Category: Մարզական
Լիբանանի Դահուկարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք 2012-2013 տարեշրջանին արձանագրուած արդիւնքներն ու Լիբանանի մասնակցութիւնը` միջազգային տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն, հրապարակեց 2014 տարեշրջանին իր գործադրելիք յայտագիրը: Այս ժողովը տեղի ունեցաւ ... Շարն.
Չեխիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը
Փաւել Վրպա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Վիքթորիա Փլզենի մարզիչ Փաւել Վրպա նշանակուեցաւ Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` փոխարինելով Միշալ Պիլեքը, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով եւ 2014-ի ... Շարն.
Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի Ընտրութիւններ. Սելիմ Հաժ Նիքոլա Նախագահ` 7-րդ Անգամ Ըլլալով
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին կազմուեցաւ 17 անդամներէ բաղկացած նոր կազմը: Սելիմ Հաժ Նիքոլա 7-րդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ ակումբի նախագահ: Նախապէս ան նախագահ ... Շարն.
Ռոնալտինիօ Յոյս Ունի, Որ Մասնակցի 2014-ի Մոնտիալին
Աթլեթիքօ Մինէյրոյի մաս կազմող միջնապահ-յառաջապահ դիրքի վրայ ելոյթ ունեցող Ռոնալտինիօ յոյս յայտնեց, որ իր երկրին` Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 2014-ի Մոնտիալին, յայտնեց ArmSport.am հայկական լրատուական ... Շարն.
Թիակօ Սիլվա Չէ Քուէարկած Ի Նպաստ Ռիպերիի
Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Թիակօ Սիլվա իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի ընտրութեան ընթացքին ինք չէ քուէարկած ի նպաստ Ֆրանք Ռիպերիին, ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա` Մեծագոյն Յաղթականը. Տիւրընթ` Ամէնէն Շատ Կէտ Նշանակողը
Քեւին Տիւրընթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան վեց մրցումներ: Օքլահոմա Սիթի հանդիսացաւ մեծագոյն յաղթականը` 115-113 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Տենվըր Նակեթցը: Երէկուան այս մրցումներուն ամէնէն շատ ... Շարն.
Ռէալ Մատրիտ Խըտիրան Փոխարինող Մը Պիտի Չփնտռէ
Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յայտարարեց, որ ակումբի միջնապահ գերմանացի Սեմի Խըտիրայի փոխարէն այլ մարզիկ մը պիտի չփնտռէ` նկատի ունենալով, որ ինք համոզուած է, որ Այսեր Իլիարամենտ եւ Քասեմիրօ ի ... Շարն.
Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Հրաժարեցաւ
Լիբանանեան լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրաժարեցաւ։ Որոշուեցաւ նոր ընտրութիւնները կայացնել 14 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17։00-ին, Սանթրալի դաշտին մէջ (Ժունիէ)։ Շարն.
Հեծելարշաւ. Լիբանանի Անկախութեան Մրցում. Ապու Ռաշիտ Տիրացաւ Առաջնութեան. Թապպալ Հանդիսացաւ Երկրորդ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի ճամբու մրցում մը՝ մասնակցութեամբ ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած 5 ակումբներու 16 հեծելանւորդներու, ինչպէս նաեւ շարք մը մարզիկներու, որոնք ... Շարն.
Ճատրակ. Մկրտչեան Տիրացաւ Արծաթէ Մետալին, Իսկ Արոնեան՝ Պրոնզին
Երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) հաղորդեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) աւարտած Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, թէեւ ... Շարն.
Ճատրակ. Ճիօ Գալուստ Եւ Նանօր Արնելեան Հանդիսացան Առաջին
Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 17 նոյեմբերին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 40 երկսեռ ... Շարն.
Եւրոպայի 2015-ի Ախոյեանութիւն. Պիելոռուսիա – Հայաստան Մրցումին Իրաւարարները՝ Ալպանիայէն
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպայի 2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Պիելոռուսիա - Հայաստան մրցումին (21 տարեկանէն վար) իրաւարարները պիտի ըլլան ... Շարն.
Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով. Վազքի Մրցում՝ Ռաշայայի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Ռաշայայի քաղաքապետութեան, կիրակի, 17 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ վազքի մրցում մը՝ Լիբանանի անկախութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով։ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հովանաւորութիւնը վայելող վազքի այս մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը ... Շարն.
2014-ի Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Այսօր Կը Յստականան Պրազիլի Իրենց Տոմսերը Ապահովող 4 Խումբերուն Անունները
Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ այսօր՝ երեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, տեղի պիտի ունենան ճակատագրական չորս մրցումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ չորս խումբեր պիտի ապահովեն 2014-ի Մոնտիալի իրենց տոմսերը. աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ... Շարն.
Տել Պոսքէ Սպանիոյ Մարզիչ՝ Մինչեւ 2016
Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով՝ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ ըսաւ, որ մինչեւ 2016 համաձայն գտնուեցաւ մնալու իր պաշտօնին վրայ՝ համաձայնութիւն մը կնքելէ ետք Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Պլէյզըրզ Յաղթեց Ռեփթըրզի՝ Երկարաձգումէն Ետք
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան երեք ճակատումներուն, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ յաջողեցաւ յաղթել Թորոնթօ Ռեփթըրզի՝ երկարաձգման ընթացքին, 118-110 արդիւնքով։ Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Մեմֆիս Կրիզլիզ եւ ... Շարն.
«Անգլիա Կրնայ Տիրանալ 2014-ի Մոնտիալի Տիտղոսին» Կ՛ըսէ Ռիօ Ֆերտինանտ
Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր երկիրը՝ Անգլիա, կրնայ տիրանալ 2014-ի Մոնտիալի տիտղոսին։ Sportmole.ro.uk կը հրապարակէ Ֆերտինանտի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Մեր բոլոր տղաքն ալ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Փղոսկրեայ Ափունք Եւ Քամերուն Ապահովեցին Պրազիլի Իրենց Տոմսերը
Հարաւային Ափրիկէի սահմանագօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, հակառակ անոր որ Փղոսկրեայ ափունք 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սենեկալի հետ, սակայն ապահովեց Պրազիլի իր տոմսը՝ նկատի ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Անկախութեան Մրցաշարք. Հոմսի Եւ Հարպ Տիրացան Խառն Զոյգի Տիտղոսին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան բաժակի մրցաշարքը՝ 21 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ։ Փաթրիսիա Հոմսի (Ժամհուր) - Ահմետ Մուսթաֆա ... Շարն.
Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղաքն Ու Աղջիկները՝ Առանց Մետալի
Երէկ՝ կիրակի, 17 նոյեմբերին, Լեհաստանի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները։ Հայաստանի տղաքն ու աղջիկները մնացին առանց մետալի՝ նկատի ... Շարն.

