Category: Մարզական

Մովսիսեան Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան

Մովսիսեան Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան

November 29, 2013

Իր լուրը քաղելով Սպարտակ Մոսկուայի պաշտօնական կայքէջէն, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան: Ռուսական ակումբի բժշկական անձնակազմի ... Շարն.

Հայաստան Իր Դէմ Պիտի Ունենայ Ազրպէյճանը

November 29, 2013

Երէկ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2014-2015 տարեշրջանի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Դ. խմբակին, իր ... Շարն.

Իպրահիմովիչ. «Ինծի Պէտք Չէ «Ոսկի Գնդակը», Որպէսզի Հասկնամ, Որ Լաւ Եմ»

Իպրահիմովիչ. «Ինծի Պէտք Չէ «Ոսկի Գնդակը», Որպէսզի Հասկնամ, Որ Լաւ Եմ»

November 29, 2013

Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ Օլիմփիաքոսի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակէն ետք (2-1) ըսաւ, որ իրեն համար կարեւոր է իմանալ, թէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի փլէյ-օֆի մրցումներուն իր կազմը որո՞ւն ... Շարն.

«Էն. Պի. Էյ.». Փէյսըրզի 14-րդ Յաղթանակը, Իսկ Սփըրզի 2-րդ Պարտութիւնը

November 29, 2013

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 13 մրցումներ: Նշենք, որ այսօր որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ: Ինտիանա Փէյսըրզ, որ ցարդ կրած է միայն պարտութիւն մը, արձանագրեց ... Շարն.

Կարլեն Մկրտչեան Վիրաւորուեցաւ

Կարլեն Մկրտչեան Վիրաւորուեցաւ

November 29, 2013

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Անժի Մախաչքալայի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան, որ վիրաւորուեցաւ, իր կազմին կատարելիք քանի մը մրցումներէ պիտի բացակայի, յայտնեց ակումբին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութիւնը: Անիկա յոյս յայտնեց, որ ... Շարն.

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Պաշտօնական Նամակ Մը Յղեց ՖԻՊԱ-ին

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Պաշտօնական Նամակ Մը Յղեց ՖԻՊԱ-ին

November 28, 2013

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր բոլոր անդամներով ներկայացուց իր հրաժարականը: Այս իրողութենէն մեկնելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը ՖԻՊԱ-ին յղեց յատուկ նամակ մը` մանրամասնօրէն ներկայացնելով կատարուածը: ... Շարն.

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Եգիպտոսի. Ռուսիա Եւ Չինաստան Պարտուեցան

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Եգիպտոսի. Ռուսիա Եւ Չինաստան Պարտուեցան

November 28, 2013

Հայաստան - Եգիպտոս երէկուան մրցումէն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Եգիպտոսի դէմ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-1 ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Տասը Մարզիկով Ջախջախեց Կալաթասարայը` 4-1 Արդիւնքով

November 28, 2013

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ: Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց թրքական Կալաթասարայը, տասը մարզիկով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` 4-1 արդիւնքով: 26-րդ ... Շարն.

Գէորգ Ղազարեան Պայմանագիր Ստորագրեց Շախտիոր Քարականտայի Հետ

Գէորգ Ղազարեան Պայմանագիր Ստորագրեց Շախտիոր Քարականտայի Հետ

November 28, 2013

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Գէորգ Ղազարեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Շախտիոր Քարաքանտայի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` իր լուրը քաղելով Sports.kz կայքէջէն: Ամրան ընթացքին, մարզիկներու փոխանցման ... Շարն.

Հայաստանի Մէջ Ամէնէն Շատ Սիրուած Խումբը Պորուսիա Տորթմունտն Է

Հայաստանի Մէջ Ամէնէն Շատ Սիրուած Խումբը Պորուսիա Տորթմունտն Է

November 28, 2013

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, Arm,Sport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի մէջ ամէնէն շատ սիրուած եւ ժողովրդականութիւն ունեցող խումբերուն: Հայկական աղբիւրը կը շարունակէ նշելով, որ այս ամրան ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ... Շարն.

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 24 Ճակատումներ

November 28, 2013

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին այսօրուան յայտագիրը պիտի ըլլայ բաւական ճոխ` նկատի ունենալով, որ պիտի կատարուին 24 մրցումներ` 12 խմբակներու մէջ: Հետաքրքրական պիտի ըլլան մասնաւորաբար Պորտօ - Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ, Լիոն - ... Շարն.

«Էն. Պի. Էյ.». Ուիզըրտծ Յաղթեց Լէյքըրզի` 116-111 Արդիւնքով

November 28, 2013

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկուան ճակատումներուն մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, որ 116-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը: Պրուքլին Նեթց, որ իր վերջին յաղթանակը արձանագրած ... Շարն.

Վիրաւոր Էթուի Մասին Այսօր Յստակ Գաղափար Մը Կը Տրուի

Վիրաւոր Էթուի Մասին Այսօր Յստակ Գաղափար Մը Կը Տրուի

November 28, 2013

Լոնտոնեան Չելսի ակումբին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այսօր յստակ գաղափար մը կը տրուի, թէ յառաջապահ Սամուէլ Էթու ինչքա՛ն դաշտերէն պիտի բացակայի: Անոր վրայ կատարուած քննութիւնները յստակ պիտի ... Շարն.

Քլոփ Նեղացած Է Տորթմունտի Բաժնետէրերէն Մէկուն` Խումբին Հասցէին Կատարած Դիտողութենէն

Քլոփ Նեղացած Է Տորթմունտի Բաժնետէրերէն Մէկուն` Խումբին Հասցէին Կատարած Դիտողութենէն

November 28, 2013

Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ իր դժգոհութիւնը յայտնեց ակումբին բաժնետէրերէն մէկուն` խումբին հասցէին կատարած դիտողութենէն: Այդ բաժնետէրերէն մէկը ըսած է, որ ակումբին ֆութպոլիստները շատ յաճախ բարձր կը հարուածեն: Քլոփ պէտք ... Շարն.

Մարսելօ` Ապաքինած

Մարսելօ` Ապաքինած

November 28, 2013

Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ, որ փորձերու ընթացքին վիրաւորուած էր եւ բացակայած իր ակումբին կատարած վերջին «Լա լիկա»-ի մրցումներէն, յայտարարեց, որ արդէն իսկ ապաքինած է իր ստացած վնասուածքէն: «Ինքզինքս բաւական ... Շարն.

Մուրինիօ. «Փրեմիեր Լիկ»-ը` Աշխարհի Լաւագոյնը»

Մուրինիօ. «Փրեմիեր Լիկ»-ը` Աշխարհի Լաւագոյնը»

November 28, 2013

Չելսիի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ «Փրեմիեր լիկ»-ը կը հանդիսանայ աշխարհի լաւագոյնը: Մուրինիօ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին աշխատած է Փորթուգալի, Անգլիոյ, Իտալիոյ եւ ... Շարն.

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն.  Ռուսիա – Հայաստան` 2-2

Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Ռուսիա – Հայաստան` 2-2

November 27, 2013

Ռուսիա - Հայաստան երէկուան մրցումէն Երէկ` երեքշաբթի, 26 նոյեմբերին, Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ սկսաւ ճատրակի աշխարհի տղոց խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ գործող ախոյեան Հայաստան: Ա. հանգրուանին ... Շարն.

Քոնկ Ֆուի Լիբանանի Անկախութեան Ախոյեանութիւն (12-17 Տարեկան).  Անթունիէ Տիրացաւ Տիտղոսին

Քոնկ Ֆուի Լիբանանի Անկախութեան Ախոյեանութիւն (12-17 Տարեկան). Անթունիէ Տիրացաւ Տիտղոսին

November 27, 2013

Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնը 2013-2014 տարեշրջանը բացաւ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած ախոյեանութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Պել Հորիզոն ակումբին մէջ (Ատմա)` մասնակցութեամբ 70 երկսեռ մարզիկներու (12-17 տարեկան), որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այաքս Ամսթերտամ Տասը Մարզիկով Յաղթեց Պարսելոնայի

«Չեմփիընզ Լիկ». Այաքս Ամսթերտամ Տասը Մարզիկով Յաղթեց Պարսելոնայի

November 27, 2013

Այաքս Ամսթերտամ - Պարսելոնա մրցումէն Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան ութ ճակատումներ: Մեծագոյն եւ կարեւորագոյն անակնկալը ստեղծեց Այաքս Ամսթերտամ, որ իր ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Հրապարակուեցաւ Բաժակի 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Հրապարակուեցաւ Բաժակի 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը

November 27, 2013

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Ֆետերասիոնը հրապարակեց նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ... Շարն.