավիճակի շարունակութեան, յամենայն դէպս երէկ ... Շարն.
«Պէյրութը Կ՛երգէ» Հոգեւոր Երաժշտութեան 5-րդ Փառատօն. Զաքար Եւ Կամիլա Քէշիշեաններ Հանդիսատեսներուն Անգամ Մը Եւս Ներկայացուցին Բարձրորակ Արուեստ
Երէկ` չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պէյրութը կ՛երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի համերգներու շարքին Քափուչինեան միաբանութեան Ս. Լուիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական խճանկար Գ.» հոգեւոր ելոյթը` կատարողութեամբ ... Շարն.

