Category: Մարզական
Տիգրան Քոթանճեան Յատուկ Ցուցմունքներ Փոխանցեց Պատանի Ճատրակ Խաղացողներուն
Երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, խումբ մը պատանի ճատրակ խաղացողներ հանդիպում մը ունեցան հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեանի հետ, որմէ ստացան յատուկ ցուցմունքներ եւ որոշ ուղղութիւններու ծանօթացան` ճատրակի մրցում մը ... Շարն.
Երկօրեայ Մարզումներ` Նոր Գլխաւոր Մարզիչին Գլխաւորութեամբ
Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը երէկ ֆութպոլի ակադեմիային դէմ սկսաւ իր մարզումներուն` առաջին անգամ ըլլալով նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորութեամբ: Այդ մարզումները կ՛աւարտին այսօր: Այս երկօրեայ հաւաքին ... Շարն.
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Հովանաւորած Մինի Ֆութպոլի 4-րդ Մրցաշարքը Աւարտեցաւ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ «ՎԻՎԱՍԵԼ-Էմ. Թի. Էս.»-ի հովանաւորած մինի ֆութպոլի 4-րդ մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ «Կրանտ Սփոր» մարզահամալիրին մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին ... Շարն.
Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնի Մասնակի Ընտրութիւններ
Նախանցեալ օր տեղի ունեցան Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մասնակի ընտրութիւնները` ներկայութեամբ` միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրիի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալի Խալիլի: Այս ընտրութիւններուն ներկայ եղան քուէարկութեան իրաւունք ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Ռիատի Պարտուեցան
Հուփս - Սաժես մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան արձանագրուեցան երկու անակնկալներ, որոնց ընթացքին պէյրութեան երկու զօրաւոր կազմեր` Ռիատի ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն
Նախանցեալ օր, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի տղոց խմբային ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 խումբեր, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանանի հինգ ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Տորթմունտ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը` Մրցումին Կորսուած Վայրկեաններուն Երկու Կոլ Նշանակելով
Պորուսիա Տորթմունտի յաղթական մարզիկները Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի դարձի ծիրին մէջ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Ռէալ Մատրիտ ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց ... Շարն.
Ճատրակ. Հայ Խաղացողները Յաղթանակով Սկսան Տուպայի Մրցաշարքը
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ճատրակի ողիմպիականի Հայաստանի բազմակի ախոյեանները յաջողութեամբ սկսած են Տուպայի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը: Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն` հայկական աղբիւրը կը նշէ ըսելով, որ ... Շարն.
Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Ռուսիոյ Հաւաքականին Մաս Կազմեցին Երեք Հայ Կռփամարտիկներ
Յառաջիկայ 30 մայիսէն 9 յունիս Մինսքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութիւնը: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ հաւաքականին մաս կազմեցին երեք հայ կռփամարտիկներ: Հաւաքականին գլխաւոր աստղը պիտի ... Շարն.
Տիգրան Քոթանճեան` Լիբանանի Մէջ
Նախաձեռնութեամբ եւ յատուկ հրաւէրովը ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, երէկ Լիբանան ժամանեց հայրենի ճատրակի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան: Անոր Լիբանան ժամանումը ունի երկու պատճառ: Նախ եւ առաջ ան ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Մրցումներուն Դասաւորումը
«ԱԶԴԱԿ»-ի երէկուան մարզական էջով տուինք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցումներուն արդիւնքները: Այսօրուան մեր էջով կու տանք փոքր, միջակ եւ մեծ տղոց խումբերուն դասաւորումը: Նշենք, որ ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Մալակա Եւ Կալաթասարայ – Ռէալ Մատրիտ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան երկուքական ճակատումներ: Այդ չորս մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, չորս խումբեր դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն, ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Միքա – Շիրակ` 0-0
Արարատ - Գանձասար մրցումէն Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ հանեց Միքան (2-րդ) եւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Շիրակը, աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Իր ... Շարն.
Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ժողով
Նախորդ շաբաթավերջին, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը Անսար ակումբին մէջ գումարեց իր շաբաթական հերթական ժողովը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըրի: Պատըր յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ ֆետերասիոնին գործունէութիւնը ըլլայ աշխուժ, թէ` տեղական եւ ... Շարն.
Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հենրիխ Մխիթարեան Կերտեց Շախտիոր Տոնեցքի Յաղթանակը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Շախտիոր Տոնեցք Տինամօ Քիեւի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Տոնեցքի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի ... Շարն.
Ճատրակ. ՖԻՏԷ-ի Կրան Փրիի Մրցաշարք. Էլինա Դանիէլեան Պիտի Մասնակցի 4 Հանգրուանի Մրցումներուն
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (Armchess.am)` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ հայրենի կրանտմասթըր Էլինա Դանիէլեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ՖԻՏԷ-ի կրան փրիի մրցաշարքի 4 հանգրուանի մրցումներուն, որոնք ... Շարն.
Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Էտկար Մանուչարեան Հեթրիք Մը Իրագործեց
Երէկ, Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ուրալ, որ հիւրընկալեց Սիպեր Նովոսիպիրսքը, 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր մեծ եւ ... Շարն.
Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Լիբանանի 10 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ախոյեան
Նանօր Առնելեան (ձախին) Նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր վարժարանին մէջ սկսան Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ (տղաք եւ աղջիկներ)` մասնակցութեամբ շուրջ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մեծ Քայլերով Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Շաբաթ, 6 ապրիլ 2013-ին, աւարտեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները, երբ ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելով եւ 3-0 արդիւնքով յառաջանալով յաջորդաբար Մութթահետ Թրիփոլիի ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասըր` 1-4
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Հիլալ Նասըր մրցումը, որ կ՛իյնայ Լեռնալիբանանի նահանգի Ե. խմբակի մրցումներուն ... Շարն.

