Category: Մարզական
Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւն. Այսօր` 2012-ի Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնի Լաւագոյն Լուսանկարիչին Ընտրութիւնը
Պէյրութի մարաթոնի միութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր` ուրբաթ, 18 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող «Վըրճըն» վաճառատան մէջ տեղի պիտի ունենայ 2012-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնի լաւագոյն ... Շարն.
«Օրին Մէկը Անգլիա Վերադարձը Լաւագոյնն Է» Կ՛ըսէ Մուրինիօ
Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, որուն պաշտօնը վտանգուած կը թուի ըլլալ Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմին հետ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին կ՛ըսէ, որ օրին մէկը Անգլիա վերադարձը լաւագոյնն է իրեն համար` ... Շարն.
Փեփ Կուարտիոլա Նշանակուեցաւ Պայէրն Միւնիխի Մարզիչ
Պայէրն Միւնիխ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Ան մինչեւ 2016 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց պաւարիական ակումբին հետ: Կուարտիոլա, որ իր նոր ... Շարն.
Ըստ IFFHS-ի Մարքուս Մերք` 21-րդ Դարու Լաւագոյն Իրաւարարը
Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան ֆետերասիոնը (IFFHS) 21-րդ դարու լաւագոյն իրաւարարը ընտրեց գերմանացի Մարքուս Մերքը: «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան համաձայն, գերմանացին ստացաւ 135 ձայն: 2-րդ դիրքը 108 ձայնով գրաւեց ուրուկուէյցի Խորխէ Լուսի ... Շարն.
Մեսսի Եւ Ռոնալտօ Դարձեալ Լաւագոյններուն Կարգին` Եու. Է. Էֆ. Ա.ի 2012-ի Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ
Եու. Է. Էֆ. Ա.ի պաշտօնական կայքէջը հրապարակեց 2012-ի խորհրդանշական հաւաքականը` տեղի ունեցած քուէարկութենէն ետք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարածքէն 5,3 միլիոն ֆութպոլասէրներ: Այդ հաւաքականին մաս կը կազմեն Լիոնել Մեսսի ... Շարն.
«Խումբերէն Կէտեր Խլելը Պիտի Օգնէ Ցեղապաշտութեան Նուազումին» Կ՛ըսէ Պլեթըր
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր Անգլիոյ մէջ «Սքայ Սփորթց Նիուզ»-ի հետ իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ ցեղապաշտութեան նուազումին յարմարագոյն լուծում գտնելը խումբերէն ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Պաշտօնական Նոր Կայքէջը
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը երէկ անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական նոր կայքէջին, որ այժմ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ: Անիկա գործադրութեան դրուեցաւ 16 յունուարին, նոյն հասցէին վրայ` www.ffa.am: Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Քահրապա – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 62-80
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Քահրապա - ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը` Քահրապայի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ, որ իր կատարած նախորդ հինգ մրցումներուն յաղթանակ ... Շարն.
Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Պետրոսեան Կորսնցուց Մրցաշարքի Իր Առաջին Կէս Կէտը
Երէկ` չորեքշաբթի, 16 յունուարին, տեղի ունեցած Հայաստանի ճատրակի տղոց 73-րդ ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Տիտղոսակիր Տիգրան Պետրոսեան, որ արձանագրած էր յաջորդական չորս յաղթանակ, կորսնցուց մրցաշարքի իր առաջին կէս կէտը, երբ ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, յայտարարեց, որ յառաջիկայ ամիս` չորեքշաբթի, 6 փետրուարին, Ասիա - Աւստրալիա 2015-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին ... Շարն.
Յառաջիկայ 5 Փետրուարին Հայաստան – Լիւքսամպուրկ Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ յառաջիկայ 5 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ Լիւքսամպուրկի միջեւ: Այս մրցումը տեղի պիտի ... Շարն.
Թենիս. Նալպանտեան Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ Պրազիլի Մրցաշարքին
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Պրազիլի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 11-17 փետրուարին` Սան Փաուլոյի մէջ: Նշենք, որ այս մրցաշարքը ... Շարն.
Ռաֆայէլ Նազարեան Նշանակուեցաւ Փիւնիկի Գլխաւոր Մարզիչ
Իրենց լուրը քաղելով Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքէջէն` հայկական լրատու աղբիւրներ երէկ նշեցին, որ Բանանց Երեւանի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան նշանակուեցաւ Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ: Այս պաշտօնը, ժամանակաւորապէս կը վարէր ... Շարն.
Հայրենի Ծանրաբարձները 2013-ին Պիտի Մարզուին 1450 Ժամ
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջէն` «Ա1» հայկական լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը նախապատրաստական աշխատանքներու իր չորս տարուան ծրագիրը պատրաստած է: Ըստ այդ ... Շարն.
Մուրինիօ – Ռոնալտօ Բարձրաձայն Վիճաբանութիւն` Հանդերձարանին Մէջ
Իր լուրը քաղելով Superdeporte կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ռէալ Մատրիտ - Վալենսիա Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած ճակատումէն ետք, հանդերձարանին ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Քլիփըրզ Յաղթեց. Քրոֆորտ Նշանակեց 30 Կէտ
Էն. Պի. Էյ.ի` պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, թէեւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ դաշտ ներկայացաւ առանց Քրիս Փոլի, սակայն անիկա 117-109 արդիւնքով յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցի: Յաղթական կազմին ... Շարն.
Հրապարակաւ Իր Կատարած Յայտարարութեան Ընթացքին Լենս Արմսթրոնկ Խոստովանեցաւ, Որ Խթանիչ Դեղեր Գործածած Է
Ամերիկայի անուանի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկ հրապարակաւ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին խոստովանեցաւ, որ խթանիչ դեղեր գորածածած է: Ինչպէս ծանօթ է, հոկտեմբեր 2012-ի վերջը Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը որոշեց 41 տարեկան Արմսթրոնկը ցմահ ... Շարն.
Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Պետրոսեան Կը Շարունակէ Իր Յաղթարշաւը
Հայաստանի ճատրակի տղոց 73-րդ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, որոնք տեղի ունեցան երէկ, տիտղոսակիր Տիգրան Պետրոսեան արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` պարտութեան մատնելէ ետք Տիգրան Քոթանճեանը: Պետրոսեան, որ այժմ ունի 4 ... Շարն.
Կիրակի, 20 Յունուարին` Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Ժողովը
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը լիբանանեան Ա., Բ., Գ. եւ Դ. ակումբները հրաւիրեց ընդհանուր ժողովի, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 20 յունուարին` «Քորալ Պիչ» պանդոկի «Ամպասատոր» սրահին ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթիզմի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ որ արդէն իսկ սկսած են աթլեթիզմի փորձերը` նախորդ դեկտեմբերէն սկսեալ եւ կը շարունակուին ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 8:00-էն 10:00, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ... Շարն.

